Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ

Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ

Գլուխ 102

Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ

ՅԱՋՈՐԴ առաւօտ, Կիրակի՝ Նիսան 9–ին, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կը մեկնի Բեթանիայէն եւ Ձիթենեաց Լերան վրայով կ’ուղղուի դէպի Երուսաղէմ։ Շատ չանցած, անոնք Բեթփագէ կը մօտենան, որ Ձիթենեաց Լերան վրայ կը գտնուի։ Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքին կը պատուիրէ.

«Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։

Թէեւ աշակերտները նախ չեն հասկնար թէ այս պատուէրը Աստուածաշունչի մարգարէութեան հետ կապ ունի, սակայն հետագային կը հասկնան։ Զաքարիա մարգարէն նախագուշակած էր թէ Աստուծոյ խոստացեալ Թագաւորը Երուսաղէմ պիտի մտնէ իշու մը վրայ հեծած, այո, «իշու ձագի, աւանակի վրայ»։ Սողոմոն Թագաւորն ալ նմանապէս աւանակի մը վրայ հեծած էր՝ իր օծման ժամանակ։

Երբ աշակերտները Բեթփագէ կը մտնեն, եւ էշը ու աւանակը կ’առնեն, հոն կայնողներէն ոմանք կը հարցնեն. «Ի՞նչու կ’արձակէք այդ աւանակը»։ Սակայն երբ կ’ըսեն թէ Տէրոջը համար է, անոնք թոյլ կու տան որ զանոնք Յիսուսին տանին։ Աշակերտները իրենց հանդերձները կը դնեն իշուն եւ աւանակին վրայ, սակայն Յիսուս աւանակին վրայ կը նստի։

Մինչ Յիսուս աւանակին վրայ հեծած Երուսաղէմ կը մտնէ, բազմութիւնը կը շատնայ։ Մարդոցմէ շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռեն, մինչ ուրիշներ՝ ծառերէն ճիւղեր կը կտրեն ու ճամբուն վրայ կը տարածեն։ «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ», կ’աղաղակեն անոնք։

Ամբոխին մէջ գտնուող Փարիսեցիներէն ոմանք կը բարկանան այս յայտարարութիւնները լսելով եւ Յիսուսի կը գանգատին, ըսելով. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ Սակայն Յիսուս կը պատասխանէ. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։

Մինչ Յիսուս Երուսաղէմի կը մօտենայ, քաղաքը տեսնելով կու լայ անոր վրայ, եւ կ’ըսէ. «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ»։ Երուսաղէմ իր կամակոր անհնազանդութեան գինը պէտք է վճարէ, ինչպէս Յիսուս կը նախագուշակէ, ըսելով.

«Թշնամիներդ [Հռովմէացիք՝ Տիտոս Զօրավարի հրամանատարութեամբ] քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ»։ Յիսուսի կողմէ նախագուշակուած այս կործանումը իրապէս կը պատահի 37 տարի ետք, Հ.Դ. 70–ին։

Անկէ քանի մը շաբաթ առաջ, ամբոխէն շատեր տեսած էին Յիսուսի Ղազարոսը յարուցանելը։ Այժմ ասոնք ուրիշներու կը պատմեն այս հրաշքին մասին։ Ուստի երբ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ, ամբողջ քաղաքը իրար կ’անցնի։ «Ո՞վ է աս» ըսելով կ’ուզեն գիտնալ անոր մասին։ Շատեր կ’ըսեն. «Ասիկա Յիսուս մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։ Եղած բաները տեսնելով, Փարիսեցիները կ’ողբան որ բան մը չեն կրցած ընել, քանի որ կ’ըսեն. «Ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։

Ըստ իր սովորութեան, Երուսաղէմի մէջ Յիսուս տաճար կ’երթայ սորվեցնելու համար։ Հոն կոյրերը եւ կաղերը իրեն կու գան եւ զանոնք կը բժշկէ։ Երբ քահանայապետներն ու դպիրները կը տեսնեն Յիսուսի ըրած հրաշքները եւ կը լսեն տղոց աղաղակը որ կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», կը բարկանան։ «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք», կը բողոքեն անոնք։

«Այո՛», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթընկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։

Յիսուս կը շարունակէ սորվեցնել, եւ իր շուրջը, տաճարին մէջ ամէն բան աչքէ կ’անցընէ։ Արդէն ժամանակը ուշ է։ Ուստի 12–ին հետ քմ. ճամբորդելով, Բեթանիա կը վերադառնայ։ Կիրակի գիշերը հոն կ’անցընէ, հաւանաբար իր բարեկամին՝ Ղազարոսի տունը։ Մատթէոս 21։1-11, 14-17. Մարկոս 11։1-11. Ղուկաս 19։29-44. Յովհաննու 12։2-19. Զաքարեայ 9։9

Ե՞րբ եւ ի՞նչ կերպով Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ որպէս Թագաւոր։

Որքա՞ն կենսական է որ ժողովուրդը Յիսուսը փառաբանէ։

Յիսուս ի՞նչ կը զգայ երբ Երուսաղէմը կը տեսնէ, եւ ի՞նչ մարգարէութիւն կու տայ։

Ի՞նչ կը պատահի երբ Յիսուս տաճար կ’երթայ։