Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 15

Աստուած հաճեցնող պաշտամունք

Աստուած հաճեցնող պաշտամունք
  • Բոլո՞ր կրօնքները Աստուծոյ ընդունելի են

  • Ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել ճշմարիտ կրօնքը

  • Որո՞նք են Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները այսօր

1. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ Աստուած ճիշդ կերպով պաշտենք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ խորապէս կը հոգայ մեզ եւ կ’ուզէ որ իր սիրալիր առաջնորդութենէն օգտուինք։ Եթէ զինք ճիշդ կերպով պաշտենք, երջանիկ պիտի ըլլանք եւ կեանքի շատ մը խնդիրներէն պիտի խուսափինք։ Նաեւ պիտի վայելենք իր օրհնութիւնն ու օգնութիւնը (Եսայի 48։17)։ Սակայն կան հարիւրաւոր կրօնքներ, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնել, բայց Աստուծոյ ո՛վ ըլլալուն եւ մեզմէ ի՛նչ ակնկալելուն նկատմամբ, իրենց ուսուցումներով իրարմէ մեծապէս կը տարբերին։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան պաշտելու ճիշդ կերպը սորվիլ, եւ ո՞ր օրինակը մեզի կ’օգնէ ասիկա հասկնալու։

2 Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովան պաշտելու ճիշդ կերպը գիտնալ։ Պէտք չունիս բոլոր կրօնքներուն ուսուցումները ուսումնասիրելու եւ բաղդատելու, այլ պէտք ունիս գիտնալու թէ Աստուածաշունչը ճշմարիտ պաշտամունքին մասին իրապէս ինչ կը սորվեցնէ։ Բացատրենք. շատ մը երկիրներ կը դիմագրաւեն թղթադրամներ կեղծելու խնդիրը։ Եթէ կեղծ դրամներ բնորոշելու պարտականութիւնը տրուէր քեզի, ի՞նչ կ’ընէիր։ Կեղծ դրամներուն իւրաքանչիւր տեսակը մի՞տքդ կը պահէիր։ Ո՛չ։ Ժամանակդ աւելի շահեկան կերպով գործածած պիտի ըլլայիր, եթէ իսկական դրամը ուսումնասիրէիր։ Անգամ մը որ իսկական դրամին քաջածանօթ դառնաս, կրնաս կեղծը դիւրութեամբ զատորոշել։ Նոյնպէս, երբ ճշմարիտ կրօնքը բնորոշել սորվինք, կրնանք զանազանել այն կրօնքները որոնք սուտ են։

3. Ըստ Յիսուսի, եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ուզենք ունենալ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Կարեւոր է որ Եհովան պաշտենք իրեն հաճելի եղող կերպով։ Շատեր կը հաւատան թէ բոլոր կրօնքները Աստուծոյ ընդունելի են, բայց Աստուածաշունչը այդպէս չի սորվեցներ։ Նոյնիսկ բաւարար չէ դաւանիլ թէ քրիստոնեայ ենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։ Հետեւաբար, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք է սորվինք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ եւ զայն կատարենք։ Յիսուս Աստուծոյ կամքը չկատարողները կոչեց ‘անօրէնութիւն գործողներ’ (Մատթէոս 7։21-23)։ Կեղծ դրամաթուղթերու պէս, սուտ կրօնքը իսկական արժէք չունի։ Աւելի գէշը, սուտ կրօնքը նոյնիսկ վնասակար է։

4. Երկու ճամբաներուն մասին Յիսուսի խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէ։

4 Եհովա՝ երկրի վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու առիթը կու տայ։ Սակայն Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ունենալու համար, պէտք է ճիշդ կերպով Աստուած պաշտենք եւ իրեն ընդունելի կերպով ապրինք։ Ցաւօք սրտի, շատեր կը մերժեն ասիկա ընել։ Այս պատճառաւ, Յիսուս ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։ Ճշմարիտ կրօնքը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, իսկ սուտ կրօնքը՝ կործանումի։ Եհովա չ’ուզեր որ ոեւէ մարդ արարած կորսուի, եւ ասոր համար ամէնուրեք մարդոց առիթ կու տայ իր մասին սորվելու (Բ. Պետրոս 3։9)։ Հետեւաբար, Աստուած պաշտելու մեր կերպը կրնայ մեզի համար նշանակել՝ կեանք կամ մահ։

ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՐՕՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲՆՈՐՈՇԵԼ

5. Ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել ճշմարիտ կրօնքի հետեւողները։

5 Ինչպէ՞ս կարելի է գտնել ‘կեանքի տանող ճամբան’։ Յիսուս նշեց թէ ճշմարիտ կրօնքը բացայայտ պիտի ըլլայ անոր հետեւողներուն կեանքին մէջ, երբ ըսաւ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ . . .Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ» (Մատթէոս 7։16, 17)։ Ուրիշ խօսքով, ճշմարիտ կրօնքին հետեւողները պիտի ճանչցուին իրենց հաւատալիքներով ու վարքով։ Թէեւ ճշմարիտ երկրպագուները կատարեալ չեն եւ սխալներ կ’ընեն, սակայն որպէս խումբ կը ջանան Աստուծոյ կամքը կատարել։ Այժմ նկատի առնենք վեց երեսակներ, որոնք կը բնորոշեն ճշմարիտ կրօնքի հետեւողները։

6, 7. Աստուծոյ ծառաները Աստուածաշունչը որպէս ի՞նչ կը նկատեն, եւ Յիսուս այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ։

6 Աստուծոյ ծառաները իրենց ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն գրեց. «Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Ուստի ճշմարիտ կրօնքին հաւատալիքներն ու գործերը հիմնուած չեն մարդկային տեսակէտներու կամ աւանդութիւններուն վրայ, այլ՝ ծագում կ’առնեն Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։

7 Յիսուս Քրիստոս այս երեսակին մէջ լաւ օրինակ հանդիսացաւ, իր ուսուցումները հիմնելով Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Իր երկնաւոր Հօր ուղղած աղօթքի մը մէջ, ան ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին կը հաւատար եւ իր սորվեցուցած բոլոր բաները Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնակ էին։ Ան յաճախ կ’ըսէր. «Գրուած է», որմէ ետք կը մէջբերէր համար մը (Մատթէոս 4։4, 7, 10)։ Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը նոյնպէս իր անձնական տեսակէտները չի սորվեցներ։ Անոնք կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է եւ իրենց ուսուցումները հաստատօրէն կը հիմնեն անոր վրայ։

8. Եհովան պաշտելը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։

8 Ճշմարիտ կրօնքի հետեւողները միայն Եհովան կը պաշտեն եւ իր անունը կը ճանչցնեն։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Մատթէոս 4։10)։ Ուստի Աստուծոյ ծառաները միմիայն Եհովան կը պաշտեն։ Այս պաշտամունքը կ’ընդգրկէ՝ մարդոց ճանչցնել ճշմարիտ Աստուծոյ անունն ու անձնաւորութիւնը։ Սաղմոս 83։18–ը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Յիսուս օրինակ հանդիսացաւ ուրիշներուն օգնելու մէջ որ Աստուած ճանչնան, ինչպէս որ իր աղօթքներէն մէկուն մէջ ըսաւ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր» (Յովհաննէս 17։6)։ Նոյնպէս ներկայիս, ճշմարիտ երկրպագուները ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ անուան, նպատակներուն եւ յատկութիւններուն մասին։

9, 10. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով իրարու հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն։

9 Աստուծոյ ժողովուրդը իրարու հանդէպ հարազատ ու անձնուրաց սէր կը ցուցաբերէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։ Նախկին քրիստոնեաները իրարու հանդէպ այսպիսի սէր ունէին։ Աստուածային սէրը կը յաղթահարէ ցեղային, ընկերային եւ ազգային խոչընդոտները եւ մարդիկը իրարու կը մօտեցնէ իսկական եղբայրութեան անբաժանելի կապով մը (կարդա՛ Կողոսացիս 3։14)։ Սուտ կրօնքներու անդամները այսպիսի սիրալիր եղբայրութիւն մը չունին։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Քանի որ անոնք ազգային կամ էթնիկ տարբերութիւններու պատճառաւ զիրար կը սպաննեն։ Սակայն ճշմարիտ քրիստոնեաները զէնք չեն կրեր՝ իրենց քրիստոնեայ եղբայրները կամ ոեւէ անհատ սպաննելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ . . .Մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց» (Ա. Յովհաննէս 3։10-12. 4։20, 21

10 Անշուշտ, հարազատ սէրը ուրիշները չսպաննելէն շա՜տ աւելին կը նշանակէ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները անձնուրացօրէն կը գործածեն իրենց ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները, իրարու օգնելու եւ զիրար քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Անոնք նեղութեան ժամանակներուն իրարու կ’օգնեն եւ ուրիշներու հետ պարկեշտօրէն կը վարուին։ Իրականութեան մէջ, անոնք իրենց կեանքին մէջ կը գործադրեն ‘ամենուն բարիք ընելու’ Աստուածաշունչի խրատը (Գաղատացիս 6։10

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Յիսուս Քրիստոսը ընդունինք որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած փրկութեան միջոցը։

11 Ճշմարիտ քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած փրկութեան միջոցը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։ Ինչպէս 5–րդ գլուխին մէջ տեսանք, Յիսուս իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ հնազանդ մարդկութեան համար (Մատթէոս 20։28)։ Ասկէ զատ, Յիսուս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորն է՝ երկնային Թագաւորութեան մէջ, որ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Ուստի Աստուած կը պահանջէ որ Յիսուսի հնազանդինք եւ անոր ուսուցումները գործադրենք, եթէ կը փափաքինք յաւիտենական կեանք ստանալ։ Այս պատճառաւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ» (Յովհաննէս 3։36

12. Աշխարհէն չըլլալ ի՞նչ կը պարփակէ։

12 Ճշմարիտ երկրպագուները աշխարհէն չեն։ Երբ Յիսուս դատավարութեան համար հռոմայեցի կառավարիչ Պիղատոսի առջեւ ներկայացած էր՝ ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները ո՛ր երկրի մէջ ալ ապրին, անոնք իր երկնային Թագաւորութեան հպատակներն են, հետեւաբար, աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ բացարձակ չէզոքութիւն կը պահեն։ Անոնք աշխարհի բախումներուն մէջ բաժին չեն բերեր։ Սակայն Եհովան պաշտողները արգելք չեն հանդիսանար, եթէ ուրիշներ որոշեն քաղաքական կուսակցութեան մը միանալ, քաղաքական պաշտօնի մը թեկնածութեան ներկայանալ, կամ քուէարկել։ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները քաղաքականութեան նկատմամբ չէզոք ըլլալով հանդերձ՝ օրինապահ են։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ կառավարական ‘իշխանութիւններուն հնազանդիլ’ (Հռովմայեցիս 13։1)։ Հոն ուր Աստուծոյ պահանջներուն եւ պետութեան պահանջներուն միջեւ հակասութիւն կայ, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հետեւին առաքեալներուն օրինակին, որոնք ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29. Մարկոս 12։17

13. Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն, եւ հետեւաբար ի՞նչ քայլ կ’առնեն։

13 Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները կը քարոզեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է։ Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները մարդիկը չեն քաջալերեր, որ իրենց խնդիրները լուծելու համար մարդկային կառավարիչներու դիմեն, այլ անոնք Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն որպէս մարդկութեան միակ յոյսը (Սաղմոս 146։3)։ Յիսուս մեզի սորվեցուց այդ կատարեալ կառավարութեան համար աղօթել, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակեց, թէ այս երկնային Թագաւորութիւնը այժմ գոյութիւն ունեցող «բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 16։14. 19։19-21

14. Քու կարծիքովդ, ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ պաշտամունքին պահանջներուն գոհացում կու տայ։

14 Մեր նկատի առած վեց երեսակներուն հիման վրայ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ո՞ր կրօնքը իր բոլոր ուսուցումները կը հիմնէ Աստուածաշունչին վրայ, եւ Եհովայի անունը կը ճանչցնէ։ Ո՞ր կրօնքը աստուածային սէր կը ցուցաբերէ, Յիսուսի հաւատք կ’ընծայէ, աշխարհէն չէ եւ կը ծանուցանէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ իսկական յոյսն է։ Աշխարհի բազմաթիւ կրօնքներէն ո՞ր մէկը այս բոլոր պահանջներուն գոհացում կու տայ’։ Իրողութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ այդ կրօնքը Եհովայի վկաներն են (կարդա՛ Եսայի 43։10-12

ԴՈ՞ՒՆ ԻՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

15. Աստուած ուրիշ ի՞նչ կը պահանջէ, իր գոյութեան հաւատալէ զատ։

15 Պարզապէս Աստուծոյ գոյութեան հաւատալը, զինք հաճեցնելու համար բաւարար չէ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ նոյնիսկ դեւերը կը հաւատան թէ Աստուած գոյութիւն ունի (Յակոբոս 2։19)։ Սակայն բացայայտօրէն, անոնք Աստուծոյ կամքը չեն կատարեր եւ իր հաւանութիւնը չունին։ Որպէսզի Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենանք, ոչ միայն իր գոյութեան պէտք է հաւատանք, այլեւ իր կամքը կատարենք։ Նաեւ պէտք է սուտ կրօնքին հետ մեր կապերը խզենք ու ճշմարիտ պաշտամունքը ընդունինք։

16. Սուտ կրօնքին մասնակցելու նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ սուտ պաշտամունքին պէտք չէ մասնակցինք։ Ան գրեց. «‘Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ’» (Բ. Կորնթացիս 6։17, 18ա. Եսայի 52։11)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը խուսափին որեւէ բանէ որ սուտ կրօնքին առնչուած է։

17, 18. Ի՞նչ է «Մեծ Բաբելոն»ը, եւ ինչո՞ւ «ատոր մէջէն» անմիջապէս պէտք է ելլենք:

17 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ սուտ կրօնքի բոլոր տեսակները «Մեծ Բաբելոն»ին մաս կը կազմեն (Յայտնութիւն 17։5) *։ Այս անունը կը յիշեցնէ վաղեմի Բաբելոն քաղաքը, ուրկէ սուտ կրօնքը սկիզբ առաւ, Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք: Ներկայիս, սուտ կրօնքին մէջ սովորական դարձած բազմաթիւ ուսուցումներ ու սովորութիւններ, վաղուց ծագում առած են Բաբելոնէն: Օրինակ՝ բաբելոնացիները կը պաշտէին երրորդութիւններ, կամ երեք անձերէ բաղկացած չաստուածներ: Ներկայիս, բազմաթիւ կրօնքներու գլխաւոր վարդապետութիւնն է Երրորդութիւնը: Բայց Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ թէ միայն մէ՛կ ճշմարիտ Աստուած կայ՝ Եհովան, եւ թէ Յիսուս Քրիստոս իր Որդին է (Յովհաննէս 17։3)։ Բաբելոնացիները նաեւ կը հաւատային թէ մարդիկ անմահ հոգի ունին, որ մարմինը մահանալէն ետք կը շարունակէ ապրիլ եւ տանջանքի վայրի մը մէջ կրնայ չարչարուիլ: Այսօր ալ բազմաթիւ կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ անմահ հոգի կամ ոգի գոյութիւն ունի, որ դժոխքի կրակին մէջ կրնայ չարչարուիլ:

18 Քանի որ վաղեմի բաբելոնական պաշտամունքը ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուեցաւ, ուրեմն տեղին ըլլալով արդի Մեծ Բաբելոնը կրնայ բնորոշուիլ՝ որպէս սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը: Եւ Աստուած նախագուշակած է թէ այս սուտ կրօնքի կայսրութիւնը յանկարծահաս վերջ պիտի ունենայ։ Կը տեսնե՞ս թէ ինչո՛ւ կենսական է որ Մեծ Բաբելոնի բոլոր մասերուն հետ կապերդ խզես: Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ շուտով «ատոր մէջէն» ելլենք, քանի դեռ ժամանակ կայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 18։4, 8

Եհովայի ժողովուրդին հետ Իրեն ծառայելով, շատ աւելին պիտի շահիս քան՝ կորսնցնես

19. Եհովայի ծառայելով ի՞նչ պիտի շահիս:

19 Սուտ կրօնքէն հեռանալու որոշումիդ հետեւանքով, թերեւս ոմանք քեզի հետ իրենց կապերը խզեն: Սակայն Եհովայի ժողովուրդին հետ՝ Իրեն ծառայելով, շատ աւելին պիտի շահիս քան՝ կորսնցնես: Յիսուսի նախկին աշակերտներուն նման, որոնք շատ բաներ ձգեցին իրեն հետեւելու համար, դուն ալ բազմաթիւ հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր պիտի ունենաս: Միլիոնաւոր ճշմարիտ քրիստոնեաներէ բաղկացած համաշխարհային ընտանիքի մը մէկ անդամը պիտի ըլլաս, որոնք քեզի հանդէպ հարազատ սէր կը ցուցաբերեն: Իսկ «գալու աշխարհին մէջ» յաւիտենական կեանքի հոյակապ յոյսը պիտի ունենաս (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30)։ Թերեւս ժամանակի ընթացքին, քու հաւատալիքներուդ համար քեզի հետ իրենց կապերը խզող անհատները ուսումնասիրեն այն ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ եւ Եհովան պաշտողներ դառնան:

20. Ինչպիսի՞ ապագայ կը սպասէ ճշմարիտ պաշտամունքին հետեւողներուն:

20 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած շուտով վերջ պիտի դնէ այս չար աշխարհին եւ զայն պիտի փոխարինէ արդար նոր աշխարհով, իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ (Բ. Պետրոս 3։9, 13)։ Ատիկա ի՜նչ սքանչելի աշխարհ մը պիտի ըլլայ: Եւ այդ արդար նոր աշխարհին մէջ պիտի ըլլայ միայն մէ՛կ կրօնք, պաշտամունքի մէ՛կ ճշմարիտ ձեւ: Իմաստութիւն չէ՞ որ հիմա իսկ հարկ եղած անհրաժեշտ քայլերը առնես ճշմարիտ երկրպագուներուն հետ ընկերակցելու համար:

^ պարբ. 17 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար թէ Մեծ Բաբելոնը ինչո՛ւ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կը ներկայացնէ, տե՛ս ««Մեծ Բաբելոն»ը բնորոշել» յաւելուածը