Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 2

Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ տրուած գիրք մը

Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ տրուած գիրք մը
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպերով որեւէ գիրքէ տարբեր է

  • Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել անձնական խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլելու

  • Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած մարգարէութիւններուն ինչո՞ւ կրնաս վստահիլ

1, 2. Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպերով Աստուծմէ տրուած հիանալի պարգեւ մըն է։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս այն պահը, երբ սիրելի բարեկամէ մը յատուկ նուէր մը ստացար։ Հաւանաբար ասիկա ոչ միայն քեզ ոգեւորեց, այլեւ՝ սիրտդ տոգորեց։ Իրականութեան մէջ, նուէրը բան մը կը յայտնէ տուողին մասին,– թէ ան բարեկամութիւնդ կ’արժեւորէ։ Անկասկած բարեկամիդ այս յատուկ նուէրին համար երախտագիտութիւն յայտնեցիր։

2 Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, որուն համար կրնանք իրապէս շնորհապարտ ըլլալ։ Այս անզուգական գիրքը կը յայտնէ տեղեկութիւններ, զորս այլապէս բնաւ պիտի չկարենայինք գիտնալ։ Օրինակ՝ անիկա մեզի կը պատմէ աստղազարդ երկնքի, երկրի եւ առաջին մարդուն ու կնոջ ստեղծագործութեան մասին։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ վստահելի սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն կեանքի խնդիրներուն ու հոգերուն հետ գլուխ ելլելու։ Անիկա կը բացատրէ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իր նպատակը պիտի իրագործէ եւ երկրի վրայ աւելի լաւ վիճակներ պիտի յառաջացնէ։ Աստուածաշունչը ի՜նչ հիանալի պարգեւ մըն է։

3. Այն իրողութիւնը՝ թէ Եհովա մեզի պարգեւած է Աստուածաշունչը, Իր մասին ի՞նչ կը յայտնէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ սիրտ կը տոգորէ։

3 Աստուածաշունչը նաեւ սիրտ տոգորող նուէր մըն է, քանի որ Նուիրողին՝ Եհովա Աստուծոյ մասին բան մը կը յայտնէ։ Անոր կողմէ այսպիսի գրքի մը հայթայթումը ինքնին ապացոյց է, թէ ան կ’ուզէ որ զինք լաւ ճանչնանք։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել Եհովայի մօտենալու։

4. Աստուածաշունչի բաշխումին նկատմամբ ի՞նչ բան քեզ կը տպաւորէ։

4 Եթէ Աստուածաշունչ մը ունիս, միակը չես, որովհետեւ Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կամ մասամբ հրատարակուած է շուրջ 2600 լեզուներով, եւ հետեւաբար աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 90 տոկոսին մատչելի է։ Միջին հաշուով, ամէն շաբաթ աւելի քան մէկ միլիոն Աստուածաշունչեր կը բաշխուին։ Աստուածաշունչէն միլիառաւոր օրինակներ արտադրուած են, ամբողջութեամբ կամ մասամբ։ Անտարակոյս, Աստուածաշունչին նման ուրիշ գիրք չկայ։

«Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն»ը մատչելի է բազմաթիւ լեզուներով

5. Ի՞նչ կերպով Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ներշնչումով գրուած է։

5 Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ներշնչումով գրուած է, անոր «շունչն է» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ի՞նչ կերպով։ Աստուածաշունչը ինք կը պատասխանէ. «Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետրոս 1։21)։ Լուսաբանենք. գործատէր մը իր քարտուղարէն կրնայ խնդրել որ նամակ մը գրէ։ Նամակը գործատիրոջ մտքերն ու հրահանգները կը բովանդակէ։ Ուստի անիկա իրապէս գործատիրոջ նամակն է, եւ ոչ թէ՝ քարտուղարին նամակը։ Նմանապէս, Աստուածաշունչը Աստուծո՛յ պատգամը կը բովանդակէ, եւ ոչ թէ՝ զայն գրողներուն պատգամը։ Հետեւաբար, ամբողջ Աստուածաշունչը ճշմարտապէս «Աստուծոյ խօսք»ն է (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ՈՒ ՃՇԳՐԻՏ

6, 7. Աստուածաշունչին բովանդակած նիւթերուն ներդաշնակութիւնը ինչո՞ւ յատկապէս նկատելի է։

6 Աստուածաշունչը գրուեցաւ աւելի քան 1600 տարուան ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Գրողները տարբեր ժամանակներու մէջ ապրեցան եւ կեանքի զանազան խաւերէ եկան։ Ոմանք՝ հողագործներ, ձկնորսներ ու հովիւներ էին։ Ուրիշներ՝ մարգարէներ, դատաւորներ ու թագաւորներ էին։ Աւետարանագիր Ղուկաս՝ բժիշկ էր։ Հակառակ գրողներուն այլազան ենթահողերուն, Աստուածաշունչը սկիզբէն մինչեւ վերջ ներդաշնակ է *։

7 Աստուածաշունչի առաջին գիրքը մեզի կ’ըսէ, թէ մարդկութեան խնդիրները ինչպէս սկսան։ Վերջին գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ամբողջ երկրագունդը դրախտի կամ պարտէզի մը պիտի վերածուի։ Աստուածաշունչի բոլոր մասերը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն կը ծածկեն եւ ձեւով մը Աստուծոյ նպատակին բացայայտման առնչուած են։ Աստուածաշունչին ներդաշնակութիւնը տպաւորիչ է, եւ ճիշդ ա՛յդ է որ կ’ակնկալենք Աստուծմէ տրուած գիրքէ մը։

8. Օրինակներ տուր, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչը գիտականօրէն ճշգրիտ է։

8 Աստուածաշունչը գիտականօրէն ճշգրիտ է։ Անիկա նոյնիսկ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ, որոնք յետագային սկսան գիտցուիլ։ Օրինակ՝ Ղեւտացւոց գիրքը վաղեմի իսրայէլի համար, մաքրանոցի եւ առողջապահութեան վերաբերեալ օրէնքներ կը բովանդակէր, երբ շրջակայ ազգերը այսպիսի հարցերու մասին տակաւին ոչինչ գիտէին։ Ժամանակ մը, երբ երկրին ձեւին նկատմամբ սխալ կարծիքներ կային, Աստուածաշունչը անոր ակնարկեց իբրեւ շրջանակ կամ գունդ (Եսայի 40։22)։ Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կ’ըսէ թէ երկիրը ‘ոչնչին վրայ կախուած է’ (Յոբ 26։7)։ Անշուշտ, Աստուածաշունչը գիտութեան դասագիրք չէ։ Բայց երբ գիտական նիւթերու ակնարկութիւն կ’ընէ, անիկա ճշգրիտ է։ Աստուծմէ տրուած գիրքէ մը ճիշդ այս չէ՞ որ կ’ակնկալենք։

9. ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ պատմականօրէն իր ճշգրիտ ու վստահելի ըլլալը։ բ) Աստուածաշունչի գրողներուն անկեղծութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ քեզի։

9 Աստուածաշունչը նաեւ պատմականօրէն ճշգրիտ ու վստահելի է։ Անոր մէջի արձանագրութիւնները մասնայատուկ են։ Անոնք ոչ միայն անուններ կը բովանդակեն, այլեւ՝ անհատներու նախահայրերուն ցանկը *։ Աշխարհիկ պատմաբաններու հակառակը, որոնք յաճախ իրենց ազգին պարտութիւններուն ակնարկութիւն չեն ըներ, Աստուածաշունչը գրողները անկեղծ էին, արձանագրելով նոյնիսկ իրենց անձնական եւ իրենց ազգին թերացումները։ Օրինակ՝ Մովսէս իր գրած Թուոց գրքին մէջ կը խոստովանի իր լուրջ սխալը, որուն համար խստօրէն յանդիմանուեցաւ (Թուոց 20։2-12)։ Այսպիսի անկեղծութիւն պատմական այլ արձանագրութիւններու մէջ հազուագիւտ է, բայց Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ Աստուծմէ տրուած գիրք մըն է։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՂ ԳԻՐՔ ՄԸ

10. Աստուածաշունչին գործնական գիրք մը ըլլալը ինչո՞ւ զարմանալի չէ։

10 Որովհետեւ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է, անիկա «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Այո, Աստուածաշունչը գործնական գիրք մըն է։ Անիկա մարդկային բնոյթին նկատմամբ խոր հասկացողութիւն կ’արտացոլէ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ անոր Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած, մեր Ստեղծիչն է։ Ան մեր մտածումներն ու զգացումները մեզմէ լաւ կը հասկնայ։ Ասկէ զատ, Եհովա գիտէ ի՛նչ բանի կարիքը ունինք երջանիկ ըլլալու համար։ Ան նաեւ գիտէ թէ ո՛ր ընթացքներէն պէտք է խուսափինք։

11, 12. ա) Յիսուս իր Լերան քարոզին մէջ ի՞նչ նիւթեր քննարկեց։ բ) Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ ի՞նչ գործնական հարցեր նկատի առնուած են, եւ անոր խրատները ինչո՞ւ մշտական են։

11 Նկատի առ Լերան քարոզ կոչուած Յիսուսի ճառը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 5-7–րդ գլուխներուն մէջ։ Ուսուցումներով լի այս գլուխ–գործոցին մէջ, Յիսուս այլազան նիւթերու շուրջ խօսեցաւ, ներառեալ՝ ինչպէ՛ս իսկական երջանկութիւն գտնել, ինչպէ՛ս խնդիրները լուծել, ինչպէ՛ս աղօթել եւ ինչպէ՛ս նիւթական բաներու նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենալ։ Այսօր Յիսուսի խօսքերը նո՛յնքան ազդեցիկ ու գործնական են, ո՛րքան էին երբ զանոնք խօսեցաւ։

12 Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ առնչուած են ընտանեկան կեանքի, աշխատանքի սովորութիւններու եւ փոխյարաբերութիւններու։ Աստուածաշունչի սկզբունքները բոլոր մարդոց կը կիրարկուին եւ անոր խրատները միշտ օգտաշատ են։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսուած Աստուծոյ խօսքերը ցոյց կու տան Աստուածաշունչի բովանդակած իմաստութիւնը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ» (Եսայի 48։17

ՄԱՐԳԱՐԷԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Եսայի, Բաբելոնի անկումը նախագուշակեց

13. Եհովա Եսայի մարգարէն ներշնչեց Բաբելոնի վերաբերեալ ի՞նչ մանրամասնութիւններ արձանագրելու։

13 Աստուածաշունչը բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը բովանդակէ, որոնցմէ շատեր արդէն կատարուած են։ Նկատի առ անոնցմէ մէկը։ Ք.Ա. ութերորդ դարուն ապրած Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նախագուշակեց թէ Բաբելոն քաղաքը պիտի կործանէր (Եսայի 13։19. 14։22, 23)։ Մանրամասնութիւններ տրուեցան թէ քաղաքը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի գրաւուէր։ Ներխուժող բանակները Բաբելոնի գետը պիտի ցամքեցնէին եւ քաղաք պիտի մտնէին առանց պատերազմելու։ Հարցը հոս չի վերջանար։ Եսայիի մարգարէութիւնը նոյնիսկ նշեց Բաբելոնը գրաւող թագաւորին անունը,– Կիւրոս (կարդա՛ Եսայի 44։27–45։2

14, 15. Բաբելոնի նկատմամբ Եսայիի մարգարէութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան։

14 Մարգարէութենէն շուրջ 200 տարի ետք, Ք.Ա. 539–ի հոկտեմբեր 5/6–ի գիշերը, Բաբելոնի մօտակայքը զօրք մը բանակեցաւ։ Ո՞վ էր անոր հրամանատարը։ Կիւրոս անունով պարսիկ թագաւոր մը։ Այսպէս, ամէն բան պատրաստ էր որ սքանչելի մարգարէութիւն մը կատարուէր։ Սակայն Կիւրոսի բանակը առանց պատերազմելու Բաբելոնը պիտի նուաճէ՞ր, ինչպէս նախագուշակուած էր։

15 Բաբելոնացիները այդ գիշեր խնճոյք մը սարքած էին եւ իրենց հսկայ պարիսպներուն ետին ապահով կը զգային։ Այդ միջոցին, Կիւրոս քաղաքին մէջէն անցնող գետին հոսանքը հմտօրէն փոխեց։ Շատ չանցած, ջուրերը ա՛յնքան ցածցան, որ անոր զինուորները գետին հունէն անցնելով քաղաքին պարիսպներուն մօտեցան։ Սակայն Կիւրոսի բանակը ինչպէ՞ս պիտի կարենար Բաբելոնի պարիսպներէն ներս մտնել։ Պատճառով մը, այդ նոյն գիշերը, քաղաքին դռները անհոգօրէն բաց ձգուած էին։

16. ա) Եսայի Բաբելոնի վախճանին նկատմամբ ի՞նչ նախագուշակեց։ բ) Բաբելոնի ամայացման վերաբերեալ Եսայիի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

16 Բաբելոնի մասին նախագուշակուած էր. «Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն» (Եսայի 13։20)։ Այս մարգարէութիւնը քաղաքի մը անկումը նախագուշակելէն աւելին ըրաւ։ Անիկա ցոյց տուաւ թէ Բաբելոնը մնայուն կերպով պիտի ամայանար։ Այս խօսքերուն կատարման ապացոյցը կրնա՛ս տեսնել։ Վաղեմի Բաբելոնի անբնակ վայրը,– Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն շուրջ 80 քիլոմեթր հարաւ,– ապացոյց է թէ ինչ որ Եհովա Եսայիի միջոցաւ խօսեցաւ, կատարուեցաւ. «Կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա» (Եսայի 14։22, 23) *։

Բաբելոնի աւերակները

17. Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը ինչպէ՞ս հաւատք կը զօրացնէ։

17 Աստուածաշունչին վստահելի մարգարէութեան գիրք մը ըլլալը քննարկելը մեր հաւատքը չի՞ զօրացներ։ Ի վերջոյ, եթէ Եհովա Աստուած իր անցեալի խոստումները կատարած է, ամէն պատճառ ունինք վստահ ըլլալու, թէ ան դրախտային երկրի մը նկատմամբ իր խոստումն ալ պիտի կատարէ (կարդա՛ Թուոց 23։19)։ Արդարեւ, մենք «յաւիտենական կեանքի յոյս»ը ունինք, որ «անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ» (Տիտոս 1։2) *։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԿԵՆԴԱՆԻ Է»

18. Պօղոս առաքեալ «Աստուծոյ խօսք»ին նկատմամբ ի՞նչ ազդեցիկ արտայայտութիւն մը կ’ընէ։

18 Այս գլուխին քննարկումը բացայայտ կը դարձնէ, թէ Աստուածաշունչը իրապէս անզուգական գիրք մըն է։ Այսուհանդերձ, անոր արժէքը իր ներքին ներդաշնակութենէն, գիտական ու պատմական ճշգրտութենէն, գործնական իմաստութենէն ու վստահելի մարգարէութենէն շա՜տ աւելի է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբրայեցիս 4։12

19, 20. ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել անձդ քննելու։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ անզուգական նուէրին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ երախտագիտութիւնդ ցուցաբերել։

19 Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ «խօսքը» կամ պատգամը կարդալը կրնայ մեր կեանքը փոխել։ Անիկա կրնայ մեզի օգնել մեր անձը աւելի մօտէն քննելու։ Թերեւս դաւանինք թէ Աստուած կը սիրենք, բայց իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ուսուցումներուն մեր ինչպէ՛ս ընդառաջելը պիտի յայտնէ մեր իսկական մտքերը, նոյնիսկ մեր սրտին հարազատ դիտաւորութիւնները։

20 Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ կողմէ տրուած գիրք մըն է, որ պէտք է կարդացուի, ուսումնասիրուի եւ սիրուի։ Աստուածային այս նուէրին հանդէպ երախտագիտութիւնդ ցուցաբերէ՝ շարունակելով անոր բովանդակութեան խորը թափանցել։ Մինչ ասիկա կ’ընես, մարդկութեան վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակին հանդէպ խոր գնահատութիւն պիտի ունենաս։ Այդ նպատակը ճիշդ ի՛նչ է եւ ինչպէ՛ս պիտի իրականանայ, նկատի պիտի առնուի յաջորդ գլուխին մէջ։

^ պարբ. 6 Թէեւ ոմանք կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչի որոշ մասեր իրարու կը հակասեն, բայց նման պնդումներ անհիմն են։ Տե՛ս Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց գրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 9 Օրինակ՝ նկատի առ թէ ինչպէս Ղուկաս 3։23-38–ի մէջ մանրամասնօրէն տրուած է Յիսուսի նախահայրերուն ցանկը։

^ պարբ. 16 Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար գրքոյկը, էջ 27-29, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 17 Բաբելոնի կործանումը Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւններէն միայն մէկն է։ Այլ օրինակներ ալ կան, ինչպէս՝ Սիդոնի ու Նինուէի կործանումը (Եզեկիէլ 26։1-5. Սոփոնիա 2։13-15)։ Դանիէլի մարգարէութիւնն ալ նախագուշակեց աշխարհակալ ուժերու շարք մը, որոնք Բաբելոնի պիտի յաջորդէին, ինչպէս՝ Մարա–Պարսկաստան եւ Յունաստան (Դանիէլ 8։5-7, 20-22)։ «Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան» յաւելուածը, կը քննարկէ բազմաթիւ մեսիական մարգարէութիւններ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուեցան։