Յաւելուած
Տօները պէ՞տք է պահենք
ԱՇԽԱՐՀԻ տարածքին բազմաթիւ հանրածանօթ կրօնական եւ ոչ–կրօնական տօներու ծագումը Աստուածաշունչէն չէ։ Ուստի այս տօները ուրկէ՞ ծագում առած են։ Եթէ պրպտում ընելու կարելիութիւնը ունիս, հետաքրքրական պիտի գտնես, երբ իմանաս թէ գիտելիքներ բովանդակող գիրքեր ի՛նչ կ’ըսեն շրջանիդ մէջ հանրածանօթ եղող տօներուն մասին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
Զատիկ։ «Նոր Կտակարանին մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ Զատիկի տօնակատարութեան», կ’ըսէ հանրագիտարան մը (The Encyclopædia Britannica)։ Ուստի Զատիկը ինչպէ՞ս սկսաւ տօնուիլ։ Անոր արմատները հեթանոսական պաշտամունքէն են։ Թէեւ այս տօնը կը դաւանի Յիսուսի յարութիւնը յիշատակել, սակայն զատկուան շրջանին առնչուած սովորութիւնները քրիստոնէական չեն։ Օրինակ՝ հանրածանօթ «Զատիկի նապաստակ»ին մասին հանրագիտարան մը կ’ըսէ. «Նապաստակը հեթանոսական խորհրդանիշ մըն է եւ միշտ ալ եղած է արգասաբերութեան խորհրդանիշ» (The Catholic Encyclopedia)։
Ամանոր։ Ամանորի թուականը եւ անոր հետ կապ ունեցող սովորութիւնները կը տարբերին երկրէ երկիր։ Այս տօնին ծագումին առնչութեամբ, հանրագիտարան մը կ’ըսէ. «Հռոմայեցի կառավարիչ՝ Յուլիոս կայսրը, Ք.Ա. 46 թուականին, յունուար 1–ը հաստատեց որպէս Ամանորի օր։ Հռոմայեցիները այդ օրը նուիրեցին Յանոսի, որ դարպասներու, դռներու եւ սկիզբներու չաստուածն էր։ Յունուար ամիսը իր անունը առած է Յանոս չաստուածէն, որ ունէր երկու դէմք, մէկը դէպի առջեւ կը նայէր, իսկ միւսը՝ դէպի ետեւ» (The World Book Encyclopedia)։ Ուստի, Ամանորի տօնակատարութիւնները հիմնուած են հեթանոսական աւանդութիւններու վրայ։
Հէլլոուին։ Հանրագիտարան մը կ’ըսէ. «Հէլլոուինի առնչուած սովորութիւնները կը վերագրուին նախաքրիստոնէական ժամանակներու դրուիդական (վաղեմի կելտական քրմութիւն) ծէսի մը։ Կելտերը ունէին երկու գլխաւոր չաստուածներու տօներ՝ արեւի չաստուծոյն եւ մեռելներու չաստուծոյն. . . երկրորդին տօնը կը տօնակատարուէր նոյեմբեր 1–ին, կելտերուն նոր տարուան սկիզբը։ Մեռելներուն տօնը աստիճանաբար միացուեցաւ քրիստոնէական ծէսերուն» (The Encyclopedia Americana)։
Այլ տօներ։ Կարելի չէ աշխարհի չորս կողմը պահուած բոլոր տօները քննարկել։ Սակայն մարդիկ կամ մարդակերտ կազմակերպութիւններ մեծարող տօները Եհովայի ընդունելի չեն (Երեմիա 17։5-7. Գործք 10։25, 26)։ Ի մտի ունեցիր նաեւ թէ կրօնական տօնակատարութիւններուն ծագումն է որ կ’որոշէ, թէ անոնք Աստուծոյ հաճելի՛ են կամ ոչ (Եսայի 52։11. Յայտնութիւն 18։4)։ Այս գրքին 16–րդ գլուխին մէջ նշուած Աստուածաշունչի սկզբունքները քեզի պիտի օգնեն գիտնալու, թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը նկատէ ոչ–կրօնական բնոյթ ունեցող տօներուն մասնակցիլը։