Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 10

Հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը

Հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը

1. Ինչո՞ւ պէտք է որ հրեշտակներուն մասին տեղեկութիւն ունենանք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ կ’ուզէ որ իր ընտանիքը ճանչնանք։ Հրեշտակները իր ընտանիքին մէկ մասն են։ Աստուածաշունչին մէջ անոնք կը կոչուին ‘Աստուծոյ որդիներ’ (Յոբ 38։7)։ Հրեշտակները ի՞նչ կ’ընեն։ Անոնք անցեալին մարդոց ինչպէ՞ս օգնած են եւ հիմա կրնա՞ն մեզի օգնել (տե՛ս Բացատրութիւն 8

2. Հրեշտակները ո՞վ ստեղծեց։ Քանի՞ հրեշտակ ստեղծուեցաւ։

2 Պէտք է գիտնանք, որ հրեշտակները ո՛վ ստեղծեց։ Կողոսացիս 1։16–ը կ’ըսէ, որ Եհովան Յիսուսը ստեղծելէ ետք ստեղծեց «ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ», մէջը ըլլալով հրեշտակները։ Քանի՞ հրեշտակ ստեղծուեցաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներ կան (Սաղմոս 103։20. Յայտնութիւն 5։11

3. Յոբ 38։4-7–ն ի՞նչ կ’ըսէ հրեշտակներուն մասին։

3 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ Եհովան հրեշտակները ստեղծեց երկիրը ստեղծելէն առաջ։ Հրեշտակները ի՞նչ զգացին երբ երկիրը ստեղծուեցաւ։ Յոբ գիրքը կ’ըսէ, որ ուրախացան։ Անոնք ընտանիքի մտերիմ անդամներ էին, որոնք միասին Եհովային կը ծառայէին (Յոբ 38։4-7

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ Կ’ՕԳՆԵՆ

4. Ուրկէ՞ գիտենք որ հրեշտակները կ’ուզեն մարդոց օգնել։

4 Հրեշտակները կ’ուզեն մարդոց օգնել եւ կ’ուզեն գիտնալ թէ երկրին եւ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ինչպէ՛ս պիտի կատարուի (Առակաց 8։30, 31. Ա. Պետրոս 1։11, 12)։ Անկասկած անոնք շատ տխրեցան, երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ դէմ ելան։ Եւ անշուշտ հիմա շա՛տ աւելի տխուր են, տեսնելով որ մարդոց մեծ մասը Եհովային անհնազանդ է։ Բայց երբ մէկը զղջայ եւ Աստուծոյ վերադառնայ, հրեշտակները կ’ուրախանան (Ղուկաս 15։10)։ Անոնք պատրաստ են օգնելու անոնց, որոնք Եհովան կը պաշտեն։ Եհովան անոնց միջոցաւ իր ծառաներուն կ’օգնէ եւ կը պաշտպանէ (Եբրայեցիս 1։7, 14)։ Տեսնենք օրինակներ։

«Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց» (Դանիէլ 6։22)

5. Անցեալին հրեշտակները ինչպէ՞ս Աստուծոյ ծառաներուն օգնած են։

5 Եհովան երկու հրեշտակ ղրկեց, որ Ղովտին եւ անոր ընտանիքին օգնեն, որ Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներու կործանումէն ազատին (Ծննդոց 19։15, 16)։ Հարիւրաւոր տարիներ ետք, Դանիէլ մարգարէն նետուեցաւ առիւծներով լեցուն խորունկ փոսի մը մէջ, բայց ան չվնասուեցաւ, քանի որ Աստուած «իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց» (Դանիէլ 6։22)։ Աւելի ուշ, երբ Պետրոս առաքեալ բանտն էր, Եհովան իր հրեշտակը ղրկեց որ Պետրոսը ազատէ (Գործք 12։6-11)։ Հրեշտակները Յիսուսին ալ օգնեցին, երբ ան երկրի վրայ էր. օրինակ, իր մկրտութենէն ետք, «հրեշտակները իրեն սպասաւորութիւն կ’ընէին» (Մարկոս 1։13)։ Իսկ իր մահէն առաջ, հրեշտակ մը զինք «զօրացուց» (Ղուկաս 22։43

6. ա) Ուրկէ՞ գիտենք որ այսօր հրեշտակները Աստուծոյ ծառաներուն կ’օգնեն։ բ) Ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

6 Այսօր հրեշտակները այլեւս մարդոց չեն երեւիր. բայց Աստուած անոնց միջոցաւ իր ծառաներուն կ’օգնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ» (Սաղմոս 34։7)։ Մենք ինչո՞ւ պէտք ունինք պաշտպանութեան։ Քանի որ ունինք շատ զօրաւոր թշնամիներ, որոնք կ’ուզեն մեզի վնաս հասցնել։ Ո՞վ են անոնք, ինչպէ՞ս մէջտեղ եկան եւ ինչպէ՞ս կը փորձեն մեզի վնաս հասցնել։

ՄԵՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ՝ ՈՐՈՆՔ ՉԵՆՔ ՏԵՍՆԵՐ

7. Սատանան որքանո՞վ կրցած է մարդիկը խաբել։

7 3–րդ դասին մէջ տեսանք, որ հրեշտակ մը Աստուծոյ դէմ ելաւ եւ ուզեց ուրիշներու վրայ իշխել։ Սուրբ Գիրքը զինք կը կոչէ Բանսարկու Սատանայ (Յայտնութիւն 12։9)։ Սատանան ուզեց որ մարդիկ ալ Աստուծոյ դէմ ելլեն։ Ան կրցաւ Եւան խաբել, եւ անկէ ի վեր մարդոց մեծ մասը կը խաբէ։ Բայց կարգ մը մարդիկ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ, Եհովային հաւատարիմ մնացին (Եբրայեցիս 11։4, 5, 7

8. ա) Կարգ մը հրեշտակներ ինչպէ՞ս դեւեր դարձան։ բ) Ջրհեղեղէն ազատելու համար դեւերը ի՞նչ ըրին։

8 Նոյի օրերուն, կարգ մը հրեշտակներ Աստուծոյ դէմ ելան։ Անոնք երկինքը՝ իրենց տունը ձգեցին, որ երկրի վրայ որպէս մարդ ապրին։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ անոնք ուզեցին կիներ ունենալ (կարդա՛ Ծննդոց 6։2)։ Բայց անոնց ըրածը սխալ էր (Յուդա 6)։ Այդ ժամանակ, մարդոց մեծ մասը այդ հրեշտակներուն պէս չար եւ վայրագ դարձաւ։ Անոր համար Եհովան որոշեց ամբողջ երկրի վրայ ջրհեղեղ բերելով՝ չար մարդիկը բնաջնջել։ Բայց ան ազատեց իր հաւատարիմ ծառաները (Ծննդոց 7։17, 23)։ Իսկ չար հրեշտակները երկինք վերադարձան որ ազատին։ Աստուածաշունչը զանոնք կը կոչէ դեւեր։ Անոնք ալ Սատանային պէս Աստուծոյ դէմ ելան եւ Սատանան անոնց իշխանը դարձաւ (Մարկոս 3։22

9. ա) Երբ դեւերը երկինք վերադարձան, անոնց ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

9 Երբ դեւերը երկինք վերադարձան, Աստուած զանոնք չընդունեց իր ընտանիքին մէջ (Բ. Պետրոս 2։4)։ Դեւերը այլեւս չեն կրնար երկրի վրայ որպէս մարդ ապրիլ, բայց մինչեւ այսօր ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնեն’ (Յայտնութիւն 12։9. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Տեսնենք ինչպէ՛ս (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։11

ԴԵՒԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴԻԿԸ ԿԸ ԽԱԲԵՆ

10. Դեւերը ինչպէ՞ս մարդիկը կը խաբեն։

10 Դեւերը շատ մը կերպերով մարդիկ կը մոլորեցնեն կամ կը խաբեն։ Մարդիկ դեւերուն կը դիմեն կա՛մ անձամբ, կամ ալ ոգեմիջնորդի միջոցաւ։ Դեւերուն հետ կապ պահելը կը կոչուի դիւապաշտութիւն կամ ոգեհարցութիւն։ Բայց Աստուածաշունչը մեզի կը պատուիրէ, որ հեռու մնանք դեւերուն հետ կապ ունեցող ամէն բանէ (Գաղատացիս 5։19-21)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դեւերը ծուղակներ կը լարեն մարդիկը խաբելու եւ անոնց վրայ իշխելու համար, ճիշդ ինչպէս որ որսորդ մը ծուղակներ կը լարէ անասուններ բռնելու համար (տե՛ս Բացատրութիւն 26

11. Ի՞նչ է գուշակութիւնը, եւ ինչո՞ւ պէտք է որ անկէ հեռու մնանք։

11 Մարդիկը խաբելու դեւերուն գործածած կերպերէն մէկը գուշակութիւնն է։ Գուշակութիւնը դեւերուն զօրութեամբ ապագան կամ անծանօթ բան մը գիտնալու փորձն է։ Օրինակ, մարդիկ կը գուշակեն՝ աստղերուն նայելով, բախտի քարտերով, ապակիէ գունդով, անհատին ափը կարդալով, դիւային թուղթ ընելով, սուրճի գաւաթի նայելով կամ երազներ բացատրելով։ Շատեր կը կարծեն, որ այս սովորութիւնները անվնաս են. բայց այդպէս չէ, ատոնք շա՛տ վտանգաւոր են։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ գուշակութիւն ընողները դեւերուն հետ կ’աշխատին։ Օրինակ, Գործք 16։16-18–ին մէջ կը կարդանք «հարցուկ ոգի»ի մը մասին, որ աղջիկի մը կ’օգնէր որ ‘գուշակութիւն ընէր’։ Երբ Պօղոս առաքեալ դեւը աղջկան մէջէն հանեց, աղջիկը ապագան գիտնալու կարողութիւնը կորսնցուց։

12. ա) Ինչո՞ւ մեռելներուն հետ կապի մէջ մտնել փորձելը վտանգաւոր է։ բ) Քրիստոնեան ինչո՞ւ բնաւ չի մասնակցիր դիւային սովորութիւններու։

12 Մարդիկ խաբելու համար դեւերը ուրիշ կերպ մըն ալ կը գործածեն։ Անոնք կ’ուզեն մեզ հաւատացնել, թէ կրնա՛նք մեռելներուն հետ խօսիլ եւ թէ անոնք տեղ մը կ’ապրին ու կրնան մեզի հետ կապի մէջ մտնել կամ մեզի վնաս հասցնել։ Օրինակ, երբ սիրելի մը մեռնի, մէկը թերեւս երթայ ոգեհարցի մը քով, որ կ’ըսէ թէ կրնայ մեռելներուն հետ խօսիլ։ Ոգեհարցը թերեւս մեռելին մասին հետաքրքրական բան մը ըսէ եւ նոյնիսկ ընէ բան մը, որ մեռելին ձայնը լսուի (Ա. Թագաւորաց 28։3-19)։ Այդ վայրկեանին, թերեւս անհատը կարծէ որ մեռելին հետ կը խօսի, բայց իրականութեան մէջ ան դեւերո՛ւն հետ կը խօսի։ Շատ մը թաղումի սովորութիւններ ալ հիմնուած են այն հաւատալիքին վրայ, որ մեռելները դեռ տեղ մը կ’ապրին։ Այդ սովորութիւններէն են՝ հոգեհանգիստ, հոգեճաշ, տարելից, մեռելին քով արթուն նստիլ եւ թաղումի կրօնական արարողութիւններ։ Երբ քրիստոնեան անոնց չմասնակցի, իր ընտանիքը կամ շրջապատը թերեւս զինք քննադատէ, ծաղրէ կամ այլեւս չ’ուզէ իրեն հետ կապ ունենալ։ Քրիստոնեան գիտէ որ մեռելները ուրիշ տեղ չեն ապրիր։ Մենք չենք կրնար անոնց հետ խօսիլ եւ անոնք չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել կամ օգնել (Սաղմոս 115։17)։ Շա՛տ ուշադիր եղիր։ Բնաւ մի՛ փորձեր մեռելներուն կամ դեւերուն հետ կապի մէջ մտնել եւ բնաւ մի՛ մասնակցիր դիւային սովորութիւններու (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10, 11. Եսայի 8։19

13. Շատ մը մարդիկ, որոնք ատեն մը դեւերէն կը վախնային, ի՞նչ կրցած են ընել։

13 Դեւերը ո՛չ միայն մարդիկ կը խաբեն, հապա նաեւ կը վախցնեն։ Այսօր, Սատանան եւ իր դեւերը գիտեն որ միայն «քիչ ժամանակ» ունին, առա՛ջ որ Աստուած զանոնք երկրէն վերցնէ, անոր համար անոնք ա՛լ աւելի վայրագ եւ կռուազան դարձած են (Յայտնութիւն 12։12, 17)։ Բայց հազարաւոր մարդիկ, որոնք ատեն մը դեւերէն կը վախնային, այլեւս չեն վախնար։ Անոնք ինչպէ՞ս կրցած են անոնցմէ այլեւս չվախնալ։

ԴԵՒԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԴԻՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑՄԷ ԱԶԱՏԷ

14. Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, ինչպէ՞ս կրնանք դեւերէն ազատիլ։

14 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք դեւերուն դէմ դնել եւ անոնցմէ ազատիլ։ Օրինակ, Եփեսոս քաղաքին մէջ, կարգ մը մարդիկ ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ դեւերուն հետ կապի մէջ էին։ Անոնք ինչպէ՞ս կրցան դեւերէն ազատիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամէնուն առջեւ կ’այրէին» (Գործք 19։19)։ Քանի՛ որ անոնք ուզեցին քրիստոնեաներ դառնալ, կախարդութեան հետ կապ ունեցող իրենց բոլոր գիրքերը այրեցին։ Այսօր ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Ո՛վ որ կ’ուզէ Եհովային ծառայել, պէտք է այրէ կամ թափէ դեւերուն հետ կապ ունեցող որեւէ բան, որ անհատը անվնաս կամ հետաքրքրական կը սեպէ. ինչպէս՝ գիրք, պարբերաթերթ, երաժշտութիւն, ֆիլմեր, խաղեր կամ աստղերու գուշակութիւնը կարդալ։ Դիւային կրնայ ըլլալ նաեւ որեւէ բան, որ մարդիկ իրենց վրայ կը դնեն չարէն պաշտպանուելու համար (Ա. Կորնթացիս 10։21

15. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք որ Սատանային եւ դեւերուն դէմ դնենք։

15 Եփեսոսի մարդիկը կախարդութեան վերաբերեալ իրենց գիրքերը այրելէն քանի մը տարի ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց, որ անոնք դեռ պէտք էր ‘պատերազմէին’ եւ կռուէին «չար ոգիներուն հետ» (Եփեսացիս 6։12)։ Հակառակ անոր որ անոնք իրենց գիրքերը այրած էին, դեւերը դեռ կը փորձէին իրենց վնաս հասցնել։ Անոր համար, անոնք ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Պօղոս իրենց ըսաւ. «Հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել» (Եփեսացիս 6։16)։ Ճիշդ ինչպէս որ պատերազմին մէջ վահանը զինուորը կը պաշտպանէ, նոյնպէս ալ մեր հաւատքը կրնայ մեզ պաշտպանել։ Եթէ վստահութիւն ունինք որ Եհովան կրնա՛յ մեզ պաշտպանել, պիտի կարենանք Սատանային եւ դեւերուն դէմ դնել (Մատթէոս 17։19

16. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնել։

16 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնել։ Պէտք է ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք եւ սորվինք մեր յոյսը դնել Եհովային վրայ՝ վստահ ըլլալով, որ ան մեզ պիտի պաշտպանէ։ Եթէ անոր լման վստահինք, Սատանան եւ դեւերը պիտի չկարենան մեզի վնաս հասցնել (Ա. Յովհաննէս 5։5

17. Դեւերէն պաշտպանուելու համար ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Եփեսոսի քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Անոնց քաղաքը ոգեհարցութեամբ լեցուն էր։ Անոր համար, Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ամէն ատեն աղօթք ըրէք» (Եփեսացիս 6։18)։ Անոնք պէտք էր Եհովայէն խնդրէին, որ ամէն ատեն զիրենք պաշտպանէ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Մենք ալ կ’ապրինք ոգեհարցութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Ուրեմն մենք ալ պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ մեզ պաշտպանէ, եւ աղօթած ատեն պէտք է իր անունը գործածենք (կարդա՛ Առակաց 18։10)։ Եթէ շարունակենք Եհովայէն խնդրել որ Սատանայէն մեզ ազատէ, ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Սաղմոս 145։19

18, 19. ա) Սատանային եւ դեւերուն դէմ մեր պատերազմը ինչպէ՞ս կրնանք յաղթել։ բ) Յաջորդ դասին մէջ ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։

18 Եթէ այրենք կամ թափենք որեւէ բան, որ դեւերուն հետ կապ ունի եւ պաշտպանութեան համար Եհովային վստահինք, կրնա՛նք Սատանային եւ դեւերուն դէմ դնել։ Պէտք չունինք անոնցմէ վախնալու (կարդա՛ Յակոբոս 4։7, 8)։ Եհովան դեւերէն շա՛տ աւելի զօրաւոր է։ Ան Նոյի օրերուն դեւերը պատժեց, իսկ ապագային զանոնք պիտի բնաջնջէ (Յուդա 6)։ Յիշէ որ Սատանային եւ դեւերուն դէմ մեր պատերազմին մէջ մինակ չենք։ Եհովան իր հրեշտակներուն միջոցաւ մեզ կը պաշտպանէ (Դ. Թագաւորաց 6։15-17)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովային օգնութեամբ, այս պատերազմը կրնա՛նք յաղթել (Ա. Պետրոս 5։6, 7. Բ. Պետրոս 2։9

19 Բայց եթէ Սատանան եւ դեւերը այսքա՛ն չարչարանք կը պատճառեն, Աստուած ինչո՞ւ մինչեւ հիմա զանոնք չէ բնաջնջած։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնենք յաջորդ դասին մէջ։