Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 14

Ընտանեկան կեանքդ ինչպէ՛ս երջանիկ ընել

Ընտանեկան կեանքդ ինչպէ՛ս երջանիկ ընել
  • Լաւ ամուսին մը ըլլալու համար ի՞նչ պահանջուած է

  • Ինչպէ՞ս կրնայ կինը յաջողիլ իր դերին մէջ՝ որպէս կողակից

  • Լաւ ծնող մը ըլլալը ի՞նչ կ’ընդգրկէ

  • Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան ընտանեկան կեանքի երջանկութեան նպաստել

1. Երջանիկ ընտանեկան կեանքի բանալին ի՞նչ է։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ կ’ուզէ որ ընտանեկան կեանքդ երջանիկ ըլլայ։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին ուղղութիւններ կը հայթայթէ, նկարագրելով իւրաքանչիւրին կատարելիք դերը։ Երբ ընտանիքի անդամներ իրենց դերը Աստուծոյ խրատին հետ ներդաշնակօրէն կատարեն, արդիւնքը շա՜տ գոհացուցիչ կ’ըլլայ։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։28

2. Ընտանեկան երջանկութիւնը ի՞նչ բան ընդունելէն կախեալ է։

2 Ընտանեկան երջանկութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ընդունելէն՝ թէ ընտանիքին ծագում Տուողը Եհովան է. Յիսուս զինք կոչեց՝ «Հայր մեր» (Մատթէոս 6։9)։ Երկրի վրայ ամէն ընտանիք գոյութիւն ունի մեր երկնաւոր Հօր շնորհիւ,– եւ ան վստահաբար գիտէ թէ ի՛նչ բան ընտանիքները երջանիկ կ’ընէ (Եփեսացիս 3։14, 15)։ Ուստի Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի դերին մասին։

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԾԱԳՈՒՄ ՈՒՆԻ

3. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ ընտանեկան կեանքի սկիզբը, եւ ուրկէ՞ գիտենք թէ ինչ որ անիկա կ’ըսէ՝ ճշմարիտ է։

3 Եհովա ստեղծեց առաջին մարդկային արարածները՝ Ադամն ու Եւան, եւ զանոնք միաւորեց որպէս այր ու կին։ Ան զանոնք երկրի վրայ գեղեցիկ դրախտային բնակավայրի մը՝ Եդեմի պարտէզին՝ մէջ դրաւ, եւ անոնց պատուիրեց որ զաւակներ ծնանին։ Եհովա ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք» (Ծննդոց 1։26-28. 2։18, 21-24)։ Ասիկա պարզապէս հեքիաթ կամ առասպել մը չէ, քանի որ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ որ Ծննդոց գիրքը կ’ըսէ ընտանեկան կեանքի սկիզբին մասին՝ ճշմարիտ է (Մատթէոս 19։4, 5)։ Թէեւ բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւենք եւ ներկայիս կեանքը Աստուծոյ նպատակադրածին պէս չէ, սակայն կարելի՛ է ընտանեկան երջանիկ կեանք մը ունենալ։ Տեսնենք թէ ինչպէս։

4. ա) Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ինչպէ՞ս կրնայ ընտանեկան երջանկութեան նպաստել։ բ) Յիսուսի կեանքը ուսումնասիրելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է ընտանեկան երջանկութեան համար։

4 Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կրնայ ընտանեկան կեանքի երջանկութեան նպաստել, սէր ցուցաբերելու մէջ Եհովայի նմանելով (Եփեսացիս 5։1, 2)։ Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ նմանիլ, մանաւանդ որ զինք չենք տեսներ։ Կրնանք Եհովայի գործելակերպին մասին սորվիլ իր անդրանիկ Որդիին միջոցաւ, զոր երկնքէն երկիր ղրկեց (Յովհաննէս 1։14, 18)։ Այս Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, երբ երկրի վրայ էր, իր երկնաւոր Հայրը այնքան լաւ կերպով ընդօրինակեց, որ զինք տեսնելը եւ իրեն մտիկ ընելը, ճիշդ նման էր Եհովան տեսնելուն եւ Անոր մտիկ ընելուն (Յովհաննէս 14։9)։ Հետեւաբար, Յիսուսի ցուցաբերած սիրոյն մասին սորվելով եւ իր օրինակին հետեւելով, իւրաքանչիւրս կրնանք ընտանեկան կեանքը աւելի երջանկացնելու նպաստել։

ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ՝ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒՆ

5, 6. ա) Ժողովքին հետ Յիսուսի վարուելու կերպը ինչպէ՞ս օրինակ կը հանդիսանայ ամուսիններուն։ բ) Մեղքերու թողութիւն ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընել։

5 Աստուածաշունչը ամուսիններուն կը պատուիրէ, որ իրենց կիներուն հետ վարուին այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վարուեցաւ։ Նկատի առ Աստուածաշունչի հետեւեալ հրահանգը. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. . . Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին» (Եփեսացիս 5։23, 25-29

6 Յիսուսի սէրը՝ իր աշակերտներէն բաղկացած ժողովքին հանդէպ, ամուսիններուն համար կատարեալ օրինակ մըն է։ Յիսուս «մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք», իր կեանքը անոնց համար զոհելով՝ թէեւ անկատար էին (Յովհաննէս 13։1. 15։13)։ Նոյնպէս, ամուսիններուն յորդոր տրուած է. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց» (Կողոսացիս 3։19)։ Ի՞նչ բան ամուսինին պիտի օգնէ այս խրատը կիրարկելու, յատկապէս եթէ իր կինը երբեմն խոհեմութեամբ չի վարուիր։ Ան պէտք է յիշէ որ ինքն ալ սխալներ ունի եւ Աստուծմէ ներում պիտի չստանայ, եթէ իր կարգին չներէ անոնց, որոնք իրեն հանդէպ սխալներ կը գործեն, ներառեալ՝ իր կինը։ Անշուշտ, կինն ալ նոյնը պէտք է ընէ (կարդա՛ Մատթէոս 6։12, 14, 15)։ Այս պատճառաւ է որ ոմանք կ’ըսեն, թէ յաջող ամուսնութիւնը՝ իրարու միշտ ներող երկու անձերու միութիւնն է։

7. Յիսուս ի՞նչ բան հաշուի առաւ, եւ այսպէս ամուսիններուն ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

7 Ամուսիններ աղէկ կ’ընեն նաեւ նկատի առնելով, թէ Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ միշտ նկատառու էր։ Ան հաշուի կ’առնէր անոնց սահմանափակումներն ու ֆիզիքական կարիքները։ Օրինակ՝ անգամ մը երբ յոգնած էին, ան ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մարկոս 6։30-32)։ Կիներն ալ ամուսիններուն կողմէ խոր նկատառութեան արժանի են։ Աստուածաշունչը զանոնք կը նկարագրէ իբրեւ «տկար անօթ» եւ ամուսիններուն կը պատուիրէ որ զանոնք ‘յարգեն’։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ թէ՛ ամուսիններ եւ թէ կիներ հաւասարապէս «կեանքի շնորհք»ը կը ստանան (Ա. Պետրոս 3։7)։ Ամուսիններ պէտք է յիշեն որ հաւատարիմ ըլլալն է որ անհատը Աստուծոյ աչքին թանկարժէք կը դարձնէ, եւ ոչ թէ՝ տղամարդ կամ կին ըլլալը (Սաղմոս 101։6

8. ա) Ի՞նչ կերպով է որ երբ ամուսին մը «իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։ բ) Ամուսինին ու իր կնոջ համար ի՞նչ կը նշանակէ «մէկ մարմին» ըլլալ։

8 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ամուսին մը որ «իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։ Քանի որ, ինչպէս Յիսուս մատնանշեց, այրն ու իր կինը «ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին» (Մատթէոս 19։6)։ Ուստի անոնք միա՛յն իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն պէտք է ունենան (Առակաց 5։15-21. Եբրայեցիս 13։4)։ Ասիկա կրնան ընել, եթէ անձնասիրաբար չվարուելով՝ մէկը միւսին կարիքը գոհացնէ (Ա. Կորնթացիս 7։3-5)։ Ուշադրութեան արժանի է հետեւեալ յիշեցումը. «Մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա»։ Ուրեմն ամուսինները պէտք է իրենց կիները սիրեն իրենց անձին պէս, մտաբերելով թէ իրենք ալ հաշիւ պիտի տան իրենց գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի (Եփեսացիս 5։29. Ա. Կորնթացիս 11։3

9. Փիլիպպեցիս 1։8–ի մէջ Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնը նշուած է, եւ ամուսիններ ինչո՞ւ այս յատկութիւնը պէտք է ցուցաբերեն իրենց կիներուն հանդէպ։

9 Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ «Քրիստոս Յիսուսին [ունեցած] գութ»ին մասին (Փիլիպպեցիս 1։8)։ Յիսուսի գութը կամ գուրգուրանքը թարմացուցիչ յատկութիւն մըն էր, որ գրաւիչ էր կիներուն համար, որոնցմէ ոմանք յետագային իր աշակերտները դարձան (Յովհաննէս 20։1, 11-13, 16)։ Արդարեւ, կիները կը տենչան որ իրենց ամուսինները իրենց հանդէպ գուրգուրանք ցոյց տան։

ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ՝ ԿԻՆԵՐՈՒՆ

10. Յիսուս ինչպէ՞ս օրինակ մը կը հայթայթէ կիներուն։

10 Ընտանիքը կազմակերպութիւն մըն է, եւ որպէսզի ամէն բան սահուն կերպով ընթանայ, անիկա պէտք ունի գլուխի մը։ Նոյնիսկ Յիսուս ունի Մէկը, որուն կ’ենթարկուի որպէս իր Գլուխը։ «Քրիստոսին գլուխը Աստուած» է, ինչպէս որ «կնոջ գլուխը այր մարդ»ն է (Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Աստուծոյ գլխաւորութեան ենթարկուելու մէջ Յիսուս ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ մեզի, քանի որ բոլորս ալ ունինք գլուխ մը, որուն պէտք է ենթարկուինք։

11. Կին մը իր ամուսինին հանդէպ ինչպիսի՞ կեցուածք պէտք է ունենայ, եւ իր վարքին շնորհիւ ի՞նչ արդիւնք կրնայ ձեռք բերուիլ։

11 Անկատար տղամարդիկ սխալներ կը գործեն եւ յաճախ կը թերանան ընտանիքի իտէալ գլուխ ըլլալու մէջ։ Այս պարագային կին մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։ Ան պէտք չէ նսեմացնէ իր ամուսինին ըրածները կամ ջանայ ստանձնել անոր գլխաւորութիւնը։ Կին մը պէտք է յիշէ թէ Աստուծոյ աչքին, հեզ ու հանդարտ հոգին խիստ պատուական է (Ա. Պետրոս 3։4)։ Այսպիսի հոգի դրսեւորելով, ան դիւրին պիտի նկատէ աստուածահաճոյ հպատակութիւն ցուցաբերելը, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կինը իր այրէն [պէտք է] ակնածի» (Եփեսացիս 5։33)։ Սակայն կինը ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ ամուսինը Քրիստոսը չ’ընդունիր որպէս իր Գլուխը։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետրոս 3։1, 2

12. Ինչո՞ւ սխալ չէ որ կինը յարգանքով իր կարծիքը արտայայտէ։

12 Ամուսինը հաւատացեալ ըլլայ կամ ոչ, կինը յարգանքի պակաս ցուցաբերած չ’ըլլար, եթէ փափկանկատօրէն յայտնէ իր կարծիքը, որ անոր կարծիքէն տարբեր է։ Թերեւս կնոջ տեսակէտը ճիշդ ըլլայ եւ ամբողջ ընտանիքը օգտուի, եթէ ամուսինը անոր մտիկ ընէ։ Օրինակ՝ թէեւ Աբրահամ համաձայն չէր, երբ իր կինը Սառա ընտանեկան որոշ խնդրի մը նկատմամբ գործնական լուծում մը յանձնարարեց, բայց Աստուած իրեն ըսաւ. «Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ» (կարդա՛ Ծննդոց 21։9-12)։ Անշուշտ, երբ ամուսինը կը կայացնէ վերջնական որոշում մը, որ Աստուծոյ օրէնքին չի հակասեր, կինը անոր թիկունք կանգնելով հպատակութիւն կը ցուցաբերէ (Գործք 5։29. Եփեսացիս 5։24

Սառա ի՞նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ կիներուն

13. ա) Տիտոս 2։4, 5–ը ամուսնացած կիները կը յորդորէ որ ի՞նչ ընեն։ բ) Աստուածաշունչը բաժանումի ու ամուսնալուծման նկատմամբ ի՞նչ կ’ըսէ։

13 Իր դերը կատարելով, կինը կրնայ իր ընտանիքին հոգատարութեան մեծապէս նպաստել։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ամուսնացած կիներ պէտք է «այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ» ըլլան (Տիտոս 2։4, 5)։ Այն կինն ու մայրը որ վերոնշեալ խրատը կը գործադրէ, պիտի շահի իր ընտանիքին մնայուն սէրն ու յարգանքը (կարդա՛ Առակաց 31։10, 28)։ Սակայն, քանի որ ամուսնութիւնը երկու անկատար անձերու միութիւնն է, կարգ մը ծայրայեղ պարագաներ բաժանումի կամ ամուսնալուծման կրնան առաջնորդել։ Թէեւ Աստուածաշունչը որոշ պարագաներու կը թոյլատրէ բաժանումը, սակայն անիկա թեթեւի պէտք չէ առնուի, քանի որ միեւնոյն ատեն Աստուածաշունչը կը պատուիրէ. «Կինը այրէն չզատուի. . . ու այրը իր կինը թող չձգէ» (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11)։ Իսկ ամուսնալուծման համար միակ աստուածաշնչական հիմն է՝ կողակիցներէն մէկուն կողմէ գործուած սեռային անբարոյութիւնը (Մատթէոս 19։9

ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ՝ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

14. Յիսուս երեխաներուն հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, եւ ծնողներ անոնց ո՞ր կարիքը պէտք է գոհացնեն։

14 Երեխաներու հետ իր վարուելու կերպով, Յիսուս կատարեալ օրինակ մը հանդիսացաւ ծնողներուն։ Երբ ուրիշներ ջանացին մանուկները արգիլել Յիսուսի մօտենալէ, ան ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ետքը ան «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք» (Մարկոս 10։13-16)։ Քանի որ Յիսուս երեխաներուն ժամանակ յատկացուց, ուրեմն դուն ալ զաւակներուդ նոյնը պէտք չէ՞ ընես։ Անոնք կարիք ունին որ իրենց հետ բաւականաչափ ժամանակ անցընես եւ ոչ թէ կարճատեւ պահեր։ Պէտք է ժամանակ տրամադրես անոնց սորվեցնելու, քանի որ Եհովա ա՛յս է որ ծնողներուն կը պատուիրէ ընել (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։4-9

15. Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակները պաշտպանելու համար։

15 Մինչ այս աշխարհին մէջ չարութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ, երեխաները ա՛լ աւելի պէտք ունին իրենց ծնողներու պաշտպանութեան, բոլոր անոնցմէ՝ որոնք կ’ուզեն իրենց վնաս հասցնել, ինչպէս՝ մանկամոլները։ Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս պաշտպանեց իր աշակերտները, որոնց ջերմօրէն կոչեց «որդեակներ»։ Երբ ձերբակալուեցաւ եւ շատ չանցած պիտի սպաննուէր, Յիսուս անոնց փախուստի ճամբայ մը գտաւ (Յովհաննէս 13։33. 18։7-9)։ Իբրեւ ծնող, պէտք է արթուն ըլլաս զաւակներուդ վնաս հասցնելու Բանսարկուին ճիգերուն նկատմամբ եւ զանոնք կանխաւ զգուշացնես (Ա. Պետրոս 5։8) *։ Անոնց ֆիզիքական, հոգեւոր ու բարոյական ապահովութիւնը, բնաւ ա՛յսքան սպառնալիքի տակ չէ եղած։

Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ երեխաներուն հետ Յիսուսի վարուելու կերպէն

16. Ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ՝ իր աշակերտներուն անկատարութիւններուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն։

16 Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, իր աշակերտները վիճաբանեցան թէ իրենց մէջ ո՛վ էր մեծը։ Փոխանակ անոնց վրայ բարկանալու, Յիսուս շարունակեց անոնց հանդէպ սիրալիր վերաբերմունք ցուցաբերել՝ խօսքով եւ օրինակով (Ղուկաս 22։24-27. Յովհաննէս 13։3-8)։ Եթէ ծնող մըն ես, կը տեսնե՞ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս զաւակներդ սրբագրելու կերպին մէջ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Ճիշդ է որ անոնք կրթութեան կարիք ունին, բայց անիկա պէտք է տրուի «չափաւորութեամբ» եւ բնաւ՝ բարկութեամբ։ Պիտի չուզես անխոհեմ խօսքեր ըսել, որոնք «սուրի պէս կը խոցոտեն» (Երեմիա 30։11. Առակաց 12։18)։ Կրթութիւնը պէտք է տրուի այնպիսի կերպով մը, որ յետագային զաւակդ անդրադառնայ թէ անիկա որքա՜ն տեղին էր (Եփեսացիս 6։4. Եբրայեցիս 12։9-11

ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ՝ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

17. Յիսուս ի՞նչ կերպով կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ զաւակներուն։

17 Զաւակներն ալ Յիսուսէն կրնա՞ն սորվիլ։ Ա՛րդարեւ։ Իր իսկ օրինակով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ զաւակները ինչպէս պէտք է հնազանդին իրենց ծնողներուն։ Ան ըսաւ. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ Ապա աւելցուց. «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհաննէս 8։28, 29)։ Յիսուս հնազանդ էր իր երկնաւոր Հօր, եւ Աստուածաշունչը զաւակներուն կը պատուիրէ որ հնազանդ ըլլան իրենց ծնողներուն (կարդա՛ Եփեսացիս 6։1-3)։ Յիսուս կատարեալ զաւակ մը ըլլալով հանդերձ, իր անկատար մարդկային ծնողքին՝ Յովսէփի ու Մարիամի հնազանդեցաւ։ Վստահաբար ասիկա Յիսուսի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին երջանկութեան նպաստեց (Ղուկաս 2։4, 5, 51, 52

18. Յիսուս ինչո՞ւ միշտ իր երկնաւոր Հօր հնազանդեցաւ, եւ որո՞նք կ’ուրախանան երբ ներկայիս զաւակները իրենց ծնողներուն կը հնազանդին։

18 Զաւակները կրնա՞ն ա՛լ աւելի Յիսուսի նմանիլ եւ իրենց ծնողները ուրախացնել։ Ճիշդ է որ անոնք երբեմն իրենց ծնողներուն հնազանդիլը դժուար կը գտնեն, բայց Աստուած զաւակներէն ա՛յս է որ կը պահանջէ (Առակաց 1։8. 6։20)։ Յիսուս մի՛շտ իր երկնաւոր Հօր հնազանդեցաւ, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Անգամ մը, երբ Աստուծոյ կամքն էր որ Յիսուս յատկապէս դժուար բան մը ընէր, ան ըսաւ. «Այս գաւաթը [որոշ պահանջ մը] ինձմէ անցուր»։ Այսուհանդերձ, Յիսուս ըրաւ այն ինչ որ Աստուած պատուիրած էր իրեն, գիտակցելով թէ իր Հայրը գիտէր թէ ինչն էր լաւագոյնը (Ղուկաս 22։42)։ Զաւակները հնազանդիլ սորվելով, շատ պիտի ուրախացնեն իրենց ծնողներն ու երկնաւոր Հայրը (Առակաց 23։22-25) *։

Փորձութեան ատեն, դեռատիները ի՞նչ բանի մասին պէտք է խորհին

19. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ դեռատիները։ բ) Զաւակներուն գէշ վարքը ծնողներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

19 Բանսարկուն Յիսուսը փորձեց, եւ վստահ ենք որ ան դեռատիներն ալ պիտի փորձէ, որպէսզի սխալ բաներ գործեն (Մատթէոս 4։1-10)։ Բանսարկու Սատանան կը գործածէ հասակակիցներու ճնշումը, որուն դէմ դնելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է որ դեռատիներ չընկերակցին չար բաներ ընողներու հետ (Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Օրինակ՝ Յակոբի դուստրը՝ Դինա, շարունակ ընկերակցեցաւ Եհովան չպաշտողներուն հետ եւ ասիկա բազմաթիւ խնդիրներու դուռ բացաւ (Ծննդոց 34։1, 2)։ Պահ մը խորհէ թէ ընտանիքը որքա՜ն պիտի վնասուի, եթէ անոր անդամներէն մէկը սեռային անբարոյութիւն գործէ (Առակաց 17։21, 25

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

20. Ընտանեկան ուրախ կեանք մը վայելելու համար, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ի՞նչ պէտք է ընէ։

20 Երբ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկուին, ընտանեկան խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելը աւելի կը դիւրանայ։ Իրականութեան մէջ, այս խրատները կիրարկելը ընտանեկան երջանկութեան բանալին է։ Ուստի ո՛վ ամուսիններ, ձեր կիները սիրեցէք եւ անոնց հետ վարուեցէք ինչպէս Յիսուս կը վարուի իր ժողովքին հետ։ Ո՛վ կիներ, ձեր ամուսիններուն գլխաւորութեան ենթարկուեցէք, եւ Առակաց 31։10-31–ի մէջ նկարագրուած առաքինի կնոջ օրինակին հետեւեցէք։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները մարզեցէք (Առակաց 22։6)։ Ո՛վ հայրեր, ‘ձեր տանը աղէկ վերակացութիւն ըրէք’ (Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5. 5։8) Եւ ո՛վ զաւակներ, ձեր ծնողներուն հնազանդեցէք (Կողոսացիս 3։20)։ Ընտանիքին ո՛չ մէկ անդամը կատարեալ է, քանի որ բոլորն ալ սխալներ կը գործեն։ Հետեւաբար, խոնարհ եղէք եւ իրարմէ ներողութիւն խնդրեցէք։

21. Մեր դիմաց ի՞նչ սքանչելի հեռանկար մը կայ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք հիմա իսկ ընտանեկան երջանիկ կեանք մը վայելել։

21 Արդարեւ, Աստուածաշունչը ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ խրատներ ու հրահանգներ բովանդակող գանձարան մըն է։ Ասկէ զատ, անիկա մեզի կը սորվեցնէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մասին, ուր Եհովան պաշտող երջանիկ մարդիկ դրախտի մէջ պիտի ապրին (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Մեր դիմաց ի՜նչ սքանչելի հեռանկար մը կայ։ Նոյնիսկ հիմա կրնանք ընտանեկան երջանիկ կեանք մը վայելել գործադրելով Աստուծոյ Խօսքին հրահանգները։

^ պարբ. 15 Երեխաները պաշտպանելու մասին օգնութիւն հայթայթուած է Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գրքին մէջ, գլուխ 32 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 18 Եթէ ծնող մը զաւակէ մը պահանջէ Աստուծոյ օրէնքը բեկանել, միայն այն ատեն երեխան իրաւունք կ’ունենայ անհնազանդ գտնուելու (Գործք 5։29