Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը

1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ աշակերտներ 1914–էն տասնեակ տարիներ առաջ ծանուցանեցին, թէ այդ տարին յատկանշական զարգացումներ տեղի պիտի ունենային։ Ի՞նչ էին այդ զարգացումները, եւ ի՞նչ ապացոյց կայ թէ 1914–ը այսքան կարեւոր տարի մըն է։

Ըստ Ղուկաս 21։24–ի արձանագրութեան, Յիսուս ըսած էր. «Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։ Երուսաղէմը հրեայ ազգին մայրաքաղաքը եղած էր,– Դաւիթ թագաւորի շառաւիղէն եղող թագաւորներուն աթոռանիստ քաղաքը (Սաղմոս 48։1, 2)։ Սակայն այս թագաւորները միւս ազգերու առաջնորդներէն տարբեր էին այն առումով, որ անոնք «Տէրոջը աթոռին» վրայ կը նստէին, որպէս Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչներ (Ա. Մնացորդաց 29։23)։ Ուստի Երուսաղէմը Եհովայի իշխանութեան խորհրդանիշն էր։

Սակայն Աստուծոյ իշխանութիւնը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ սկսաւ «ազգերուն ոտքի կոխան» ըլլալ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 607–ին, երբ բաբելոնացիները Երուսաղէմը նուաճեցին։ ‘Եհովայի աթոռը’ թափուր մնաց, եւ այլեւս Դաւիթէն սերած թագաւոր մը չէր իշխեր (Դ. Թագաւորաց 25։1-26)։ Այս «ոտքի կոխան» ըլլալը յաւիտեա՞ն պիտի տեւէր։ Ո՛չ, որովհետեւ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը Երուսաղէմի վերջին թագաւորին՝ Սեդեկիայի նկատմամբ ըսաւ. «Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. . . ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ» (Եզեկիէլ 21։26, 27)։ Դաւիթի թագը կրելու «իրաւունք»ը՝ Քրիստոս Յիսուսին է (Ղուկաս 1։32, 33)։ Ուստի «ոտքի կոխան» ըլլալը վերջ պիտի գտնէր, երբ Յիսուս Թագաւոր ըլլար։

Այդ կարեւոր դէպքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ազգերը պիտի իշխէին որոշուած ժամանակ մը։ Դանիէլ գրքին 4–րդ գլուխը կը նպաստէ գիտնալու այդ ժամանակին որքա՛ն տեւելը։ Անիկա կը նկարագրէ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տեսած մարգարէական մէկ երազը։ Թագաւորը տեսաւ հսկայ ծառ մը, որ կտրուեցաւ եւ չէր կրնար աճիլ, քանի որ անոր կոճղը երկաթէ ու պղնձէ կապանքի մէջ դրուեցաւ։ Եւ հրեշտակ մը ծանուցանեց. «Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի» (Դանիէլ 4։10-16

Աստուածաշունչին մէջ, ծառերը երբեմն կը գործածուին իշխանութիւններ ներկայացնելու (Եզեկիէլ 17։22-24. 31։2-5)։ Ուստի խորհրդանշական ծառին կտրուիլը ցոյց կու տար, թէ Աստուծոյ իշխանութիւնը, որ Երուսաղէմի թագաւորներով պատկերացուած էր, ինչպէս պիտի ընդհատուէր։ Սակայն այս տեսիլքը յայտնեց, թէ ‘Երուսաղէմի ոտքի կոխան’ ըլլալը ժամանակաւոր պիտի ըլլար,– «եօթը ժամանակ» տեւող շրջան մը։ Այդ ժամանակը որքա՞ն պիտի տեւէր։

Յայտնութիւն 12։6, 14–ը կը նշէ, թէ երեք ու կէս ժամանակը հաւասար է «հազար երկու հարիւր վաթսուն օր»ուան։ Հետեւաբար, «եօթը ժամանակ»ը ասոր երկու անգամը պիտի ըլլար,– 2520 օր։ Սակայն ազգերը Երուսաղէմի կործանումին վրայ բառացի 2520 օր անցնելէ ետք չդադրեցան Աստուծոյ իշխանութիւնը «ոտքի կոխան» ընելէ։ Ուստի, այս մարգարէութիւնը բացայայտօրէն կը ծածկէ աւելի երկար ժամանակաշրջան մը։ Թուոց 14։34 կամ Եզեկիէլ 4։6–ի հիման վրայ, որ կը նշէ «ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ–մէկ տարի», «եօթը ժամանակ»ը կը ծածկէ 2520 տարի։

2520 տարիները սկսան Ք.Ա. 607–ի հոկտեմբերին, երբ Երուսաղէմ բաբելոնացիներու ձեռքը ինկաւ եւ Դաւիթ թագաւորի գահին վրայ նստող թագաւորը գահընկէց եղաւ։ Եօթը ժամանակը վերջ գտաւ հոկտեմբեր 1914–ին։ Այդ տարին էր որ «ազգերուն ժամանակները» վերջ գտան, եւ Յիսուս Քրիստոս երկինքի մէջ թագադրուեցաւ (Սաղմոս 2։1-6. Դանիէլ 7։13, 14) *։

Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս նախագուշակած էր, որպէս երկնային Թագաւոր իր ներկայութիւնը յատկանշուած է համաշխարհային ցնցիչ զարգացումներով,– պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ ու մահտարաժամներ (Մատթէոս 24։3-8. Ղուկաս 21։11)։ Այսպիսի զարգացումներ զօրաւոր կերպով կ’ապացուցանեն, թէ արդարեւ 1914–ը նշեց Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ծնունդը եւ այս ամբարիշտ աշխարհի «վերջին օրեր»ուն սկիզբը (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

^ պարբ. 4 Ք.Ա. 607–ի հոկտեմբերէն մինչեւ Ք.Ա. 1–ի հոկտեմբերը՝ 606 տարի է։ Իսկ քանի որ զէռօ տարի չկայ, Ք.Ա. 1–ի հոկտեմբերէն մինչեւ Ք.Ե. 1914–ի հոկտեմբերը՝ 1914 տարի է։ 606 տարիներն ու 1914 տարիները գումարելով կ’ունենանք 2520 տարի։ Ք.Ա. 607–ին տեղի ունեցած Երուսաղէմի անկումին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, տե՛ս «Ժամանակագրութիւն» խորագրով յօդուածը՝ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գիրքին մէջ (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։