ԳԼՈՒԽ 12
Աստուած հաճեցնող կերպով մը ապրիլ
-
Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ
-
Ի՞նչ կերպով Սատանայի մարտահրաւէրին մէջ դո՛ւն ալ պարփակուած ես
-
Ինչպիսի՞ վարք Եհովան կը տհաճեցնէ
-
Ինչպէ՞ս կրնաս աստուածահաճոյ կերպով ապրիլ
1, 2. Նշէ կարգ մը անհատներ, որոնց Եհովա նկատած է որպէս իր մտերիմ բարեկամները։
ԻՆՉՊԻՍԻ՞ անհատ մը պիտի ընտրէիր որպէս բարեկամ։ Շատ հաւանաբար պիտի ուզէիր ընկերանալ մէկու մը հետ, որ կը բաժնէ՝ տեսակէտներդ, հետաքրքրութիւններդ եւ արժանիքներդ։ Եւ պիտի ախորժէիր անհատէ մը, որ ունի պարկեշտութեան եւ ազնուութեան նման լաւ յատկութիւններ։
2 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Աստուած որոշ մարդիկ ընտրած է որպէս իր մտերիմ բարեկամները։ Օրինակի համար, ան Աբրահամը կոչեց իր բարեկամը (կարդա՛ Եսայի 41։8. Յակոբոս 2։23)։ Ան Դաւիթի ակնարկեց որպէս «իմ սրտիս համեմատ մարդ» մը, քանի որ իրեն սիրելի անձ մըն էր (Գործք 13։22)։ Եհովա նաեւ Դանիէլ մարգարէն նկատեց որպէս իր «սիրելին» (Դանիէլ 9։23)։
3. Եհովա ինչո՞ւ որոշ անհատներ կ’ընտրէ, որպէսզի իր բարեկամները ըլլան։
3 Եհովա ինչո՞ւ Աբրահամը, Դաւիթը ու Դանիէլը իր բարեկամները համարած է։ Պատասխանը կը գտնենք Աբրահամի ուղղած Իր խօսքին մէջ. «Իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծննդոց 22։18)։ Ուստի Եհովա կը մօտենայ այն անհատներուն, որոնք խոնարհաբար կը կատարեն իր խնդրանքները։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ [Եւ] ես ձեզի Աստուած ըլլամ ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք» (Երեմիա )։ Եթէ Եհովայի հնազանդիս, դո՛ւն ալ կրնաս իր բարեկամը դառնալ։ 7։23
ԵՀՈՎԱ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ Կ’ՈՒԺՈՎՑՆԷ
4, 5. Եհովա ինչպէ՞ս իր ծառաները կ’ուժովցնէ։
4 Պահ մը խորհէ, թէ Աստուծոյ հետ բարեկամ ըլլալը ի՛նչ կը նշանակէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Եհովա առիթներ կը փնտռէ «որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ քեզ ուժովցնել։ Կերպերէն մէկը արձանագրուած է Սաղմոս 32։8–ի մէջ, ուր Եհովա կ’ըսէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։
5 Այս խօսքերը որքա՜ն ջերմ կերպով կ’արտայայտեն Եհովայի հոգատարութիւնը։ Ան քեզի պիտի տայ հարկ եղած ուղղութիւնը, եւ մինչ կը հետեւիս անոր, ան քու վրադ պիտի հսկէ։ Ան կ’ուզէ քեզի օգնել, որ քու փորձութիւններդ ու դժուարութիւններդ յաղթահարես (կարդա՛ Սաղմոս 55։22)։ Ուստի, եթէ ուղիղ սրտով Եհովայի ծառայես, կրնաս սաղմոսերգուին նման վստահութիւն ունենալ, որ ըսաւ. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ» (Սաղմոս 16։8. 63։8)։ Արդարեւ, Եհովա կրնայ քեզի օգնել որ ապրիս զինք հաճեցնող կերպով մը։ Բայց ինչպէս գիտես, Աստուած թշնամի մը ունի, որ կ’ուզէ քեզ ետ կեցնել Զինք հաճեցնելէ։
ՍԱՏԱՆԱՅԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ
6. Սատանան մարդոց նկատմամբ ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրաւ։
6 Այս գրքին 11–րդ գլուխը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Բանսարկու Սատանան Աստուծոյ գերիշխանութեան մարտահրաւէր ուղղեց։ Սատանան ամբաստանեց Աստուած որպէս ստախօս, եւ հասկցնել ուզեց թէ Եհովա անարդարօրէն թոյլ չէր տար որ Ադամն ու Եւան անձամբ որոշեն, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ։ Ադամի ու Եւայի մեղանչելէն ետք եւ երբ երկիրը սկսաւ անոնց սերունդով լեցուիլ, Սատանան բոլոր մարդոց շարժառիթը հարցականի տակ դրաւ։ Կարծես թէ Սատանան Աստուծոյ ըսաւ. ‘Մարդիկ սէրէ մղուած չեն ծառայեր քեզի։ Ինծի առիթ տուր եւ ես կրնամ ոեւէ անհատ քեզի դէմ հանել’։ Յոբ անունով մարդուն մասին գրուած գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Սատանան այսպէս համոզուած էր։ Սակայն ո՞վ էր Յոբ, եւ ան ինչպէ՞ս պարփակուած էր Սատանայի այս մարտահրաւէրին մէջ։
7, 8. ա) Ի՞նչ բան Յոբը իր ժամանակակիցներուն մէջ ուշագրաւ դարձուց։ բ) Սատանան ինչպէ՞ս Յոբի շարժառիթը հարցականի տակ դրաւ։
7 Յոբ ապրած է շուրջ 3600 տարի առաջ։ Ան բարի մարդ մըն էր, որովհետեւ Եհովա անոր նկատմամբ ըսաւ. «Երկրի վրայ անոր պէս պարկեշտ եւ ուղիղ, աստուածավախ ու չարութենէ հեռացող մարդ չկայ» (Յոբ 1։8, ԱԾ)։ Յոբ Աստուած հաճեցնող մարդ մըն էր։
8 Սատանան հարցականի տակ դրաւ Աստուծոյ ծառայելու Յոբի շարժառիթը։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Չէ՞ որ դուն [Յոբի] ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ» (Յոբ 1։10, 11)։
9. Եհովա ինչպէ՞ս հակազդեց Սատանայի մարտահրաւէրին, եւ ինչո՞ւ։
9 Ուստի Սատանան առարկեց, թէ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր պարզապէս անոր համար, որ Անկէ կը վարձատրուէր։ Բանսարկուն նաեւ առարկեց, որ եթէ Յոբ փորձութեան ենթարկուէր, Աստուծոյ դէմ պիտի ելլէր։ Եհովա ինչպէ՞ս հակազդեց Սատանայի մարտահրաւէրին։ Քանի որ հարցը Յոբի շարժառիթին առնչուած էր, Եհովա թոյլատրեց Սատանային որ Յոբը փորձէ։ Այս կերպով յստակ պիտի դառնար, թէ Յոբ իրապէս Աստուած կը սիրէ՛ր թէ ոչ։
ՅՈԲ ԿԸ ՓՈՐՁՈՒԻ
10. Յոբ ի՞նչ փորձութիւններու ենթարկուեցաւ, եւ ինչպէ՞ս հակազդեց։
10 Շուտով Սատանան Յոբը փորձութեան ենթարկեց զանազան կերպերով։ Յոբի անասուններէն մաս մը գողցուեցաւ, իսկ ուրիշներ՝ սպաննուեցան։ Ետքը իր ծառաներուն մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ։ Այս բոլորը իրեն նիւթական մեծ նեղութիւն պատճառեցին։ Աւելի մեծ ողբերգութիւն մը հարուածեց, երբ Յոբի տասը զաւակները փոթորիկի մը պատճառաւ մահացան։ Հակառակ այս ահռելի դէպքերուն, «Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։22)։
11. ա) Սատանան Յոբի նկատմամբ ի՞նչ երկրորդ ամբաստանութիւն մը ըրաւ, եւ Եհովա ինչպէ՞ս հակազդեց։ բ) Յոբ իր ցաւոտ հիւանդութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։
Յոբ 27։5)։
11 Սատանան այսքանով չբաւարարուեցաւ։ Թերեւս ան խորհեցաւ որ թէեւ Յոբ կրնար իր ստացուածքներուն, ծառաներուն ու զաւակներուն կորուստին դիմանալ, բայց ան Աստուծոյ դէմ պիտի ելլէր՝ եթէ հիւանդանար։ Եհովա թոյլ տուաւ որ Սատանան Յոբը հարուածէ զզուելի ու ցաւոտ հիւանդութեամբ մը։ Բայց նոյնիսկ ասիկա պատճառ չեղաւ, որ Յոբ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը կորսնցնէ։ Փոխարէն, ան վճռականօրէն ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (12. Յոբ Բանսարկուին մարտահրաւէրին ինչպէ՞ս պատասխանեց։
12 Յոբ չէր գիտեր որ իր նեղութիւններուն բուն պատճառը Սատանան էր։ Եհովայի գերիշխանութեան դէմ Բանսարկուին մարտահրաւէրին մանրամասնութիւններուն անտեղեակ ըլլալով, Յոբ կարծեց թէ իր խնդիրները պատճառողը Աստուած էր (Յոբ 6։4. 16։11-14)։ Հակառակ ասոր, ան Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Եւ Յոբի հաւատարիմ ընթացքով փաստուեցաւ Սատանայի պնդումին սուտ ըլլալը, թէ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր անձնասէր պատճառներով։
13. Յոբի հաւատարմութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
13 Յոբի հաւատարմութեամբ, Եհովա կրցաւ վճռական պատասխան մը տալ Սատանայի նախատական մարտահրաւէրին։ Յոբ ի՛րապէս Եհովայի բարեկամն էր, եւ Աստուած զինք վարձատրեց իր հաւատարիմ ընթացքին համար (Յոբ 42։12-17)։
ԴՈ՛ՒՆ ԻՆՉՊԷՍ ՊԱՐՓԱԿՈՒԱԾ ԵՍ
14, 15. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յոբի առնչութեամբ Սատանայի մարտահրաւէրը բոլոր մարդոց կ’ուղղուի։
14 Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութեան հարցը, որ Սատանան յարուցանեց, միայն Յոբի դէմ ուղղուած չէր։ Ասոր մէջ դո՛ւն ալ պարփակուած ես։ Ասիկա յստակօրէն կը տեսնուի Առակաց 27։11–ի մէջ, ուր Եհովայի Խօսքը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ Յոբի մահէն հարիւրաւոր տարիներ ետք գրուած այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Սատանան տակաւին Աստուած կ’անարգէր եւ Անոր ծառաները կ’ամբաստանէր։ Երբ Եհովան հաճեցնող կերպով մը ապրինք, իրականութեան մէջ կը նպաստենք Սատանայի սուտ ամբաստանութիւններուն պատասխան մը հայթայթելու, եւ այս կերպով Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնենք։ Ասոր նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։ Հոյակապ բան մը չէ՞ Բանսարկուին սուտ դաւանութիւններուն պատասխան տալու մէջ բաժին բերել, նոյնիսկ եթէ ասիկա նշանակէ կեանքիդ մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնել։
15 Նկատէ թէ Սատանան ըսաւ. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։ Հոս «մարդս» ըսելով, Սատանան յստակացուց թէ իր ամբաստանութիւնը ոչ միայն Յոբին կ’ուղղէր, այլ նաեւ՝ բոլոր մարդոց։ Ասիկա շատ կարեւոր կէտ մըն է, քանի որ Սատանան հարցականի տակ դրած է Աստուծոյ հանդէպ քո՛ւ ուղղամտութիւնդ։ Բանսարկուն կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ թէ դուն Աստուծոյ անհնազանդ կը գտնուիս եւ ուղիղ ընթացքը կը լքես, երբ դժուարութիւններ ծագին։ Սատանան ինչպէ՞ս կը ջանայ ասիկա իրագործել։
16. ա) Սատանան ի՞նչ մեթոտներով կը ջանայ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել։ բ) Բանսարկուն ինչպէ՞ս կրնայ այս մեթոտները քեզի դէմ գործածել։
16 Ինչպէս 10–րդ գլուխին մէջ քննարկուեցաւ, Սատանան զանազան մեթոտներ կը գործածէ, ջանալով մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել։ Երբեմն, ան կը յարձակի ‘մռնչող առիւծի պէս ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ’ (Ա. Պետրոս 5։8)։ Սատանայի ազդեցութիւնը կրնայ տեսնուիլ, երբ բարեկամներ, ազգականներ կամ ուրիշներ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու եւ սորվածդ գործադրելու ջանքերուդ կը հակառակին (Յովհաննէս 15։19, 20) *։ Երբեմն ալ Սատանան «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ» (Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Ուրեմն Բանսարկուն կրնայ խորամանկ միջոցներ գործածելով հրապուրել քեզ, որպէսզի շեղիս բարեպաշտ կենցաղէդ։ Ան նաեւ կրնայ վհատութիւնը գործածել, թերեւս պատճառ ըլլալով որ զգաս, թէ Աստուած հաճեցնելու կարող չես (Առակաց 24։10)։ Սատանան «մռնչող առիւծի» պէս կամ «լուսաւոր հրեշտակի» պէս վարուի, իր մարտահրաւէրը նոյնն է. ան կ’ըսէ թէ երբ փորձութիւններ ու դժուարութիւններ դիմագրաւես, Աստուծոյ ծառայելէ պիտի դադրիս։ Ինչպէ՞ս կրնաս իր մարտահրաւէրին պատասխանել եւ Յոբի նման Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւնդ փաստել։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ
17. Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդելու գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
17 Կրնաս Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխանել՝ եթէ ապրիս Աստուած հաճեցնող կերպով մը։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ. Օրինաց 6։5)։ Մինչ Աստուծոյ հանդէպ սէրդ կ’աճի, քեզմէ իր պահանջածը ընելու փափաքդ պիտի աւելնայ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ Եթէ Եհովան ամբողջ սրտով կը սիրես, պիտի նկատես թէ «անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։
18, 19. ա) Եհովայի պատուիրաններէն ոմանք ի՞նչ են (տե՛ս էջ 122–ի շրջանակը)։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած մեզմէ շատ բան չի պահանջեր։
18 Ի՞նչ են Եհովայի պատուիրանները։ Անոնցմէ ոմանք առնչուած են այնպիսի վարքի, որմէ պէտք է խուսափինք։ Օրինակ՝ նկատի առ « Մերժէ՛ ինչ որ Եհովա կ’ատէ» խորագրով շրջանակը։ Հոն նշուած են բաներ, զորս Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կը դատապարտէ։ Առաջին ակնարկով, կարգ մը սովորութիւններ կրնան այդքան ալ գէշ չթուիլ։ Բայց նշուած համարներուն վրայ խոկալէ ետք, հաւանաբար նկատես Եհովայի օրէնքներուն բովանդակած իմաստութիւնը։ Քու վարքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը, ցարդ դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրդ կրնայ ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, աստուածահաճոյ կերպով ապրիլը՝ մեծ գոհունակութիւն ու երջանկութիւն կու տայ (Եսայի 48։17, 18)։ Եւ ասիկա քու կարողութեանդ սահմաններուն մէջ է։ Ուրկէ՞ գիտենք։
19 Եհովա մեզմէ բնաւ չի պահանջեր մեր կարողութենէն Բ. Օրինաց 30։11-14)։ Ան մեզմէ լաւ գիտէ մեր կարողութիւններն ու սահմանափակումները (Սաղմոս 103։14)։ Ասկէ զատ, Եհովա կրնայ մեզի տալ հարկ եղած զօրութիւնը, որպէսզի իրեն հնազանդինք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Որպէսզի կարենաս տոկալ, Եհովա կրնայ քեզի օգնել նոյնիսկ տալով «անսահման զօրութիւն» (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԹ)։ Բազմաթիւ փորձութիւններու տոկալէ ետք, Պօղոս կրցաւ ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։
աւելին (կարդա՛ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄՇԱԿԵԼ
20. Աստուածային ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է մշակես, եւ ասոնք ինչո՞ւ կարեւոր են։
20 Անշուշտ, Եհովան հաճեցնել չի նշանակեր միայն մերժել այն բաները, որոնք ինք կ’ատէ, այլ պէտք է սիրել այն բաները, որոնք ի՛նք կը սիրէ (Հռովմայեցիս 12։9)։ Պահ մը խորհէ. քու տեսակէտներդ, հետաքրքրութիւններդ ու արժանիքներդ բաժնող անհատներուն մօտիկ չե՞ս զգար։ Եհովան ալ նոյնպէս կը զգայ։ Ուստի սորվէ՛ սիրել այն բաները, զորս Եհովան կը սիրէ։ Անոնցմէ ոմանք նկարագրուած են 15–րդ սաղմոսին մէջ, ուր կը կարդանք այնպիսի անհատներու մասին, զորս Աստուած իր բարեկամները կը նկատէ (կարդա՛ Սաղմոս 15։1-5)։ Եհովայի բարեկամները կը ցուցաբերեն այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ «Հոգիին պտուղը»։ Անիկա կը պարփակէ հետեւեալին նման յատկութիւններ՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղատացիս 5։22, 23)։
21. Ի՞նչ բաներ քեզի պիտի օգնեն աստուածային յատկութիւններ մշակելու։
21 Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալը եւ ուսումնասիրելը քեզի պիտի օգնէ աստուածային յատկութիւններ մշակելու։ Իսկ Աստուծոյ պահանջած բաներուն մասին սորվիլը, քեզի պիտի օգնէ մտածելակերպդ Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակելու (Եսայի 30։20, 21)։ Եհովայի հանդէպ սէրդ ո՛րքան աւելի զօրացնես, ա՛յնքան աւելի պիտի փափաքիս աստուածահաճոյ կերպով ապրիլ։
22. Ի՞նչ պիտի իրագործես եթէ Աստուած հաճեցնող կերպով մը ապրիս։
22 Եհովան հաճեցնող կերպով ապրիլը ջանք կը պահանջէ։ Աստուածաշունչը կեանքդ բարեփոխելը կը նմանցնէ՝ հին անձնաւորութիւնը հանելուն եւ նոր անձնաւորութիւն մը հագնելուն (Կողոսացիս 3։9, 10)։ Սակայն Եհովայի պատուիրաններուն նկատմամբ, սաղմոսերգուն գրեց. «Զանոնք պահելուն վարձքը շատ է» (Սաղմոս 19։11)։ Դուն ալ պիտի նկատես, թէ Եհովան հաճեցնող կերպով մը ապրիլը մեծապէս վարձահատոյց է։ Ասիկա ընելով, Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան պիտի տաս եւ Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնես։
^ պարբ. 16 Ասիկա չի նշանակեր թէ քեզի հակառակողները ուղղակի Սատանայի հակակշռին տակ են։ Բայց Սատանան այս աշխարհի աստուածն է, եւ ամբողջ աշխարհ իր տիրապետութեան տակ է (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Ուստի կրնանք ակնկալել թէ բարեպաշտ կեանք մը վարելը բոլորին կողմէ ընդունելի պիտի չըլլայ, եւ ոմանք քեզի պիտի հակառակին։