Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 7

Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար

Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար
  • Ինչպէ՞ս գիտենք թէ յարութիւնը իրապէս տեղի պիտի ունենայ

  • Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա կը փափաքի մեռելները յարուցանել

  • Որո՞նք պիտի յարուցանուին

1-3. Ո՞ր թշնամին բոլորս կը հալածէ, եւ այդ մասին Աստուածաշունչին սորվեցուցածը նկատի առնելը ինչո՞ւ մեզ որոշ չափով պիտի հանգստացնէ։

ՊԱՀ մը երեւակայէ որ դաժան թշնամի մը քեզ կը հալածէ։ Ան քեզմէ շատ աւելի զօրաւոր եւ արագաշարժ է։ Գիտես թէ ան անգութ է, քանի որ տեսած ես թէ ան բարեկամներէդ մէկ քանին սպաննած է։ Որքա՛ն ալ ջանաս իրմէ խոյս տալ, ան հետզհետէ աւելի կը մօտենայ քեզի։ Այլեւս յոյսդ կը կտրես։ Բայց յանկարծ, քու կողքիդ ազատարար մը կը յայտնուի։ Ան թշնամիէդ շատ աւելի զօրաւոր է եւ կը խոստանայ քեզի օգնել։ Ասիկա որքա՜ն կը հանգստացնէ քեզ։

2 Առումով մը, այսպիսի թշնամի մը ի՛րապէս քեզ կը հալածէ. իրականութեան մէջ, բոլո՛րս կը հալածէ։ Ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ սորվեցանք, Աստուածաշունչը մահը կը կոչէ թշնամի մը։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ անոր դիմադրել կամ անկէ խոյս տալ։ Մեր մեծամասնութիւնը տեսած է որ այս թշնամին մեր սիրելիներուն կեանքը կը խլէ։ Բայց Եհովա մահէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Ան սիրալիր Ազատարարն է, որ արդէն ցոյց տուած է թէ կրնայ այդ թշնամիին, այսինքն՝ մահուան յաղթել, խոստանալով զայն միանգամ ընդմիշտ կործանել։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ասիկա իսկապէս բարի լուր մըն է։

3 Այժմ հակիրճ ակնարկ մը նետենք թէ այս թշնամին՝ մահը, ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեզի, երբ մեր սիրելիներէն մէկը մահանայ։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ գնահատելու խոստում մը, որ մեզ շատ աւելի պիտի ուրախացնէ։ Եհովա կը խոստանայ որ մեռելները դարձեալ պիտի ապրին (Եսայի 26։19)։ Անոնք ետ կեանքի պիտի բերուին։ Ա՛յս է յարութեան յոյսը։

ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ

4. ա) Սիրելիի մը մահուան նկատմամբ Յիսուսի հակազդեցութիւնը, ինչո՞ւ մեզի Եհովայի զգացումներուն մասին կը սորվեցնէ։ բ) Յիսուս որո՞նց հետ մտերիմ բարեկամութիւն հաստատեց։

4 Մահը սիրելիներէդ մէկը խլա՞ծ է։ Վիշտը, կսկիծը եւ անօգնական ըլլալու զգացումը անտանելի կը թուին։ Այսպիսի ատեններ, մխիթարութեան համար Աստուծոյ Խօսքին դիմելու պէտքը կը զգանք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Եհովա ու Յիսուս մահուան նկատմամբ ի՛նչ կը զգան։ Յիսուս, որ կատարելապէս իր Հայրը արտացոլեց, սիրելիի մը մահուան պատճառած կսկիծը կը հասկնար (Յովհաննէս 14։9)։ Երբ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ գտնուէր, ան սովորաբար կ’այցելէր Ղազարոսի ու անոր քոյրերուն՝ Մարիամի ու Մարթայի, որոնք մօտակայ Բեթանիոյ մէջ կ’ապրէին։ Անոնք սերտ բարեկամներ եղան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը» (Յովհաննէս 11։5)։ Սակայն ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, Ղազարոս մահացաւ։

5, 6. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Ղազարոսի սգացող ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ էր։ բ) Յիսուսի վիշտը ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ։

5 Յիսուս իր բարեկամին մահուան նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։ Արձանագրութիւնը կը նշէ թէ Յիսուս Ղազարոսի ազգականներուն ու բարեկամներուն քով եկաւ, երբ անոնք կը սգային։ Զանոնք տեսնելով, Յիսուս խորապէս յուզուեցաւ։ Ան «իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ»։ Ապա, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս լացաւ» (Յովհաննէս 11։33, 35)։ Յիսուսի զգացած վիշտը նշանակե՞ց թէ յոյս չունէր։ Բնա՛ւ երբեք։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս գիտէր թէ սքանչելի բան մը տեղի պիտի ունենար (Յովհաննէս 11։3, 4)։ Ասով հանդերձ, ան մահուան պատճառած վիշտն ու ցաւը զգաց։

6 Առումով մը, Յիսուսի վիշտը մեզ կը քաջալերէ։ Անիկա մեզի կը սորվեցնէ թէ Յիսուսն ու իր Հայրը՝ Եհովան, մահը կ’ատեն։ Սակայն Եհովա Աստուած կարող է այդ թշնամին նուաճել։ Այժմ տեսնենք թէ Աստուած Յիսուսը ի՛նչ ընելու կարող դարձուց։

«ՂԱ՛ԶԱՐՈՍ, ԴՈՒՐՍ ԵԿՈՒՐ»

7, 8. Մարդոց տեսանկիւնէն դիտուած, Ղազարոսի պարագան ինչո՞ւ անյոյս թուած ըլլալու էր, բայց Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

7 Ղազարոս քարայրի մը մէջ թաղուած էր։ Յիսուս խնդրեց որ անոր մուտքը փակող քարը մէկդի դրուի։ Մարթա առարկեց, քանի որ չորս օր անցնելով, Ղազարոսի դիակը հոտելու սկսած ըլլալու էր (Յովհաննէս 11։39)։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, ի՞նչ յոյս կար։

Ղազարոսի յարութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց (Յովհաննէս 11։38-44)

8 Քարը մէկ կողմ հրուեցաւ, եւ Յիսուս բարձրաձայն կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ «Մեռելն ալ ելաւ» (Յովհաննէս 11։43, 44)։ Կրնա՞ս պատկերացնել հոն ներկայ եղողներուն ուրախութիւնը։ Ղազարոսի ազգականները, բարեկամներն ու դրացիները, բոլորն ալ գիտէին թէ ան մահացած էր։ Բայց ահաւասի՛կ իրենց սիրելին, իրենց դիմաց կայնած էր։ Ասիկա շա՜տ անհաւատալի թուած ըլլալու էր։ Անկասկած շատեր ուրախութեամբ ողջագուրեցին Ղազարոսը։ Ի՛րապէս մահուան վրայ յաղթանակ մը տարուած էր։

Եղիա որբեւայրիի մը տղան յարուցանեց (Գ. Թագաւորաց 17։17-24)

9, 10. ա) Յիսուս ի՞նչ կերպով բացայայտեց թէ Ղազարոսի յարութեան Աղբիւրը Եհովան է։ բ) Աստուածաշունչի յարութեան արձանագրութիւնները կարդալուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

9 Յիսուս չդաւանեցաւ որ այս հիանալի հրաշքը անձամբ կատարեց։ Ղազարոսը կանչելէն քիչ առաջ, ան իր աղօթքին մէջ բացայայտ դարձուց թէ յարութեան Աղբիւրը Եհովան էր (կարդա՛ Յովհաննէս 11։41, 42)։ Ասիկա միակ պարագան չէր որ Եհովա իր զօրութիւնը այս կերպով գործածեց։ Ղազարոսի յարութիւնը Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած ինը յարութիւններէն միա՛յն մէկն է *։ Այս արձանագրութիւնները կարդալը եւ ուսումնասիրելը հաճոյալի են։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ Աստուած անաչառ է, որովհետեւ յարութիւն առնողներուն մէջ կան՝ չափահասներ ու անչափահասներ, տղամարդիկ ու կիներ, իսրայէլացիներ ու այլ ազգի պատկանողներ։ Յարութեան այս արձանագրութիւնները ի՜նչ մեծ ուրախութիւն կը նկարագրեն։ Օրինակ՝ երբ Յիսուս աղջնակ մը մեռելներէն յարուցանեց, անոր ծնողները «շատ ապշեցան» (Մարկոս 5։42)։ Արդարեւ, Եհովա անոնց տուած էր ուրախութեան պատճառ մը, որ երբե՛ք պիտի չմոռնային։

Պետրոս առաքեալ Այծեմնիկ անունով քրիստոնեայ կին մը յարուցանեց (Գործք 9։36-42)

10 Անշուշտ, Յիսուսի յարուցանած անհատները ի վերջոյ դարձեալ մեռան։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ զանոնք յարուցանելը անիմաստ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Աստուածաշունչի այս արձանագրութիւնները կարեւոր ճշմարտութիւններ կը հաստատեն եւ մեզի յոյս կու տան։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻԼ

11. Ղազարոսի յարութեան արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Ժողովող 9։5–ի մէջ արձանագրուած ճշմարտութիւնը։

11 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մեռելները «բան մը չեն գիտեր»։ Անոնք ողջ չեն եւ որեւէ տեղ որպէս գիտակից արարած գոյութիւն չունին։ Ղազարոսի յարութեան արձանագրութիւնը ասիկա կը հաստատէ։ Երբ Ղազարոս կեանքի վերադարձաւ, ան երկնքի մասին նկարագրութիւններ տալով մարդիկը ապշեցո՞ւց. կամ՝ կրակոտ դժոխքի մը մասին վախազդու պատմութիւններ պատմելով զանոնք սարսափեցո՞ւց։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչին մէջ Ղազարոսի կողմէ ըսուած այսպիսի խօսքեր չկան։ Այն չորս օրերուն ընթացքին, որ Ղազարոս մեռած էր, ան ‘բան մը չէր գիտեր’ (Ժողովող 9։5)։ Ան պարզապէս մահուան քունի մէջ էր (Յովհաննէս 11։11

12. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Ղազարոսի յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցաւ։

12 Ղազարոսի յարութեան արձանագրութիւնը նաեւ կը սորվեցնէ մեզի, թէ յարութիւնը իրականութիւն է եւ ոչ թէ պարզապէս առասպել։ Յիսուս Ղազարոսը յարուցանեց ականատեսներու բազմութեան մը առջեւ։ Նոյնիսկ Յիսուսը ատող կրօնական առաջնորդներ չուրացան այս հրաշքը։ Փոխարէն, անոնք ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը [Յիսուս] շատ հրաշքներ կ’ընէ» (Յովհաննէս 11։47)։ Շատեր գացին յարուցեալ Ղազարոսը տեսնելու։ Որպէս արդիւնք, ա՛լ աւելի անհատներ Յիսուսի հաւատք ընծայեցին։ Անոնք Ղազարոսի յարութիւնը նկատեցին կենդանի ապացոյց մը, թէ Յիսուս Աստուծմէ ղրկուած էր։ Այս ապացոյցը ա՛յնքան զօրաւոր էր, որ կարծրասիրտ հրեայ կրօնական առաջնորդներէն ոմանք ծրագրեցին սպաննել թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը (Յովհաննէս 11։53. 12։9-11

13. Ի՞նչ հիմ ունինք հաւատալու թէ Եհովա ի՛րապէս կրնայ մեռելները յարուցանել։

13 Յարութիւնը որպէս իրողութիւն ընդունիլը անտրամաբանակա՞ն է։ Ո՛չ, որովհետեւ Յիսուս սորվեցուց թէ օրին մէկը «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները» պիտի յարուցանուին (Յովհաննէս 5։28)։ Եհովա կեանք ունեցող բոլոր բաներուն Ստեղծիչն է։ Ուստի դժուա՞ր է հաւատալ թէ ան կրնայ կեանքը վերստեղծել։ Անշուշտ շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ Եհովայի յիշողութենէն։ Ան կրնա՞յ մեր մահացած սիրելիները յիշել։ Տիեզերքին մէջ միլիառաւոր աստղեր կան, բայց եւ այնպէս՝ Եհովան իւրաքանչիւրին անունը գիտէ (Եսայի 40։26)։ Ուստի ան կրնայ մեր մահացած սիրելիները յիշել ամենայն մանրամասնութեամբ, եւ պատրաստ է զանոնք ետ կեանքի բերելու։

14, 15. Ըստ Յոբի, ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա կը փափաքի մեռելները յարուցանել։

14 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Եհովա մեռելները յարուցանելու կը տենչայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Հաւատարիմ Յոբ հարց տուաւ. «Եթէ մարդը մեռնի, արդեօք դարձեալ պիտի ապրի՞»։ Յոբ հոս կը խօսէր գերեզմանին մէջ սպասելուն մասին, մինչեւ զինք յիշելու Աստուծոյ որոշած ժամանակին գալը։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Պիտի կանչես, ու ես քեզի պիտի պատասխանեմ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս» (Յոբ 14։13-15, ԱԾ

15 Պահ մը խորհէ։ Եհովա անձկագին կը սպասէ այն ժամանակին, երբ մեռելները ետ կեանքի պիտի բերէ։ Մեր սիրտը չի՞ տոգորուիր, երբ գիտնանք թէ Եհովա այսպէս կը զգայ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ապագային տեղի ունենալիք յարութեան մասին։ Որո՞նք պիտի յարուցանուին եւ ո՞ւր։

«ԲՈԼՈՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐԸ»

16. Մեռելները ինչպիսի՞ պայմաններու ներքեւ ապրելու համար պիտի յարուցանուին։

16 Աստուածաշունչի յարութեան արձանագրութիւնները, մեզի շա՜տ բան կը սորվեցնեն ապագային տեղի ունենալիք յարութեան մասին։ Անցեալին, երկրի վրայ յարութիւն առնողները իրենց սիրելիներուն վերամիացան։ Ապագայ յարութիւնը ասոր նման պիտի ըլլայ,– բայց շա՜տ աւելի լաւը։ Ինչպէս 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, Աստուծոյ նպատակն է՝ ամբողջ երկրագունդը դրախտի վերածել։ Ուստի մեռելները պիտի չյարուցանուին՝ պատերազմով, ոճիրով ու հիւանդութեամբ լի աշխարհի մը մէջ։ Այլ, անոնք պատեհութիւնը պիտի ունենան այս երկրին վրայ խաղաղ ու երջանիկ պայմաններու ներքեւ յաւիտեան ապրելու։

17. Որո՞նք պիտի յարուցանուին։

17 Որո՞նք պիտի յարուցանուին։ Յիսուս ըսաւ թէ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [իր] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Նոյնպէս, Յայտնութիւն 20։13–ը կ’ըսէ. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը [յունարէն՝ Հատէս] իրենց մէջի մեռելները տուին» (տե՛ս «Ի՞նչ են Շէօլը եւ Հատէսը» յաւելուածը)։ Բոլոր գերեզմանները պիտի պարպուին։ Հոն ննջող միլիառաւորները դարձեալ պիտի ապրին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Դրախտին մէջ, մեռելները պիտի յարուցանուին եւ իրենց սիրելիներուն պիտի վերամիանան

18. Յարութիւն առնող «արդարներուն» մէջ որո՞նք կան, եւ այս յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի ազդել։

18 «Արդարներուն» մէջ կան շատեր, որոնք ապրեցան Յիսուս երկիր չեկած։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք անոնց մասին, ինչպէս՝ Նոյ, Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Հռութ, Եսթեր եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը կը խօսի հաւատքի տէր այս կարգ մը տղամարդոց ու կիներուն մասին։ Սակայն «արդարներուն» մէջ կան նաեւ մեր օրերուն մահացող՝ Եհովայի ծառաներ։ Յարութեան յոյսին շնորհիւ, մահուան վախէն կրնանք ազատագրուիլ (Եբրայեցիս 2։15

19. Որո՞նք են «մեղաւորներ»ը, եւ Եհովա քաղցրօրէն ի՞նչ պատեհութիւն կ’ընծայէ անոնց։

19 Ի՞նչ կարելի է ըսել այն անհատներուն մասին, որոնք Եհովայի չծառայեցին կամ չհնազանդեցան, որովհետեւ զինք երբեք չէին ճանչցած։ Եհովա այս միլիառաւոր «մեղաւորներ»ը պիտի չմոռնայ։ Անոնք ալ պիտի յարուցանուին եւ անոնց ժամանակ պիտի տրուի, որ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին սորվին եւ անոր ծառայեն։ Հազար տարուան մը ընթացքին, մեռելները պիտի յարուցանուին եւ անոնց պատեհութիւն պիտի տրուի, որ երկրի վրայ գտնուող հաւատարիմ մարդոց միանալով Եհովայի ծառայեն։ Ասիկա հոյակապ ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, զոր Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ Դատաստանի օր *։

20. Ի՞նչ է գեհենը, եւ որո՞նք հոն կ’երթան։

20 Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ցարդ ապրած բոլոր մարդիկ պիտի յարուցանուին։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մեռելներէն ոմանք «գեհեն»ին մէջ են (Ղուկաս 12։5, ԱԾ)։ Գեհենը վաղեմի Երուսաղէմէն դուրս գտնուող աղբանոցի մը անունն էր։ Հոն կ’այրէին աղբեր ու անհատներու դիակներ, որոնք՝ ըստ հրեաներուն՝ արժանի չէին թաղուելու եւ յարուցանուելու։ Ուստի գեհենը յաւիտենական բնաջնջումի յարմար խորհրդանիշ մըն է։ Թէեւ ողջերն ու մեռելները դատելու մէջ Յիսուս դեր պիտի ունենայ, բայց վերջնական Դատաւորը Եհովան է (Գործք 10։42)։ Ան երբե՛ք պիտի չյարուցանէ անոնց, որոնք իր աչքին ամբարիշտ են եւ չեն ուզեր փոխուիլ։

ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

21, 22. ա) Ուրիշ ի՞նչ տեսակի յարութիւն կայ։ բ) Ո՞վ էր առաջին անհատը, որ յարութիւն ստացաւ որպէս հոգեղէն արարած։

21 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ակնարկէ ա՛յլ տեսակի յարութեան մը. որպէս հոգեղէն արարած երկինքի մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ այս տեսակ յարութեան միայն մէկ օրինակ կայ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը։

22 Յիսուս մեռնելէ ետք, Եհովա թոյլ չտուաւ որ իր հաւատարիմ Որդին գերեզմանը մնայ (Սաղմոս 16։10. Գործք 13։34, 35)։ Ան Յիսուսը յարուցանեց, բայց ո՛չ որպէս մարդ արարած։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց, թէ Քրիստոս «թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով» (Ա. Պետրոս 3։18)։ Ասիկա իսկապէս մե՜ծ հրաշք մըն էր։ Յիսուս դարձեալ ողջ էր որպէս հզօր հոգեղէն արարած (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։3-6)։ Յիսուս ցարդ առաջինն էր, որ այս տեսակի փառաւոր յարութիւն մը կը ստանար, բայց վերջինը պիտի չըլլար (Յովհաննէս 3։13

23, 24. Յիսուսի «պզտիկ հօտ»ը որոնցմէ՞ եւ քանի՞ հոգիէ բաղկացած է։

23 Գիտնալով որ շուտով երկինք պիտի վերադառնար, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ըսաւ թէ իրենց համար հոն ‘տեղ պիտի պատրաստէր’ (Յովհաննէս 14։2)։ Յիսուս երկինք գացողներուն ակնարկեց որպէս իր «պզտիկ հօտ»ը (Ղուկաս 12։32)։ Հաւատարիմ քրիստոնեաներէ բաղկացած այս յարաբերաբար պզտիկ խումբին մէջ քանի՞ հոգի պիտի ըլլայ։ Ըստ Յայտնութիւն 14։1–ի, Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ. «Տեսայ, որ Գառնուկը [Յիսուս Քրիստոս] կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։

24 Այս 144,000 քրիստոնեաները, մէջը ըլլալով Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալները, կը յարուցանուին երկինքի մէջ ապրելու համար։ Այս յարութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ անիկա տեղի պիտի ունենար Քրիստոսի ներկայութեան ժամանակ (Ա. Կորնթացիս 15։23, ՆԱ)։ Ինչպէս 9–րդ գլուխին մէջ պիտի սորվինք, այժմ մենք կ’ապրինք այդ ժամանակին մէջ։ Ուստի 144,000–էն մնացողները, երբ մեր օրերուն մահանան, անմիջապէս կը յարուցանուին՝ երկինքի մէջ ապրելու համար (Ա. Կորնթացիս 15։51-55)։ Սակայն մարդկութեան մեծամասնութիւնը, ապագային երկրային Դրախտին մէջ յարութիւն առնելու հեռանկարը ունի։

25. Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

25 Այո, Եհովա իրապէս պարտութեան պիտի մատնէ մեր թշնամին՝ մահը եւ զայն յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ (կարդա՛ Եսայի 25։8)։ Այսուհանդերձ, թերեւս հարց տաս. ‘Երկինք գացողները հոն ի՞նչ պիտի ընեն’։ Անոնք երկինքի մէջ սքանչելի կառավարութեան մը մաս պիտի կազմեն։ Այս կառավարութեան մասին աւելի պիտի սորվինք յաջորդ գլուխին մէջ։

^ պարբ. 19 Դատաստանի օրուան եւ ի՛նչ հիման վրայ մարդոց դատուելուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա» յաւելուածը։