Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 1

Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին

Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին
  • Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է քեզմով

  • Ի՞նչ է Աստուծոյ բնոյթը։ Ան անուն մը ունի՞

  • Կարելի՞ է Աստուծոյ մօտենալ

1, 2. Հարցումներ ուղղելը ինչո՞ւ յաճախ օգտակար է։

ԵՐԲԵՔ նկատա՞ծ ես թէ երեխաներ ինչպիսի հարցումներ կ’ուղղեն։ Անոնցմէ շատեր կը սկսին հարցումներ ուղղել հազիւ խօսելու սկսին։ Անոնք ակնապիշ քեզի կը նային եւ հետեւեալներուն նման բաներ կը հարցնեն. ‘Երկինքը ինչո՞ւ կապոյտ է։ Աստղերը ինչէ՞ շինուած են։ Ո՞վ թռչուններուն երգել սորվեցուց’։ Թերեւս ջանաս պատասխանել, բայց միշտ ալ դիւրին չէ։ Նոյնիսկ լաւագոյն պատասխանդ կրնայ տակաւին այլ հարցումի մը առաջնորդել. ‘Ինչո՞ւ’։

2 Միայն երեխաները չեն որ հարցումներ կը հարցնեն։ Մինչ կը մեծնանք, մենք ալ մեր կարգին կը շարունակենք հարցումներ ուղղել։ Ասիկա կ’ընենք կեանքի մէջ մեր ուղղութիւնը գտնելու, իմանալու՝ թէ ո՛ր վտանգներէն պէտք է խուսափինք, կամ մեր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար։ Սակայն կը թուի թէ շատեր կը դադրին հարցումներ ուղղելէ, մանաւանդ՝ կարեւորագոյնները։ Առնուազն, անոնք կը հրաժարին պատասխաններ որոնելէ։

3. Շատեր ինչո՞ւ կը հրաժարին կարեւորագոյն հարցումներուն պատասխանները որոնելէ։

3 Պահ մը խորհէ այս գրքին կողքին վրայ, նախաբանին մէջ կամ այս գլուխին սկիզբը նշուած հարցումներուն մասին։ Ասոնք կարեւորագոյն հարցումներէն քանի մը հատն են, զորս կրնաս հարցնել։ Այսուհանդերձ, շատեր հրաժարած են ասոնց պատասխանները որոնելէ։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք Աստուածաշունչը պատասխանները ունի՞։ Ոմանք կը խորհին թէ անոր բովանդակած պատասխանները դժուարիմաց են։ Ուրիշներ կը խորհին որ հարցումներ ուղղելով կրնան նեղ կացութեան մատնուիլ։ Տակաւին ուրիշներ կ’որոշեն, թէ միայն կրօնական առաջնորդները եւ ուսուցիչները կրնան այս հարցումներուն պատասխանել. իսկ դուն ի՞նչ կ’ըսես։

4, 5. Կեանքի կարեւորագոյն հարցումներէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ինչո՞ւ պատասխանները պէտք է փնտռենք։

4 Շատ հաւանաբար հետաքրքրուած ես կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները ստանալով։ Անկասկած, երբեմն հարց կու տաս. ‘Ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Կեանքը միայն ա՞յս է։ Աստուծոյ իսկական բնոյթը ի՞նչ է’։ Այսպիսի հարցումներ ուղղելը տրամաբանական է, եւ կարեւոր է որ ձեռնթափ չըլլաս, մինչեւ որ գոհացուցիչ ու վստահելի պատասխաններ գտնես։ Համբաւաւոր ուսուցիչ՝ Յիսուս Քրիստոս, ըսաւ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մատթէոս 7։7

5 Եթէ շարունակես կարեւոր հարցումներու պատասխանները ‘փնտռել’, պիտի նկատես թէ փնտռտուքը շատ վարձահատոյց կրնայ ըլլալ (Առակաց 2։1-5)։ Ուրիշներ ի՛նչ որ ալ ըսած ըլլան քեզի, պատասխաններ կա՛ն, եւ զանոնք կրնա՛ս գտնել Աստուածաշունչին մէջ։ Պատասխանները դժուարիմաց չեն։ Ընդհակառակը, անոնք յոյս եւ ուրախութիւն կը յառաջացնեն։ Անոնք նաեւ քեզի կրնան օգնել հիմա իսկ գոհացուցիչ կեանք մը վայելելու։ Նախ եւ առաջ, նկատի առնենք շատերը շփոթեցնող հարցում մը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՈՒ ԿԱՐԾՐԱՍԻ՞ՐՏ Է

6. Ինչո՞ւ շատեր կը խորհին թէ Աստուած մարդոց տառապանքին նկատմամբ անտարբեր է։

6 Շատեր կը խորհին թէ այս հարցումին պատասխանը այո՛ է։ Անոնք կը պատճառաբանեն. ‘Եթէ Աստուած հոգածու ըլլար, աշխարհ շատ աւելի տարբեր վայր մը չէ՞ր ըլլար’։ Աշխարհը ողողուած է պատերազմով, ատելութեամբ ու թշուառութեամբ։ Անհատապէս՝ կը հիւանդանանք, կը տառապինք եւ մահը կը խլէ մեր սիրելիները։ Հետեւաբար շատեր կ’ըսեն. ‘Եթէ Աստուած մեզմով ու մեր խնդիրներով հետաքրքրուած ըլլար, ան այսպիսի բաներ պատահելուն պէտք չէ՞ր արգելք հանդիսանար’։

7. ա) Կրօնական ուսուցիչներ ինչպէ՞ս պատճառ եղած են որ շատեր խորհին թէ Աստուած կարծրասիրտ է։ բ) Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզ տառապեցնող փորձութիւններուն մասին։

7 Աւելին, կրօնական ուսուցիչներ երբեմն իրե՛նք պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ խորհին թէ Աստուած կարծրասիրտ է։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ, անոնք կ’ըսեն թէ ասիկա Աստուծոյ կամքն է։ Խորքին մէջ, այս ուսուցիչները տեղի ունեցող պատահարներուն համար Աստուած կը մեղադրեն։ Այս մէկը իրականութի՞ւն է։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Յակոբոս 1։13–ը կ’ըսէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ Ուստի աշխարհի մէջ տիրող չարութեան պատճառը երբեք Աստուած չէ (կարդա՛ Յոբ 34։10-12)։ Ճիշդ է որ ան թոյլ կու տայ որ չար բաներ պատահին, սակայն մեծ տարբերութիւն կայ բան մը թոյլատրելուն եւ զայն պատճառելուն միջեւ։

8, 9. ա) Չարութիւնը թոյլատրելուն եւ զայն պատճառելուն միջեւ եղած տարբերութիւնը ինչպէ՞ս կրնաս լուսաբանել։ բ) Ինչո՞ւ անիրաւութիւն է քննադատել Աստուծոյ որոշումը, որ մարդկութեան թոյլ տայ որ կամակոր ընթացքի մը հետեւի։

8 Օրինակ՝ պատկերացուր խոհեմ ու սիրալիր հայր մը, որ ունի ծնողական երդիքին ներքեւ ապրող չափահաս որդի մը։ Երբ ան կ’ըմբոստանայ եւ կ’որոշէ տունէն հեռանալ, հայրը արգելք չի հանդիսանար։ Որդին վատ կենցաղ մը կը վարէ եւ խնդիրներու մէջ կ’իյնայ։ Արդեօք հա՞յրն է իր որդւոյն խնդիրներուն պատճառը։ Ո՛չ (Ղուկաս 15։11-13)։ Նոյնպէս, Աստուած մարդոց արգելք չէ հանդիսացած, երբ անոնք ընտրած են սխալ ընթացքի մը հետեւիլ, բայց ասկէ յարուցուած խնդիրներուն պատճառը ինք չէ։ Հետեւաբար, անիրաւութիւն պիտի ըլլար մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն համար Աստուած մեղադրել։

9 Աստուած վաւերական պատճառներ ունի թոյլ տալու, որ մարդկութիւնը սխալ ընթացքի մը հետեւի։ Որպէս մեր իմաստուն ու հզօր Ստեղծիչը, ան ստիպուած չէ իր պատճառները մեզի բացատրել։ Սակայն Աստուած սէրէ մղուած ասիկա կ’ընէ։ Այս պատճառներուն մասին աւելի պիտի սորվիս 11–րդ գլուխին մէջ։ Բայց վստահ եղիր, որ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն պատասխանատուն Աստուած չէ։ Ընդհակառակը, ան մեզի կու տայ լուծման միակ յոյսը (Եսայի 33։2

10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած չարութեան բոլոր ազդեցութիւնները պիտի չէզոքացնէ։

10 Ասկէ զատ, Աստուած սուրբ է (Եսայի 6։3)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ան անարատ ու մաքուր է։ Անոր մէջ չարութեան հետք չկայ։ Ուստի կրնանք իրեն ամբողջովին վստահիլ։ Նոյնը չենք կրնար ըսել մարդոց մասին, որոնք երբեմն կ’ապականին։ Նոյնիսկ ամէնէն պարկեշտ հեղինակաւոր անհատը, յաճախ զօրութիւնը չունի չար մարդոց գործած վնասները չէզոքացնելու։ Բայց Աստուած ամենազօր է։ Ան կրնայ ու պիտի չէզոքացնէ մարդկութեան վրայ չարութեան բերած բոլոր հետեւանքները։ Երբ Աստուած գործի լծուի, չարիքին առյաւէտ վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԶԳԱՅ

11. ա) Աստուած անիրաւութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։ բ) Աստուած քու տառապանքիդ նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։

11 Մինչ այդ, Աստուած աշխարհի եւ քու կեանքիդ անցուդարձերուն նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։ Նախ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած «կը սիրէ իրաւունքը» (Սաղմոս 37։28)։ Ուստի ան խորապէս հետաքրքրուած է թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչ է սխալը։ Ան ամէն տեսակ անիրաւութիւն կ’ատէ։ Վաղեմի ժամանակներուն, երբ աշխարհ չարութեամբ լեցուեցաւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» (Ծննդոց 6։5, 6)։ Ան չէ փոխուած (Մաղաքիա 3։6)։ Իրեն համար տակաւին ատելի է տեսնել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքը։ Ան նաեւ ցաւ կը զգայ մարդոց տառապանքը տեսնելով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։7

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Եհովա տիեզերքի սիրալիր Ստեղծիչն է

12, 13. ա) Ինչո՞ւ սիրոյ նման լաւ յատկութիւններ ունինք, եւ սէրը ինչպէ՞ս կ’ազդէ աշխարհի հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտին։ բ) Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ թէ Աստուած աշխարհի խնդիրներուն նկատմամբ իրապէս քայլեր պիտի առնէ։

12 Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուած կ’ատէ տառապանքի ականատես ըլլալ։ Ահաւասիկ ապացոյց մը եւս։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մարդը Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած է (Ծննդոց 1։26)։ Ուստի մենք լաւ յատկութիւններ ունինք, որովհետեւ Աստուած լաւ յատկութիւններ ունի։ Օրինակ՝ երբ անմեղ մարդոց տառապանքը տեսնես, նեղութիւն կը զգա՞ս։ Եթէ այսպիսի անիրաւութիւններու համար ցաւ կը զգաս, վստահ եղիր որ Աստուած ասոնց նկատմամբ ա՛լ աւելի ցաւ կը զգայ։

13 Մարդ արարածը յատկանշող լաւագոյն բաներէն մէկն է՝ սիրելու մեր կարողութիւնը։ Ասիկա նոյնպէս Աստուծոյ անձնաւորութիւնը կ’արտացոլէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Մենք կը սիրենք, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ։ Սէրը քեզ պիտի չմղէ՞ր վերջ դնելու աշխարհին տիրող տառապանքին ու անիրաւութեան։ Եթէ ասիկա ընելու կարողութիւնը ունենայիր՝ պիտի ընէի՞ր։ Անշո՛ւշտ։ Ուստի կրնաս նոյնքան վստահ ըլլալ, որ Աստուած տառապանքին ու անիրաւութեան վերջ պիտի դնէ։ Այս գրքին նախաբանին մէջ նշուած խոստումները լոկ երազներ կամ պարապ յոյսեր չեն։ Աստուծոյ խոստումները անշո՛ւշտ պիտի իրականանան։ Սակայն այս խոստումներուն հաւատալու համար, պէտք է զանոնք խոստացող Աստուծոյն մասին աւելի գիտնաս։

ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԶԻՆՔ ՃԱՆՉՆԱՍ

Երբ կ’ուզես դուն քեզ ուրիշի մը ծանօթացնել, անունդ չե՞ս յայտներ իրեն։ Աստուած իր անունը կը յայտնէ մեզի Աստուածաշունչին մէջ

14. Աստուծոյ անունը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ պէտք է գործածենք զայն։

14 Եթէ կ’ուզես դուն քեզ ուրիշին ծանօթացնել, ի՞նչ կ’ընես։ Անունդ անհատին չե՞ս յայտներ։ Աստուած անուն մը ունի՞ արդեօք։ Բազմաթիւ կրօնքներ կը պատասխանեն թէ իր անունը «Աստուած» կամ «Տէր» է, բայց ասոնք անձնական անուններ չեն, այլ՝ տիտղոսներ, ինչպէս՝ «թագաւոր» ու «նախագահ» բառերը։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի։ Անոնցմէ են՝ «Աստուած» ու «Տէր» բառերը։ Սակայն Աստուածաշունչը նաեւ կը սորվեցնէ, թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի. Եհովա։ Սաղմոս 83։18–ը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Եթէ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնդ այս անունը չի բովանդակեր, թերեւս փափաքիս դիմել «Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը» յաւելուածին, պատճառը գիտնալու համար։ Իրականութիւնն այն է, թէ Աստուածաշունչի վաղեմի ձեռագիրներուն մէջ Աստուծոյ անունը կ’երեւի հազարաւոր անգամներ։ Ուստի Եհովա կ’ուզէ որ իր անունը գիտնաս եւ զայն գործածես։ Առումով մը, ան Աստուածաշունչը կը գործածէ ինքզինք քեզի ծանօթացնելու համար։

15. Եհովա անունը ի՞նչ կը նշանակէ։

15 Աստուած ինքզինքին իմաստալից անուն մը տուած է։ Իր անունը՝ Եհովա, կը նշանակէ թէ Աստուած ի՛նչ որ խոստանայ կրնայ կատարել եւ ի՛նչ որ նպատակադրէ կրնայ իրականացնել *։ Աստուած անզուգական անուն մը ունի, որ միայն իրեն կը պատկանի։ Եհովա բազմաթիւ պատճառներով ալ անզուգական է։ Ինչպէ՞ս։

16, 17. Եհովայի մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ հետեւեալ տիտղոսներէն. ա) «Ամենակալ», բ) «յաւիտենական Թագաւոր», գ) «Ստեղծիչ»։

16 Տեսանք թէ Սաղմոս 83։18–ը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն. . . Բարձրեալ ես»։ Նոյնպէս, միայն Եհովայի կ’ակնարկուի որպէս «Ամենակալ»։ Յայտնութիւն 15։3–ը կ’ըսէ. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու»։ «Ամենակալ» տիտղոսը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովա հզօրագոյն էակն է։ Անոր զօրութիւնը անմրցելի եւ գերազանց է։ Ա. Տիմոթէոս 1։17–ի մէջ Եհովա կոչուած է «յաւիտենական Թագաւոր»։ Այս տիտղոսը մեզի կը յիշեցնէ, որ Եհովա այլ առումով ալ անզուգական է։ Ան միակն է որ յաւէտ գոյութիւն ունեցած է։ Սաղմոս 90։2–ը կ’ըսէ. «Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած»։ Այս միտքը երկիւղ կը ներշնչէ, այդպէս չէ՞։

17 Եհովա անզուգական է նաեւ այն բանով, որ միակ Ստեղծիչն է։ Յայտնութիւն 4։10–ը կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Մտքէդ ինչ բան որ կ’անցնի,– երկնքի մէջ գտնուող անտեսանելի հոգեղէն արարածներէն մինչեւ գիշերուան երկինքը զարդարող աստղերը, ծառերուն վրայ աճող պտուղներէն մինչեւ ովկիանոսներուն ու գետերուն մէջ լողացող ձուկերը,– բոլորը գոյութիւն ունին՝ որովհետեւ Եհովան է անոնց Ստեղծիչը։

ԿՐՆԱ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ

18. Ոմանք ինչո՞ւ կը զգան թէ երբեք չեն կրնար Աստուծոյ մօտենալ, բայց Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։

18 Եհովայի երկիւղ ներշնչող յատկութիւններուն մասին կարդալը ոմանց կը վրդովեցնէ։ Անոնք կը զգան թէ Աստուած իրենցմէ ա՛յնքան վեհ է, որ երբեք չեն կրնար իրեն մօտենալ կամ ան նոյնիսկ չի նկատեր զիրենք։ Սակայն այս գաղափարը ճի՞շդ է։ Աստուածաշունչը ճիշդ ասոր հակառակը կը սորվեցնէ։ Անիկա Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կը յորդորէ մեզ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8

19. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի մօտենալու առաջին քայլը առնել, եւ ասոր օգուտը ի՞նչ է։ բ) Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները քեզի համար ամէնէն գրաւիչն են։

19 Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ։ Նախ եւ առաջ, շարունակէ ընել այն ինչ որ հիմա կ’ընես,– Աստուծոյ մասին սորվիլ։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Այո, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Եհովայի ու Յիսուսի մասին սորվիլը «յաւիտենական կեանք»ի կ’առաջնորդէ։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։16)։ Եհովա նաեւ բազմաթիւ այլ գեղեցիկ ու գրաւիչ յատկութիւններ ունի։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուած ‘ողորմած ու բարերար է, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով’ (Ելից 34։6)։ Ան «բարի ու ներող» է (Սաղմոս 86։5)։ Աստուած երկայնամիտ է (Բ. Պետրոս 3։9)։ Ան հաւատարիմ է (Եբրայեցիս 10։23)։ Մինչ կը շարունակես Աստուածաշունչը կարդալ, պիտի տեսնես որ Եհովա ինչպէ՛ս ցոյց տուած է թէ ինք ասոնք եւ բազմաթիւ այլ գրաւիչ յատկութիւններ ունի։

20-22. ա) Աստուած տեսնելու մեր անկարող ըլլալը իրեն մօտենալու արգե՞լք մըն է. բացատրէ՛։ բ) Լաւ միտում ունեցող անհատներ ի՞նչ յորդոր կրնան տալ քեզի, իսկ դուն ի՞նչ պէտք է ընես։

20 Ճիշդ է որ Աստուած չես կրնար տեսնել, քանի որ ան անտեսանելի Հոգի է (Յովհաննէս 1։18. 4։24. Ա. Տիմոթէոս 1։17)։ Սակայն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ իր մասին սորվելով, կրնաս զինք ճանչնալ որպէս Անձ։ Ինչպէս սաղմոսերգուն ալ ըսաւ, կրնաս «Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնել» (Սաղմոս 27։4. Հռովմայեցիս 1։20)։ Ո՛րքան աւելի սորվիս Եհովայի մասին, ա՛յնքան աւելի իրական պիտի ըլլայ քեզի համար ու ա՛յնքան աւելի զինք սիրելու եւ իրեն մօտիկ զգալու պատճառներ պիտի ունենաս։

Իր զաւակներուն հանդէպ բարի հօր մը տածած սէրը կ’արտացոլէ մեզի հանդէպ մեր երկնաւոր Հօր տածած աւելի մեծ սէրը

21 Պիտի սկսիս հասկնալ թէ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ կը սորվեցնէ մեզի, որ Եհովան նկատենք մեր Հայրը (Մատթէոս 6։9)։ Ան ոչ միայն մեր կեանքի Աղբիւրն է, այլեւ՝ կ’ուզէ որ լաւագոյն կեանքը ապրինք,– ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հայր մը պիտի փափաքէր իր զաւակներուն համար (Սաղմոս 36։9)։ Աստուածաշունչը նաեւ կը սորվեցնէ թէ մարդիկ կրնան Եհովայի բարեկամները ըլլալ (Յակոբոս 2։23)։ Պահ մը երեւակայէ. դուն կրնաս տիեզերքի Ստեղծիչին բարեկա՛մը ըլլալ։

22 Մինչ Աստուածաշունչէն աւելին կը սորվիս, թերեւս նկատես թէ կարգ մը լաւ միտում ունեցող անհատներ քեզ յորդորեն որ ուսումնասիրութիւնդ դադրեցնես։ Թերեւս անոնք մտահոգուին որ հաւատալիքներդ փոխես։ Բայց թոյլ մի՛ տար որ ոեւէ անհատ քեզ կասեցնէ լաւագոյն բարեկամութիւնը հաստատելէ։

23, 24. ա) Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես սորվածներուդ մասին հարցումներ ուղղել։ բ) Յաջորդ գլուխը ի՞նչ նիւթ պիտի քննարկէ։

23 Անշուշտ, սկիզբը ամէն բան պիտի չհասկնաս։ Օգնութիւն խնդրելը կրնայ քիչ մը խոնարհութիւն պահանջել, բայց ամչկոտութիւնը թող քեզ ետ չպահէ ասիկա ընելէ։ Յիսուս ըսաւ որ մանուկի մը նման խոնարհ ըլլալը օգտակար է (Մատթէոս 18։2-4)։ Եւ ինչպէս գիտենք, մանուկները շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Աստուած կ’ուզէ որ հարցումներուդ պատասխանները գտնես։ Աստուածաշունչը գովեց այն անհատները, որոնք Աստուծոյ մասին սորվելու խիստ փափաք ունէին։ Անոնք Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ քննեցին, վստահ ըլլալու համար թէ ի՛նչ որ կը սորվէին՝ ճշմարտութիւնն էր (կարդա՛ Գործք 17։11

24 Եհովայի մասին սորվելու լաւագոյն կերպը՝ Աստուածաշունչը քննելն է։ Անիկա ուրիշ գրքերէ տարբեր է։ Ի՞նչ կերպով։ Յաջորդ գլուխը այս նիւթը պիտի քննարկէ։

^ պարբ. 15 Աստուծոյ անուան նշանակութեան ու հնչումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը գտնուին «Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը» յաւելուածին մէջ։