Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը

Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը

ԴԱՆԻԷԼ մարգարէն, Յիսուսի ծնունդէն աւելի քան 500 տարի առաջ ապրած է։ Այսուհանդերձ, Եհովա Դանիէլի յայտնեց տեղեկութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար մատնանշել այն ժամանակը, երբ Յիսուս պիտի օծուէր կամ նշանակուէր որպէս Մեսիան կամ Քրիստոսը։ Դանիէլի ըսուեցաւ. «Գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսուներկու եօթնեակ կայ» (Դանիէլ 9։25

Մեսիային գալու ժամանակը իմանալու համար, նախ պէտք է հասկնանք թէ ո՛ր թուականէն պէտք է սկսինք հաշուել։ Ըստ մարգարէութեան, պէտք է սկսինք՝ «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն»։ Այս «հրամանը ելլել»ը ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Աստուածաշունչի գրողներէն՝ Նէեմիայի համաձայն, Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու հրամանը ելաւ «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին» (Նէեմիա 2։1, 5-8)։ Պատմաբաններ կը հաստատեն, թէ Ք.Ա. 474 տարին՝ Արտաշէսի իշխանութեան առաջին ամբողջական տարին էր։ Հետեւաբար, իր իշխանութեան 20–րդ տարին՝ Ք.Ա. 455–ն էր։ Ուրեմն, Դանիէլի մեսիական մարգարէութիւնը պէտք է սկսինք հաշուել՝ Ք.Ա. 455–էն։

Դանիէլ ցոյց կու տայ, թէ մինչեւ «Օծեալ իշխանին» գալը որքա՛ն ժամանակ պիտի անցնէր։ Մարգարէութիւնը կը նշէ «եօթը եօթնեակ ու վաթսուներկու եօթնեակ»,– ընդամէնը՝ 69 եօթնեակ կամ շաբաթ։ Այս ժամանակաշրջանը որքա՞ն պիտի երկարէր։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կը նշեն, թէ ասոնք եօթը օրերէ բաղկացած շաբաթներ չեն, այլ՝ տարիներէ բաղկացած շաբաթներ։ Այսինքն, իւրաքանչիւր եօթնեակ կը ներկայացնէ եօթը տարի։ Վաղեմի հրեաները քաջածանօթ էին տարիներէ բաղկացած շաբաթներու կամ եօթնեակներու հասկացողութեան։ Օրինակ՝ անոնք ամէն եօթներորդ տարին՝ որպէս Շաբաթ տարի կը պահէին (Ելից 23։10, 11)։ Հետեւաբար, 69 մարգարէական եօթնեակներուն կամ շաբաթներուն գումարը հաւասար է՝ 7 x 69 տարիներու, կամ ընդամէնը՝ 483 տարի։

Այժմ կը մնայ հաշիւ մը ընել։ Եթէ Ք.Ա. 455–էն սկսեալ 483 տարի հաշուենք, մեզ կը բերէ Ք.Ե. 29 թուականին։ Ասիկա այն տարին էր, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ Մեսիան եղաւ (Ղուկաս 3։1, 2, 21, 22) *։ Ասիկա Աստուածաշունչի մարգարէութեան արտակարգ կատարում մը չէ՞։

^ պարբ. 2 Ք.Ա. 455–էն մինչեւ Ք.Ա. 1–ը՝ 454 տարի է։ Ք.Ա. 1–էն մինչեւ Ք.Ե. 1–ը՝ մէկ տարի է (զէռօ տարի չկար)։ Իսկ Ք.Ե. 1–էն մինչեւ Ք.Ե. 29–ը՝ 28 տարի է։ Այս երեք թիւերը գումարելով կը ստանանք 483 տարի։ Յիսուս մահուամբ ‘կտրուեցաւ’ Ք.Ե. 33–ին, 70–րդ եօթնեակին ընթացքին (Դանիէլ 9։24, 26)։ Տե՛ս Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գիրքը, գլուխ 11, եւ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 899-901 (անգլերէն)։ Երկուքն ալ հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։