Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 19

Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնացի՛ր

Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնացի՛ր
  • Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած սիրել

  • Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ

  • Եհովա ինչպէ՞ս պիտի վարձատրէ իր սիրոյն մէջ մնացողները

Այս փոթորկալից ժամանակներուն, Եհովան ապաւէնդ պիտի ընե՞ս

1, 2. Ներկայիս ո՞ւր կրնանք ապահով ապաւէն մը գտնել։

ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՐ որ փոթորկալից օր մը ճամբան կը քալես։ Երկինքը կը մթագնի, կայծակը կը փայլատակէ եւ ամպերը կ’որոտան, ապա տեղատարափ անձրեւ կ’իջնէ։ Քայլերդ կ’արագացնես, ճարահատ ապաւէն մը փնտռելով։ Յանկարծ ճամբուն եզերքը պատսպարան մը կը նշմարես։ Անիկա ապահով, չոր ու գրաւիչ է։ Որքա՜ն կ’արժեւորես այդ ապահով վայրը։

2 Կ’ապրինք փոթորկալից ժամանակներու մէջ։ Աշխարհի վիճակները հետզհետէ կը վատթարանան։ Բայց կայ ապահով պատսպարան մը՝ ապաւէն մը, որ կրնայ պաշտպանել մեզ մնայուն վնասներէ։ Ի՞նչ է ան։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ. «Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’» (Սաղմոս 91։2

3. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան մեր ապաւէնը ընել։

3 Երեւակայէ. Եհովա՝ տիեզերքի Արարիչն ու Գերիշխանը, կրնայ մեզ պաշտպանող ապաւէն մը ըլլալ։ Ան կրնայ մեզ ապահով վիճակի մէջ պահել, քանի որ մեզի դէմ ելլող ոեւէ անհատէ կամ որեւէ բանէ շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Նոյնիսկ եթէ վնասներ կրենք, Եհովա կրնայ անոնց բոլոր հետեւանքները ջնջել։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան մեր ապաւէնը ընել։ Իրեն վստահելով։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» (Յուդա 21)։ Այո, պէտք է Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնանք, մեր երկնաւոր Հօր հետ սիրոյ կապ պահպանելով։ Միայն ա՛յն ատեն կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան մեր ապաւէնն է։ Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի կապ մը հաստատել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԸՆԴՈՒՆԷ ԵՒ ԱՆՈՐ ԸՆԴԱՌԱՋԷ

4, 5. Եհովա ի՞նչ կարգ մը կերպերով մեզի հանդէպ սէր ցուցաբերած է։

4 Որպէսզի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնանք, պէտք է գնահատենք թէ Եհովա իր սէրը մեզի հանդէպ ինչպէ՛ս ցուցաբերած է։ Պահ մը խորհէ այս գրքին օգնութեամբ քու սորված Աստուածաշունչի կարգ մը ուսուցումներուն մասին։ Որպէս մեր Ստեղծիչը, Եհովա մեզի տուած է այս երկիրը, իբրեւ մեր հաճոյալի տունը։ Ան զայն լեցուցած է առատ ուտելիքով ու ջուրով, բնական հարստութիւններով, հետաքրքրական անասնական աշխարհով եւ գեղեցիկ տեսարաններով։ Որպէս Աստուածաշունչին հեղինակը, Աստուած մեզի յայտնած է իր անունն ու յատկութիւնները։ Ասկէ զատ, իր Խօսքը կը յայտնէ թէ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուս, երկիր ղրկած է, թոյլ տալով որ մեզի համար չարչարուի ու մեռնի (Յովհաննէս 3։16)։ Իսկ այդ պարգեւը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա հոյակապ ապագայի մը նկատմամբ յոյս կու տայ մեզի։

5 Ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը նաեւ կախեալ է՝ Աստուծոյ ըրած ուրիշ մէկ բանէն։ Եհովա երկնային կառավարութիւն մը հաստատած է՝ մեսիական Թագաւորութիւնը, որ շուտով վերջ պիտի դնէ ամէն տեսակ տառապանքի, եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Պահ մը խորհէ, թէ մենք կրնանք հոն խաղաղութեամբ ու երջանկութեամբ յաւիտեան ապրիլ (Սաղմոս 37։29)։ Մինչ այդ, Աստուած մեզի ուղղութիւն տուած է, թէ ինչպէս կրնանք հի՛մա իսկ լաւագոյն կեանքը ապրիլ։ Ան նաեւ մեզի տուած է աղօթքի պարգեւը՝ իրեն հետ հաղորդակցութեան բաց գիծ մը։ Ասոնք միայն քանի մը կերպեր են, որոնցմով Եհովա սէր ցուցաբերած է թէ՛ ընդհանուր մարդկութեան եւ թէ անհատապէս քեզի հանդէպ։

6. Քեզի հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած սիրոյն ինչպէ՞ս կրնաս ընդառաջել։

6 Հետեւեալը կենսական հարցում մըն է, որ նկատի պէտք է առնես. ‘Ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջեմ Եհովայի սիրոյն’։ Շատեր պիտի ըսեն. «Ես ալ իմ կարգիս պէտք է Եհովան սիրեմ»։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Յիսուս ըսաւ թէ մեծագոյն պատուիրանը սա է. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)։ Վստահաբար, Եհովա Աստուած սիրելու բազմաթիւ պատճառներ ունիս։ Բայց միայն այսպիսի սէր զգալը կը նշանակէ՞ թէ Եհովան կը սիրես բոլոր սրտովդ, անձովդ ու մտքովդ։

7. Աստուծոյ հանդէպ սէրը պարզապէս զգացո՞ւմ մըն է. բացատրէ՛։

7 Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է, Աստուծոյ հանդէպ սէրը զգացումէ մը շա՜տ աւելին է։ Իրականութեան մէջ, թէեւ Եհովայի հանդէպ սէր զգալը կենսական է, սակայն այդ զգացումը իրեն հանդէպ իսկական սիրոյն միա՛յն սկիզբն է։ Խնձորի կուտ մը կենսական է պտղատու խնձորենիի մը մշակման համար։ Սակայն, եթէ խնձոր մը կ’ուզես, գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ մէկը քեզի պարզապէս խնձորի կուտ մը տայ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնպէս, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր զգալը միայն սկիզբն է։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը հարազատ ըլլալու համար, պէտք է ընտիր պտուղ տայ, այսինքն՝ արարքներով դրսեւորուի (կարդա՛ Մատթէոս 7։16-20

8, 9. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրն ու գնահատութիւնը արտայայտել։

8 Աստուծոյ հանդէպ սէր կը ցուցաբերենք, երբ իր պատուիրանները կը պահենք եւ իր սկզբունքները կը կիրարկենք։ Ասոնք ընելը շատ դժուար չէ։ Եհովայի օրէնքները բեռ չեն. անոնք ծրագրուած են մեզի օգնելու, որ լաւ, երջանիկ ու գոհունակ կեանք մը ապրինք (Եսայի 48։17, 18)։ Եհովայի առաջնորդութեան հետ ներդաշնակ ապրելով, մեր երկնաւոր Հօր ցոյց կու տանք, թէ ի՛րապէս կը գնահատենք մեզի համար իր ըրած բոլոր բաները։ Ցաւօք սրտի, ներկայ աշխարհին մէջ քիչեր այսպիսի գնահատութիւն կը ցուցաբերեն։ Չենք ուզեր Յիսուսի օրերուն ապրած կարգ մը անհատներուն նման ապերախտ ըլլալ։ Յիսուս տասը բորոտ բուժեց, բայց միայն մէկը վերադարձաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց (Ղուկաս 17։12-17)։ Վստահաբար կ’ուզենք երախտապարտ բորոտին նման ըլլալ, եւ ոչ թէ՝ ինը ապերախտներուն։

9 Ուստի ի՞նչ են Եհովայի պատուիրանները, որոնք պէտք է պահենք։ Այս գրքին մէջ անոնցմէ մաս մը նկատի առինք, բայց այժմ քանի մը հատը վերաքաղ ընենք, քանի որ Աստուծոյ պատուիրանները պահելը մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։

ԵՀՈՎԱՅԻ Ա՛Լ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԵՑԻՐ

10. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակենք Եհովա Աստուծոյ մասին սորվիլ. բացատրէ՛։

10 Եհովայի մասին սորվիլը, իրեն մօտենալու համար անհրաժեշտ քայլ մըն է։ Անիկա գործընթաց մըն է, որ երբե՛ք պէտք չէ դադրի։ Եթէ շատ ցուրտ գիշեր մը, դաշտը կրակի մը քով կը տաքնայիր, թոյլ պիտի տայի՞ր որ կրակին բոցերը տկարանային եւ ապա մարէին։ Ո՛չ։ Վստահաբար պիտի շարունակէիր փայտ աւելցնել, կրակը բոցավառուած պահելու համար, քանի որ կեանքդ անկէ կախեալ կրնայ ըլլալ։ Ինչպէս որ փայտը կրակը վառած կը պահէ, նոյնպէս «Աստուծոյ գիտութիւնը» Եհովայի հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր կը պահէ (Առակաց 2։1-5

Եհովայի հանդէպ ունեցած սէրդ կը նմանի կրակի մը, որ վառած մնալու համար փայտի պէտք ունի

11. Յիսուսի ուսուցումը իր հետեւորդներուն ինչպէ՞ս ազդեց։

11 Յիսուս ուզեց որ իր հետեւորդները Եհովայի ու Իր թանկարժէք ճշմարտութեան Խօսքին հանդէպ իրենց սէրը վառ պահեն։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքին սորվեցուց, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ իրեն կիրարկուած կարգ մը մարգարէութիւններուն մասին։ Ասիկա անոնց ինչպէ՞ս ազդեց։ Յետագային անոնք ըսին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկաս 24։32

12, 13. ա) Ներկայիս ի՞նչ պատահած է Աստուծոյ ու Աստուածաշունչին հանդէպ մարդոց մեծամասնութեան սիրոյն։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել որ մեր սէրը չպաղի։

12 Երբ առաջին անգամ գիտցար թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ, սիրտդ ուրախութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու Աստուծոյ հանդէպ սիրով չբոցավառեցա՞ւ։ Անկասկած։ Շատեր ալ նոյն զգացումը ունեցած են։ Այժմ այդ զօրաւոր սէրը վառ պահելը եւ զայն աճեցնելը՝ մարտահրաւէր մըն է։ Չենք ուզեր ներկայ աշխարհի հոսանքին հետեւիլ։ Յիսուս նախագուշակեց. «Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատթէոս 24։12)։ Ի՞նչ կրնաս ընել որ Եհովայի եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն հանդէպ սէրդ չպաղի։

13 Շարունակէ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվիլ (Յովհաննէս 17։3)։ Աստուծոյ Խօսքէն քու սորված բաներուդ մասին խոկա՛ կամ խորապէս մտածէ, դուն քեզի հարց տալով. ‘Ասիկա Եհովա Աստուծոյ մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ ինծի։ Ասիկա յաւելեալ ի՞նչ պատճառ կու տայ որ զինք սիրեմ ամբողջ սրտով, մտքով եւ հոգիով’ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։15)։ Այս կերպով խոկալը, Եհովայի հանդէպ սէրդ վառ պիտի պահէ։

14. Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, որ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը վառ պահենք։

14 Կանոնաւորաբար աղօթելը, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը վառ պահելու ա՛յլ կերպ մըն է (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Այս գրքին 17–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, թէ աղօթքը Աստուծոյ կողմէ թանկագին պարգեւ մըն է։ Ինչպէս որ մարդկային փոխյարաբերութիւնները կ’ուռճանան կանոնաւոր ու բաց հաղորդակցութեամբ, նոյնպէս Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը մնայ ջերմ ու մտերմիկ, երբ իրեն կանոնաւորաբար կ’աղօթենք։ Շատ կարեւոր է երբեք թոյլ չտալ որ մեր աղօթքները մեքենայական դառնան,– վարժութիւն դարձած բառեր կրկին անգամ կրկնել, առանց իսկական զգացումի կամ իմաստի։ Պէտք է Եհովայի հետ խօսինք ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ երեխայ մը կը խօսի իր սիրալիր հօր հետ։ Կ’ուզենք յարգանքով խօսիլ, բայց միեւնոյն ատեն՝ սրտանց ու անկեղծութեամբ (Սաղմոս 62։8)։ Այո, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ սրտագին աղօթքները, մեր պաշտամունքին կենսական երեսակներն են, եւ կ’օգնեն մեզի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻԴ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԳՏԻՐ

15, 16. Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչո՞ւ իրաւամբ առանձնաշնորհում եւ գանձ կրնանք նկատել։

15 Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ աղօթքը պաշտամունքի երեսակներ են, որոնք կրնանք առանձին կատարել։ Իսկ այժմ նկատի առնենք պաշտամունքի երեսակ մը, որ հանրապէս կը կատարենք. մեր հաւատալիքներուն մասին ուրիշներուն խօսիլ։ Արդեօք ուրիշներուն արդէն խօսա՞ծ ես Աստուածաշունչի կարգ մը ճշմարտութիւններուն մասին։ Եթէ այո, ուրեմն հոյակապ առանձնաշնորհում մը վայելած ես։ Երբ Եհովա Աստուծոյ մասին մեր սորված ճշմարտութիւնները ուրիշներուն հաղորդենք, ստանձնած կ’ըլլանք բոլոր քրիստոնեաներուն տրուած շատ կարեւոր նշանակում մը,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

16 Պօղոս առաքեալ իր ծառայութիւնը թանկարժէք բան մը նկատեց, զայն կոչելով՝ գանձ (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Եհովա Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ուրիշներուն խօսիլը, լաւագոյն գործունէութիւնն է որ կրնաս ընել, ծառայութիւն մը որ լաւագոյն Տէրոջ մատուցուած է եւ լաւագոյն օգուտները ունի։ Այս գործունէութեան մասնակցելով, պարկեշտամիտ անհատներուն կ’օգնես մեր երկնաւոր Հօր մօտենալու եւ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ քալելու։ Ասկէ աւելի գոհացուցիչ գործունէութիւն մը կրնա՞յ ըլլալ։ Ասկէ զատ, Եհովայի ու իր Խօսքին մասին վկայելը հաւատքդ կ’աւելցնէ եւ իրեն հանդէպ սէրդ կը զօրացնէ։ Անշուշտ, Եհովա ջանքերդ կը գնահատէ (Եբրայեցիս 6։10)։ Այսպիսի գործունէութեամբ զբաղած մնալը քեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58

17. Քրիստոնէական ծառայութիւնը ներկայիս ինչո՞ւ հրատապ է։

17 Կարեւոր է որ յիշենք, թէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը հրատապ կամ անյետաձգելի գործունէութիւն մըն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Խօսքը քարոզէ՛ հրատապութեան զգացումով’ (Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ)։ Իսկ ներկայիս քարոզելը ինչո՞ւ այսքան հրատապ է։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ» (Սոփոնիա 1։14)։ Այո, ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ Եհովա այս ամբողջ աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Մարդիկ պէտք է ազդարարուին։ Անոնք պէտք է գիտնան, թէ հի՛մա է ժամանակը Եհովան ընտրելու որպէս իրենց Գերիշխանը։ Վերջը «պիտի չուշանայ» (Ամբակում 2։3, ԱԾ

18. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովան պաշտենք հանրապէս՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու ընկերակցութեամբ։

18 Եհովա կ’ուզէ որ զինք հանրապէս պաշտենք՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներու ընկերակցութեամբ։ Այս պատճառաւ իր Խօսքը կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Երբ քրիստոնէական ժողովներուն հաւատակիցներու հետ հաւաքուինք, հոն մեր սիրելի Աստուածը փառաբանելու եւ պաշտելու սքանչելի պատեհութիւնը կ’ունենանք, ինչպէս նաեւ զիրար կը կերտենք ու կը քաջալերենք։

19. Ինչպէ՞ս կրնանք քրիստոնէական ժողովքին մէջ սիրոյ կապերը ամրապնդել։

19 Երբ Եհովայի այլ երկրպագուներու հետ կ’ընկերակցինք, ժողովքին մէջ սիրոյ ու բարեկամութեան կապերը կ’ամրապնդենք։ Կարեւոր է որ ուրիշներուն լաւ յատկութիւնները տեսնենք, ինչպէս որ Եհովա մեր լաւ յատկութիւնները կը տեսնէ։ Հաւատակիցներէդ կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր։ Յիշէ թէ բոլորն ալ հոգեւոր աճման տարբեր հանգրուաններու մէջ են, եւ թէ իւրաքանչիւրս սխալներ կը գործենք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13)։ Ջանա՛ բարեկամութիւններ կերտել Եհովան ջերմօրէն սիրողներուն հետ, եւ պիտի նկատես թէ հոգեւորապէս կ’աճիս։ Արդարեւ, հոգեւոր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ Եհովան պաշտելը քեզի պիտի օգնէ՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։ Եհովա ինչպէ՞ս կը վարձատրէ բոլոր զանոնք, որոնք հաւատարմօրէն զինք կը պաշտեն եւ այսպէս իր սիրոյն մէջ կը մնան։

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԿԵԱՆՔ»ԻՆ ՁԳՏԷ՛

20, 21. Ի՞նչ է «ճշմարիտ կեանքը», եւ անիկա ինչո՞ւ սքանչելի յոյս մըն է։

20 Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները կը վարձատրէ՝ անոնց կեանք շնորհելով, բայց ինչպիսի՞ կեանք։ Արդեօք դուն հիմա արդէն չե՞ս ապրիր։ Մեր մեծամասնութիւնը պիտի ըսէ թէ ասոր պատասխանը բացայայտ է։ Ի վերջոյ, մենք կը շնչենք, կ’ուտենք եւ կը խմենք, հետեւաբար, անշո՛ւշտ որ կ’ապրինք։ Իսկ երբ աւելի ուրախ պահեր ունենանք, թերեւս նոյնիսկ ըսենք. «Իսկապէս, ա՛յս է ճշմարիտ կեանքը»։ Սակայն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ իսկական առումով ո՛չ մէկ մարդ արարած ներկայիս ճշմարտապէս կ’ապրի։

Եհովա կ’ուզէ որ «ճշմարիտ կեանքը» վայելես։ Արդեօք պիտի կարենա՞ս վայելել

21 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգենք’ (Ա. Տիմոթէոս 6։19, ստորանիշ)։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան թէ «ճշմարիտ կեանքը» բան մըն է, որ կը յուսանք ապագային ձեռք ձգել։ Արդարեւ, երբ կատարեալ ըլլանք, բառին բուն առումով պիտի ապրինք, քանի որ պիտի ապրինք ա՛յնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբը մտադրած էր որ ապրէինք։ Երբ ապագային, դրախտային երկրին վրայ կատարեալ առողջութեամբ, խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ ապրինք, վերջապէս պիտի վայելենք «ճշմարիտ կեանքը»,– յաւիտենական կեանքը (Ա. Տիմոթէոս 6։12)։ Ասիկա սքանչելի յոյս մը չէ՞։

22. Ինչպէ՞ս կրնաս ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգել’։

22 Ինչպէ՞ս կրնանք ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգել’։ Նոյն գլուխին մէջ, Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ «բարիք գործեն» եւ «բարի գործերով հարստանան» (Ա. Տիմոթէոս 6։18)։ Ուստի բացայայտ է, թէ շատ բան կախեալ է Աստուածաշունչէն սորված մեր ճշմարտութիւնները ինչպէ՛ս կիրարկելէն։ Բայց արդեօք Պօղոս ըսել ուզեց թէ բարի գործեր գործելով «ճշմարիտ կեանքը» կը շահի՞նք։ Ո՛չ, քանի որ այս սքանչելի հեռանկարը Աստուծոյ «շնորհքը» ստանալէն կախեալ է (Հռովմայեցիս 5։15)։ Եհովա կ’ուրախանայ վարձատրելով իրեն հաւատարմաբար ծառայողները։ Ան կ’ուզէ տեսնել որ դուն «ճշմարիտ կեանքը» կ’ապրիս։ Բոլոր անոնք, որոնք կը մնան Աստուծոյ սիրոյն մէջ, երջանիկ, խաղաղ ու յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։

23. Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալը ինչո՞ւ կենսական է։

23 Մեզմէ իւրաքանչիւրը լաւ կ’ընէ ինքն իրեն հարց տալով. ‘Կը պաշտե՞մ Աստուած ա՛յնպէս՝ ինչպէս ի՛նք նշած է Աստուածաշունչին մէջ’։ Եթէ օրը օրին մեր պատասխանը այո ըլլայ, ապա մենք ճիշդ ճամբուն մէջ ենք։ Եւ այսպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր ապաւէնը Եհովան է։ Ան այս հին աշխարհի խռովեալ վերջին օրերէն ապահով դուրս պիտի բերէ իր հաւատարիմ ժողովուրդը։ Եհովա նաեւ մեզ պիտի ազատէ ու փառաւոր նոր աշխարհը պիտի մտցնէ։ Որքա՜ն ոգեւորիչ պիտի ըլլայ այդ օրը տեսնելը։ Եւ որքա՜ն պիտի ուրախանանք, որ այս վերջին օրերուն ընթացքին ճիշդ ընտրութիւնները ըրած ենք։ Եթէ հիմա այս ընտրութիւնները ընես, ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին պիտի վայելես «ճշմարիտ կեանքը»,– այն կեանքը որ Եհովա Աստուած մտադրած էր։