Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը

Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ պատուէր տրուած է որ տօնեն Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը։ Այս տօնակատարութիւնը նաեւ կը կոչուի «Տէրունական ընթրիքը» (Ա. Կորնթացիս 11։20)։ Անիկա ինչո՞ւ այդքան յատկանշական է։ Անիկա ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է տօնակատարուի։

Յիսուս Քրիստոս այս տօնակատարութիւնը հաստատեց Ք.Ե. 33–ի Պասեքի գիշերը։ Պասեքը տարին անգամ մը տօնակատարուող տօն մըն էր, հրէական նիսան ամսուն 14–րդ օրը։ Այս թուականը որոշելու համար, ըստ երեւոյթին, հրեաները կը սպասէին գարնանային գիշերահաւասարին։ Ասիկա այն օրն է, երբ ցերեկ ու գիշեր հաւասար տեւողութիւն կ’ունենան, իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 12 ժամ։ Գարնանային գիշերահաւասարին ամենամօտ նորալուսնին առաջին տեսնուիլը կը նշէր նիսան ամսուան առաջին օրը։ Անկէ 13 օր ետք Պասեքը կը սկսէր։

Յիսուս Պասեքը տօնեց իր առաքեալներուն հետ, ապա Յուդա Իսկարիովտացին արձակելէ ետք Տէրունական ընթրիքը հաստատեց։ Այս ընթրիքը փոխարինեց հրէական Պասեքը եւ հետեւաբար, պէտք է տօնուի տարին միայն մէ՛կ անգամ։

Մատթէոսի Աւետարանը կը տեղեկագրէ. «Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս’։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար’» (Մատթէոս 26։26-28

Ոմանք կը հաւատան թէ Յիսուս հացը իրապէս վերածեց իր բառացի մարմնին, իսկ գինին՝ իր բառացի արեան։ Սակայն, երբ Յիսուս հացը ներկայացուց, իր բառացի մարմինը դեռ վնասուած չէր։ Յիսուսի առաքեալները իրապէ՞ս իր բառացի մարմինը կերան եւ բառացի արիւնը խմեցին։ Ո՛չ, որովհետեւ ասիկա մարդակերութիւն պիտի համարուէր եւ Աստուծոյ օրէնքը պիտի բեկանէր (Ծննդոց 9։3, 4. Ղեւտացւոց 17։10)։ Ասկէ զատ, ըստ Ղուկաս 22։20–ի, Յիսուս ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։ Այդ գաւաթը բառացիօրէ՞ն «նոր ուխտ»ը եղաւ։ Ասիկա անկարելի պիտի ըլլար, քանի որ ուխտը համաձայնութիւն մըն է եւ ոչ թէ շօշափելի առարկայ մը։

Ուստի թէ՛ հացը եւ թէ գինին միմիայն խորհրդանիշներ են։ Հացը կը խորհրդանշէ՝ Քրիստոսի կատարեալ մարմինը։ Յիսուս Պասեքի ընթրիքէն մնացած բաղարջ կամ նկանակ մը գործածեց։ Բաղարջը առանց թթխմորի շինուած էր (Ելից 12։8)։ Աստուածաշունչը յաճախ թթխմոր արտայայտութիւնը կը գործածէ՝ իբրեւ խորհրդանիշ մեղքի կամ ապականութեան։ Հետեւաբար, հացը կը ներկայացնէ Յիսուսի զոհած կատարեալ մարմինը։ Անիկա մեղքէ զերծ էր (Մատթէոս 16։11, 12. Ա. Կորնթացիս 5։6, 7. Ա. Պետրոս 2։22. Ա. Յովհաննէս 2։1, 2

Կարմիր գինին կը ներկայացնէ Յիսուսի արիւնը։ Այդ արիւնը կը վաւերացնէ նոր ուխտը։ Յիսուս ըսաւ թէ իր արիւնը թափուեցաւ «մեղքերուն թողութեան համար»։ Այսպիսով մարդիկ կրնան Աստուծոյ տեսանկիւնէն մաքուր նկատուիլ եւ Եհովայի հետ նոր ուխտին մէջ մտնել (Եբրայեցիս 9։14. 10։16, 17)։ Այս ուխտը կարելի կը դարձնէ, որ 144,000 հաւատարիմ քրիստոնեաներ երկինք երթան։ Հոն անոնք պիտի ծառայեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ, ամբողջ մարդկութեան օրհնութիւններ բերելու համար (Ծննդոց 22։18. Երեմիա 31։31-33. Ա. Պետրոս 2։9. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1-3

Որո՞նք պէտք է մասնակցին Յիշատակատօնի այս խորհրդանիշներուն։ Տրամաբանօրէն, միա՛յն նոր ուխտին մէջ եղողները,– երկինք երթալու յոյսը ունեցողները,– պէտք է մասնակցին հացին ու գինիին։ Աստուծոյ սուրբ հոգին այսպիսիներուն կը վստահեցնէ, որ իրենք ընտրուած են երկնային թագաւորներ ըլլալու համար (Հռովմայեցիս 8։16)։ Անոնք նաեւ Յիսուսի հետ Թագաւորութեան ուխտին մէջ են (Ղուկաս 22։29

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Անոնք Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդին եւ Տէրունական ընթրիքին ներկայ կը գտնուին՝ իբրեւ յարգալից հանդիսատեսներ եւ ոչ թէ՝ մասնակցողներ։ Եհովայի վկաները Տէրունական ընթրիքը կը տօնեն տարին անգամ մը՝ նիսան 14–ին, արեւամուտէն ետք։ Թէեւ համայն աշխարհի մէջ միայն քանի մը հազար անհատներ կը դաւանին երկնային յոյսը ունենալ, բայց այս տօնակատարութիւնը թանկարժէք է բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Անիկա առիթ մըն է, երբ բոլորը կրնան Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի գերազանց սիրոյն վրայ խոկալ (Յովհաննէս 3։16