Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 13

Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը
  • Ի՞նչ է կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

  • Ի՞նչ է արհեստական վիժումի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

  • Ինչպէ՞ս կեանքի հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերենք

1. Ո՞վ ստեղծեց բոլոր ապրող էակները։

«ԵՀՈՎԱՆ ճշմարիտ Աստուած է, անիկա կենդանի Աստուած է», ըսաւ Երեմիա մարգարէն (Երեմիա 10։10)։ Ասկէ զատ, Եհովա Աստուած բոլոր ապրող էակներուն Ստեղծիչն է։ Երկնային արարածներ ասիկա ի մտի ունենալով, ըսին. «Ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտնութիւն 4։10)։ Իսկ Աստուծոյ ուղղուած օրհներգի մը մէջ, Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է» (Սաղմոս 36։9)։ Ուստի կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է։

2. Աստուած ի՞նչ կ’ընէ մեր կեանքը պահպանելու համար։

2 Եհովա նաեւ կը պահպանէ մեր կեանքը (Գործք 17։28)։ Ան կը հայթայթէ մեր կերած ուտելիքը, մեր խմած ջուրը, մեր շնչած օդը եւ այն հողը՝ որուն վրայ կ’ապրինք (կարդա՛ Գործք 14։14-16)։ Ան այս բոլորը ըրած է այնպիսի կերպով մը, որ կեանքը հաճոյալի ըլլայ։ Սակայն կեանքը լիովին վայելելու համար, պէտք է Աստուծոյ օրէնքները սորվինք եւ անոնց հնազանդինք (Եսայի 48։17, 18

ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ՅԱՐԳԱՆՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ

3. Աստուած Աբէլի սպանութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց։

3 Աստուած կ’ուզէ որ յարգանք ունենանք կեանքի հանդէպ,– թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներուն կեանքը։ Օրինակ՝ Ադամի ու Եւայի որդին՝ Կայէն, իր կրտսեր եղբօր՝ Աբէլի դէմ շատ զայրացաւ։ Եհովա զգուշացուց Կայէնը, որ իր բարկութիւնը կրնայ զինք մղել լուրջ մեղք մը գործելու, բայց ան զգուշացումը անտեսեց։ Ան «իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա» (Ծննդոց 4։3-8)։ Եհովա այս արարքին համար զինք պատժեց (Ծննդոց 4։9-11

4. Մովսիսական օրէնքին մէջ, Աստուած ինչպէ՞ս շեշտեց կեանքի նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենալուն կարեւորութիւնը։

4 Հազարաւոր տարիներ ետք, Եհովա օրէնքներ տուաւ իսրայէլացիներուն, անոնց օգնելու որ ընդունելի կերպով ծառայեն իրեն։ Քանի որ այս օրէնքները Մովսէս մարգարէին միջոցաւ տրուեցան, անոնք երբեմն կը կոչուին Մովսիսական օրէնքը։ Այդ օրէնքներէն մէկը կ’ըսէ. «Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Բ. Օրինաց 5։17)։ Ասիկա իսրայէլացիներուն ցոյց տուաւ, թէ Աստուած մարդկային կեանքը կ’արժեւորէ, եւ մարդիկ ալ պէտք է ուրիշներուն կեանքը արժեւորեն։

5. Արհեստական վիժումի նկատմամբ մեր տեսակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

5 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ չծնած երեխայի մը կեանքին մասին։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, իր մօր արգանդին մէջ գտնուող երեխայի մը մահուան պատճառ ըլլալը սխալ էր։ Արդարեւ, նոյնիսկ սաղմին կեանքը Եհովայի աչքին արժէքաւոր է (կարդա՛ Ելից 21։22, 23. Սաղմոս 127։3)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ արհեստական վիժումը սխալ է։

6. Ինչո՞ւ պէտք չէ մարդիկը ատենք։

6 Կեանքի հանդէպ յարգանք ունենալը կը պարփակէ՝ մարդոց հանդէպ ճիշդ տեսակէտ ունենալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի» (Ա. Յովհաննէս 3։15)։ Ուստի, եթէ յաւիտենական կեանք կ’ուզենք, պէտք է մեր սրտէն արմատախիլ ընենք մարդոց հանդէպ որեւէ ատելութիւն, որովհետեւ ատելութիւնն է ամէն տեսակի բռնութեան բուն պատճառը (Ա. Յովհաննէս 3։11, 12)։ Կենսակա՛ն է որ սորվինք զիրար սիրել։

7. Ի՞նչ են կարգ մը սովորութիւններ, որոնք կեանքի հանդէպ անարգանք ցոյց կու տան։

7 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր անձնական կեանքին հանդէպ յարգանք ցուցաբերելու մասին։ Սովորաբար մարդիկ չեն փափաքիր մեռնիլ, բայց ոմանք իրենց կեանքը կը վտանգեն հաճոյքի սիրոյն։ Օրինակ՝ շատեր կը գործածեն ծխախոտ, կլկլակ կամ թմրեցուցիչ։ Այսպիսի բաներ մարմնին վնաս կը հասցնեն եւ յաճախ կը սպաննեն գործածողները։ Ասոնց գործածութիւնը սովորութիւն դարձնող անհատը կեանքը սուրբ չի նկատեր։ Այս սովորութիւնները Աստուծոյ աչքին պիղծ են (կարդա՛ Հռովմայեցիս 6։19. 12։1. Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Աստուծոյ ընդունելի կերպով ծառայելու համար, պէտք է այսպիսի սովորութիւններէ հրաժարինք, թէեւ ասիկա ընելը կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Եհովա կրնայ մեզի հարկ եղած զօրութիւնը տալ, եւ կը գնահատէ այն ջանքը որ կը թափենք, որպէսզի մեր կեանքին հետ վարուինք իբրեւ իր կողմէ տրուած թանկագին պարգեւ մը։

8. Ինչո՞ւ պէտք է մեր կեանքը վտանգներէ զերծ պահենք։

8 Եթէ կեանքը կը յարգենք, պէտք է զայն վտանգներէ զերծ պահենք։ Պարզապէս հաճոյք ստանալու կամ ոգեւորուելու սիրոյն անհոգ պիտի չըլլանք, ոչ ալ՝ մենք մեզ վտանգենք։ Պիտի խուսափինք անզգոյշ կերպով ինքնաշարժ վարելէ, նաեւ՝ վայրագ կամ վտանգաւոր մարզախաղերէ (Սաղմոս 11։5)։ Վաղեմի իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր. «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ» (Բ. Օրինաց 22։8)։ Այս օրէնքին մէջ նշուած սկզբունքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, յարկաբաժինիդ կամ տանդ աստիճանները լաւ վիճակի մէջ պահէ, որպէսզի ոեւէ մէկը սահելով չիյնայ եւ գէշ կերպով չվիրաւորուի։ Եթէ ինքնաշարժ մը ունիս, վստահ եղիր որ ապահով է վարելու համար։ Թոյլ մի՛ տար որ տունդ կամ ինքնաշարժդ վտանգ հանդիսանայ քեզի կամ ուրիշներուն։

9. Եթէ կեանքը կը յարգենք, անասուններուն հետ ինչպէ՞ս պիտի վարուինք։

9 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անասուններու կեանքին մասին։ Անոնց կեանքն ալ Ստեղծիչին աչքին սուրբ է։ Աստուած կը թոյլատրէ անասունները մեռցնել՝ ուտելիք ու հագուելիք ձեռք ձգելու կամ մարդիկը վտանգէ պաշտպանելու համար (Ծննդոց 3։21. 9։3. Ելից 21։28)։ Սակայն անասուններուն հետ անողորմօրէն վարուիլը կամ հաճոյքի համար զանոնք սպաննելը սխալ է եւ կեանքի սրբութեան նկատմամբ բացարձակ անարգանք կը ցուցաբերէ (Առակաց 12։10

ԱՐԻՒՆԻ ՀԱՆԴԷՊ ՅԱՐԳԱՆՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ

10. Աստուած ինչպէ՞ս ցոյց տուած է թէ կեանքին ու արեան միջեւ կապ մը կայ։

10 Կայէն իր եղբայրը սպաննելէ ետք, Եհովան անոր ըսաւ. «Քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ» (Ծննդոց 4։10)։ Երբ Աստուած Աբէլի արեան մասին խօսեցաւ, նկատի ունէր Աբէլի կեանքը։ Կայէն Աբէլի կեանքին վերջ դրած էր, եւ այժմ պէտք էր պատժուէր։ Կարծես թէ Աբէլի արիւնը կամ կեանքը Եհովայի կը բողոքէր՝ արդարութեան համար։ Կեանքի ու արեան միջեւ եղած կապը դարձեալ պարզուեցաւ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք։ Ջրհեղեղէն առաջ մարդիկ կ’ուտէին միայն պտուղ, բանջարեղէն, հացահատիկ եւ ընկոյզի տեսակներ։ Ջրհեղեղէն ետք, Եհովա Նոյի ու անոր որդիներուն ըսաւ. «Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ»։ Սակայն Աստուած սա արգելքը դրաւ. «Միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք» (Ծննդոց 1։29. 9։3, 4)։ Յստակ է ուրեմն, որ Եհովա սերտօրէն կ’առնչէ արարածի մը կեանքը անոր արիւնին։

11. Նոյի օրերէն ի վեր, Աստուած արեան ո՞ր գործածութիւնը արգիլած է։

11 Արեան հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերենք՝ զայն չուտելով։ Իսրայէլացիներուն տուած իր Օրէնքին մէջ, Եհովա պատուիրեց. «Եթէ. . . մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։ . . .Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք’» (Ղեւտացւոց 17։13, 14)։ Անասունի արիւն չուտելու Աստուծոյ պատուէրը, որ նախ տրուեցաւ Նոյի՝ շուրջ 800 տարի առաջ, տակաւին ի զօրու էր։ Եհովայի տեսակէտը յստակ էր. իր ծառաները անասունի միս կրնային ուտել, բայց ոչ՝ արիւնը։ Անոնք պէտք էր արիւնը գետին թափէին, այսպիսով՝ արարածին կեանքը Աստուծոյ վերադարձուցած կ’ըլլային։

12. Առաջին դարուն, սուրբ հոգիին կողմէ արեան նկատմամբ ի՞նչ պատուէր տրուեցաւ, որ տակաւին ի զօրու է։

12 Նոյնանման պատուէր մը տրուեցաւ քրիստոնեաներուն։ Առաքեալները եւ ուրիշ տղամարդիկ, որոնք Յիսուսի հետեւորդներուն մէջ առաջնորդութիւնը առած էին, ժողվուեցան որոշելու համար թէ քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները ո՛ր պատուիրաններուն պէտք էր հնազանդէին։ Անոնք հետեւեալ եզրակացութեան յանգեցան. «Աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ [արիւնը միսին մէջ ձգուած] եւ պոռնկութենէ» (Գործք 15։28, 29. 21։25)։ Ուստի մենք ալ պէտք է ‘արիւնէ ետ կենանք’։ Աստուծոյ աչքին ասիկա ընելը նո՛յնքան կարեւոր է, ո՛րքան կռապաշտութենէ ու սեռային անբարոյութենէ ետ կենալը։

Եթէ բժիշկը քեզի ըսէ որ ոգելից ըմպելիներէ ետ կենաս, զայն երակներուդ մէջ կը ներարկե՞ս

13. Լուսաբանէ՛ թէ արիւնէ ետ կենալու պատուէրը ինչո՛ւ կը պարփակէ արեան ներարկումը։

13 Արիւնէ ետ կենալու պատուէրին մէջ արեան ներարկումը պարփակուա՞ծ է։ Այո՛։ Լուսաբանենք. ենթադրենք որ բժիշկ մը քեզի կ’ըսէ որ ոգելից ըմպելիներէ ետ կենաս։ Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ՞ թէ պէտք չէ ոգելից ըմպելի խմես, բայց կրնաս զայն երակներուդ մէջ ներարկել։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Նոյնպէս, արիւնէ ետ կենալ կը նշանակէ՝ զայն բնա՛ւ մեր մարմնին մէջ չընդունիլ։ Ուրեմն արիւնէ ետ կենալու պատուէրը կը նշանակէ՝ թոյլ չտալ ոեւէ անհատի որ մեր երակներուն մէջ արիւն ներարկէ։

14, 15. Եթէ բժիշկներ ըսեն թէ քրիստոնեան արեան ներարկում պէտք է ստանայ, ան ինչպէ՞ս պէտք է հակազդէ եւ ինչո՞ւ։

14 Ի՞նչ ըսել, եթէ քրիստոնեայ մը լրջօրէն վիրաւորուի կամ մեծ վիրաբուժութեան մը կարիք ունենայ։ Ենթադրենք որ բժիշկները ըսեն, թէ ան պէտք է արեան ներարկում ունենայ, այլապէս՝ կը մեռնի։ Անշուշտ ան չ’ուզեր մեռնիլ։ Աստուծոյ թանկարժէք պարգեւը՝ կեանքը, պահպանելու ջանքով, ան պիտի ընդունի այլ դարմանումներ, որոնք արեան սխալ գործածութիւն չեն պարփակեր։ Ուստի քրիստոնեան կը ջանայ այս տեսակի բժշկական խնամք ստանալ, եթէ մատչելի է, եւ կ’ընդունի արիւն չպարունակող փոխընտրութիւններ։

15 Քրիստոնեայ մը Աստուծոյ օրէնքը պիտի բեկանէ՞, պարզապէս այս աշխարհին մէջ իր կեանքը քիչ մը եւս երկարելու համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա» (Մատթէոս 16։25Մենք չենք ուզեր մեռնիլ, բայց եթէ Աստուծոյ օրէնքը բեկանելով ջանանք մեր հիմակուան կեանքը ազատել, այդ պարագային պիտի դիմագրաւենք յաւիտենական կեանքը կորսնցնելու վտանգը։ Ուստի իմաստութիւն է որ ապաւինինք Աստուծոյ օրէնքին, որ միշտ արդարացի է, լման վստահութիւն ունենալով որ եթէ որեւէ պատճառով մեռնինք, մեր Կենսատուն պիտի յիշէ մեզ եւ յարութեամբ մեզի ետ պիտի պարգեւէ թանկագին կեանքը (Յովհաննէս 5։28, 29. Եբրայեցիս 11։6

16. Աստուծոյ ծառաները արեան նկատմամբ հաստատօրէն ի՞նչ կը վճռեն ընել։

16 Ներկայիս, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները հաստատօրէն կը վճռեն արեան նկատմամբ իր ուղղութեան հետեւիլ։ Անոնք արիւն չեն ուտեր ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ, ոչ ալ զայն կ’ընդունին առողջապահական պատճառներով *։ Անոնք վստահ են թէ արիւնը Ստեղծողը գիտէ թէ ի՛նչն է իրենց համար լաւագոյնը։ Դուն ալ վստա՞հ ես։

ԱՐԵԱՆ ՄԻԱԿ ՊԱՏՇԱՃ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

17. Վաղեմի իսրայէլի մէջ, Եհովա Աստուծոյ ընդունելի եղող արեան միակ գործածութիւնը ի՞նչ էր։

17 Մովսիսական օրէնքը ընդգծեց արեան միակ պատշաճ գործածութիւնը։ Վաղեմի իսրայէլացիներէն պահանջուած պաշտամունքին նկատմամբ, Եհովա պատուիրեց. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է» (Ղեւտացւոց 17։11)։ Երբ իսրայէլացիները մեղանչէին, անոնք կրնային ներում ստանալ անասուն մը զոհելով եւ անոր արիւնէն մաս մը սրսկելով խորանին զոհասեղանին վրայ, իսկ յետագային՝ Աստուծոյ տաճարին մէջ գտնուող զոհասեղանին վրայ։ Արեան միակ պատշաճ գործածութիւնը զոհ մատուցանելու միջոցին էր։

18. Յիսուսի թափուած արեան միջոցաւ ի՞նչ օգուտներ եւ օրհնութիւններ կրնանք ձեռք ձգել։

18 Ճշմարիտ քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին ներքեւ չեն, հետեւաբար անասնական զոհեր չեն մատուցաներ, ոչ ալ անասուններու արիւնը զոհասեղանի մը վրայ կը սրսկեն (Եբրայեցիս 10։1)։ Սակայն վաղեմի Իսրայէլի մէջ, զոհասեղանին վրայ արեան գործածութիւնը նախապատկերացուց Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի թանկագին զոհը։ Ինչպէս այս գրքին 5–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, Յիսուս իր մարդկային կեանքը մեզի համար տուաւ, թոյլ տալով որ իր արիւնը թափուի իբր զոհ։ Ապա ան երկինք համբարձաւ եւ իր թափուած արեան արժէքը միանգամ ընդմիշտ Աստուծոյ ներկայացուց (Եբրայեցիս 9։11, 12)։ Ասիկա մեր մեղքերու թողութեան հիմը դրաւ եւ ճամբան հարթեց որ յաւիտենական կեանք ունենանք (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 3։16)։ Արեան այս գործածութիւնը մեզի համար որքա՜ն կարեւոր եղած է (Ա. Պետրոս 1։18, 19)։ Միա՛յն Յիսուսի թափուած արեան արժէքին հաւատք ընծայելով է որ կրնանք փրկուիլ։

Ինչպէ՞ս կրնաս կեանքի ու արեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերել

19. ‘Ամէնուն արիւնէն անպարտ’ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ Եհովա Աստուծոյ՝ կեանքի սիրալիր կարգադրութեան համար։ Ասիկա իր կարգին մեզ պէտք չէ՞ մղէ ուրիշներուն խօսելու՝ Յիսուսի զոհին հաւատք ընծայելով յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու պատեհութեան մասին։ Մարդոց կեանքին հանդէպ Աստուծոյ ունեցած հետաքրքրութիւնը բաժնելը մեզ պիտի մղէ, որ ասիկա եռանդունօրէն ու նախանձախնդրութեամբ ընենք (կարդա՛ Եզեկիէլ 3։17-21)։ Եթէ այս պատասխանատուութիւնը ժրաջանօրէն կատարենք, պիտի կարենանք Պօղոս առաքեալին նման ըսել. «Ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ» (Գործք 20։26, 27)։ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ուրիշներուն խօսիլը ընտիր կերպ մըն է ցոյց տալու, թէ կեանքն ու արիւնը մեծապէս կ’արժեւորենք։

^ պարբ. 16 Արեան ներարկման փոխընտրութիւններուն մասին, տե՛ս Արիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փրկել ձեր կեանքը գրքոյկը, էջ 13-17 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։