Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 18

Պէ՞տք է կեանքս Աստուծոյ նուիրեմ եւ մկրտուիմ

Պէ՞տք է կեանքս Աստուծոյ նուիրեմ եւ մկրտուիմ

1. Հիմա որ այս գիրքը ուշի–ուշով սերտեցիր, թերեւս ի՞նչ կը մտածես։

ԱՅՍ գիրքը սերտած ատեն, Աստուածաշունչէն շատ մը ճշմարտութիւններ սորվեցար. օրինակ, գիտցար թէ Աստուած կը խոստանայ որ յաւիտեան պիտի ապրինք, թէ մեռելներուն վիճակը ի՛նչ է եւ թէ անոնք յարութիւն պիտի առնեն (Ժողովող 9։5. Ղուկաս 23։43. Յովհաննէս 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Թերեւս արդէն սկսար Եհովայի վկաներուն ժողովներուն երթալ եւ համոզուեցար որ անոնք ճշմարիտ պաշտամունքին համաձայն կ’ապրին (Յովհաննէս 13։35)։ Թերեւս սկսար Եհովային հետ մտերմանալ եւ որոշեցիր իրեն ծառայել։ Ուրեմն կրնայ ըլլալ որ մտածես. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ Աստուծոյ ծառայեմ’։

2. Եթովպիացի մը ինչո՞ւ ուզեց մկրտուիլ։

2 Առաջին դարուն, եթովպիացի մը ճիշդ այսպէս մտածեց։ Յիսուսին յարութիւն առնելէն ժամանակ մը ետք, իր աշակերտը՝ Փիլիպպոս, եթովպիացիին քարոզեց եւ ցոյց տուաւ որ Յիսուս Մեսիան էր։ Եթովպիացին իր լսածներով այնքա՛ն տպաւորուեցաւ, որ ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ» (Գործք 8։26-36

3. ա) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ պատուիրեց։ բ) Անհատ մը ինչպէ՞ս պէտք է մկրտուի։

3 Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ եթէ կ’ուզես Եհովային ծառայել, պէտք է որ մկրտուիս։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք» (Մատթէոս 28։19)։ Յիսուս մկրտութեան կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ, երբ ինք մկրտուեցաւ։ Եւ մկրտութեան ժամանակ իր ամբո՛ղջ մարմինը ջուրին մէջ մխրճուեցաւ, եւ ոչ թէ միայն գլխուն վրայ ջուր թափուեցաւ (Մատթէոս 3։16)։ Այսօր ալ, երբ քրիստոնեայ մը մկրտուի, անոր ամբողջ մարմինը պէտք է ջուրին մէջ մխրճուի։

4. Երբ մկրտուիս, ուրիշներուն ի՞նչ ցոյց կու տաս։

4 Երբ մկրտուիս, ուրիշներուն ցոյց կու տաս որ իրապէս կ’ուզես Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ եւ իրեն ծառայել (Սաղմոս 40։7, 8)։ Ուրեմն թերեւս հարց տաս. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ որ մկրտուիմ’։

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԱՌ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱ

5. ա) Մկրտուելէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընես։ բ) Ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են։

5 Առաջ որ մկրտուիս, պէտք է Եհովան եւ Յիսուսը ճանչնաս։ Աստուածաշունչը սերտելով արդէն սկսար ասիկա ընել (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)։ Բայց սերտելը բաւարար չէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք է Եհովայի կամքին ճշգրիտ ‘գիտութիւնովը լեցուիս’ (Կողոսացիս 1։9Եհովայի վկաներուն ժողովները քեզի պիտի օգնեն, որ Եհովային հետ աւելի մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենաս։ Անոր համար, կարեւոր է որ այդ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիս (Եբրայեցիս 10։24, 25

Մկրտուելէ առաջ, պէտք է որ Աստուածաշունչը սերտես

6. Մկրտուելէ առաջ ամբո՞ղջ Սուրբ Գիրքը պէտք է գիտնաս։

6 Անշուշտ Եհովան քեզմէ չ’ակնկալեր որ մկրտուելէ առաջ ամբողջ Սուրբ Գիրքը գիտնաս։ Օրինակ, ան եթովպիացիէն չակնկալեց որ մկրտուելէ առաջ ամէն բան գիտնար (Գործք 8։30, 31)։ Ասկէ զատ, մենք Աստուծոյ մասին պիտի շարունակենք սորվիլ յաւիտեան (Ժողովող 3։11)։ Բայց մկրտուելու համար, պէտք է գոնէ գիտնաս եւ ընդունիս որ Աստուածաշունչը գլխաւորաբար ի՛նչ կը սորվեցնէ (Եբրայեցիս 5։12

7. Աստուածաշունչը սերտելը քեզի ինչպէ՞ս օգնած է։

7 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Առանց հաւատքի անհնար է [կամ անկարելի է] Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբրայեցիս 11։6)։ Ուրեմն մկրտուելու համար պէտք է հաւատք ունենաս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ անցեալին, Կորնթոս քաղաքին մէջ, կարգ մը մարդիկ Յիսուսի հետեւորդներուն սորվեցուցածները «լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան» (Գործք 18։8)։ Դուն ալ, երբ Սուրբ Գիրքը սերտեցիր, սկսար հաւատալ Աստուծոյ խոստումներուն եւ Յիսուսի զոհին, որ կրնայ մեզ փրկել մեղքէն ու մահէն (Յեսու 23։14. Գործք 4։12. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄԷ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

8. Ի՞նչը քեզ պիտի մղէ որ սորվածներուդ մասին ուրիշներուն պատմես։

8 Մինչ Աստուածաշունչէն նոր բաներ կը սորվիս եւ կը տեսնես որ անոնք քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնեն, հաւատքդ ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ եւ պիտի ուզես սորվածներուդ մասին ուրիշներուն պատմել (Երեմիա 20։9. Բ. Կորնթացիս 4։13)։ Բայց որո՞նց։

Հաւատքդ պէտք է քեզ մղէ որ հաւատալիքներուդ մասին ուրիշներուն պատմես

9, 10. ա) Թերեւս որո՞նց սկսիս պատմել սորվածներուդ մասին։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ կ’ուզես ժողովքին անդամներուն հետ քարոզել։

9 Թերեւս ուզես սորվածներուդ մասին պատմել ընտանիքիդ, բարեկամներուդ, դրացիներուդ կամ գործակիցներուդ։ Ասիկա լաւ գաղափար է, բայց անոնց հետ միշտ ազնուութեամբ եւ սիրով խօսէ։ Ժամանակ մը ետք պիտի սկսիս ժողովքին անդամներուն հետ քարոզել։ Երբ ասիկա ընելու պատրաստ զգաս, կրնաս քեզի հետ սերտող Վկային ըսել որ կ’ուզես քարոզչութեան մասնակցիլ։ Եթէ ան տեսնէ թէ պատրաստ ես եւ թէ Աստուածաշունչին չափանիշներուն համաձայն կ’ապրիս, այն ատեն կրնաք երկու երէցներու հետ խօսիլ։

10 Երբ երէցներուն հետ տեսնուիք, անոնք հետդ պիտի խօսին որ տեսնեն թէ Աստուածաշունչին սորվեցուցած գլխաւոր բաները կը հասկնա՞ս եւ անոնց կը հաւատա՞ս։ Ասկէ զատ, անոնք պիտի տեսնեն թէ Աստուածաշունչին ըսածները կը գործադրե՞ս եւ թէ իրապէս կ’ուզե՞ս Եհովայի վկայ մը ըլլալ։ Յիշէ որ երէցները ժողովքին բոլոր անդամներով հետաքրքրուած են, ինչպէս նաեւ քեզմով. ուրեմն իրենց հետ խօսելէ մի՛ վախնար (Գործք 20։28. Ա. Պետրոս 5։2, 3)։ Այդ հանդիպումէն ետք, երէցները քեզի պիտի ըսեն, եթէ կրնաս քարոզել ժողովքին անդամներուն հետ։

11. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ փոփոխութիւններ ընես, առաջ որ ժողովքին անդամներուն հետ քարոզես։

11 Երէցները թերեւս ըսեն որ պէտք է ուրիշ փոփոխութիւններ ալ ընես։ Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ այդ փոփոխութիւնները ընես։ Քանի որ երբ մենք կը քարոզենք, Եհովան կը ներկայացնենք. անոր համար պէտք է ապրինք կերպով մը որ իրեն պատիւ կը բերէ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Գաղատացիս 5։19-21

ԶՂՋԱ ԵՒ ԴԱՐՁԻ ԵԿՈՒՐ

12. Ինչո՞ւ բոլորս զղջալու պէտք ունինք։

12 Մկրտուելէ առաջ, պէտք է որ ուրիշ բան մըն ալ ընես։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի» (Գործք 3։19)։ «Ապաշխարել» կը նշանակէ մեր ըրած սխալներուն համար զղջալ։ Օրինակ, եթէ սեռային գետնի վրայ անբարոյ կեանք մը ապրած ես, պէտք է որ զղջաս։ Բայց նոյնիսկ եթէ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին լուրջ սխալներ չես ըրած, նորէն ալ պէտք է զղջաս, քանի որ բոլորս մեղաւոր ենք եւ պէտք է Աստուծմէ ներողութիւն խնդրենք (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12

13. Ի՞նչ ըսել է ‘դարձի գալ’։

13 Միայն զղջալը բաւարա՞ր է։ Ո՛չ։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ պէտք է նաեւ ‘դարձի գալ’. այսինքն՝ անցեալին մեր ըրած սխալները այլեւս չընել եւ սկսիլ ճիշդը ընել։ Բացատրենք. երեւակայէ որ ինքնաշարժովդ կ’երթաս տեղ մը, ուր բնա՛ւ չես գացած։ Ժամանակ մը ետք կը տեսնես, որ սխալ ուղղութեամբ կ’երթաս։ Ի՞նչ կ’ընես։ Անշուշտ արագութիւնդ կը դանդաղեցնես, կը կենաս, ետ կը դառնաս եւ ճիշդ ուղղութեամբ կ’երթաս։ Նոյնպէս, մինչ Սուրբ Գիրքը կը սերտես, թերեւս տեսնես որ պէտք է կարգ մը սովորութիւններ փոխես։ Ուրեմն ‘դարձի եկուր’, այսինքն՝ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ եւ սկսէ ճիշդը ընել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԷ

Եհովային խոստացա՞ծ ես որ իրեն պիտի ծառայես

14. Անձդ ինչպէ՞ս Եհովային կը նուիրես։

14 Մկրտուելէ առաջ ուրիշ կարեւոր քայլ մըն է Եհովային նուիրուիլ։ Եհովային կը նուիրուիս, երբ իրեն աղօթքով կը խոստանաս միայն զինք պաշտել եւ իր կամքը ընելը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել (Մատթէոս 4։10

15, 16. Ի՞նչ բան անհատ մը կը մղէ որ Աստուծոյ նուիրուի։

15 Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելու խոստումը կը նմանի սիրած անձիդ հետ կեանքդ շարունակելու խոստումին։ Բացատրենք. երեւակայէ որ աղջիկ մը եւ տղայ մը կը ժամադրուին։ Երբ տղան սկսի աղջիկին աւելի լաւ ճանչնալ, կը սկսի զինք սիրել եւ կ’ուզէ անոր հետ ամուսնանալ։ Ճիշդ է որ ասիկա շատ լուրջ որոշում մըն է, բայց տղան պատրաստ է այս պատասխանատուութիւնը շալկելու, քանի որ ան աղջիկը կը սիրէ։

16 Դուն ալ, երբ Եհովային մասին սորվիս, կը սկսիս զինք սիրել եւ կ’ուզես լաւագոյն կերպով իրեն ծառայել։ Ասիկա քեզ պիտի մղէ որ աղօթքով խոստանաս որ իրեն պիտի ծառայես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ո՛վ որ կ’ուզէ Յիսուսին հետեւիլ պէտք է «իր անձը ուրանայ» (Մարկոս 8։34)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Եհովային հնազանդիլը պէտք է կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես։ Այն ինչ որ Եհովան կ’ուզէ, քու փափաքներէդ եւ նպատակներէդ աւելի՛ կարեւոր է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։2

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՔԱՅԼԸ ԱՌՆԵԼԷ ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ

17. Ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ Եհովային չեն նուիրուիր։

17 Կարգ մը մարդիկ Եհովային չեն նուիրուիր, քանի որ կը վախնան որ պիտի չկարենան անոր ծառայելու իրենց խոստումին տէրը ըլլալ։ Անոնք չեն ուզեր Եհովան յուսախաբ ընել, կամ թերեւս կը մտածեն, որ եթէ չնուիրուին, ան զիրենք պատասխանատու պիտի չսեպէ իրենց սխալներուն համար։

18. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ չվախնաս որ Եհովան յուսախաբ պիտի ընես։

18 Եհովային հանդէպ սէրդ քեզի պիտի օգնէ որ չվախնաս որ զինք յուսախաբ պիտի ընես։ Քանի՛ որ Եհովան կը սիրես, ամէն կարելիդ պիտի ընես որ իրեն տուած խոստումդ պահես (Ժողովող 5։4. Կողոսացիս 1։10)։ Իր կամքը ընելը քեզի համար դժուար պիտի չերեւի։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3

19. Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնաս Եհովային նուիրուելէ։

19 Պէտք չունիս կատարեալ ըլլալու որ Եհովային նուիրուիս։ Ան բնա՛ւ մեզմէ չ’ակնկալեր որ մեր կարողութենէն աւելին ընենք (Սաղմոս 103։14)։ Ուրեմն մի՛ վախնար, ան քեզի պիտի օգնէ որ ճիշդը ընես (Եսայի 41։10)։ Ամբողջ սրտովդ Եհովային վստահէ եւ ան «քու շաւիղներդ [կամ ճամբաներդ] պիտի ուղղէ» (Առակաց 3։5, 6

ՆՈՒԻՐՈՒՄԴ ՄԱՐԴՈՑ ՅԱՅՏՆԻ ԴԱՐՁՆԵԼ

20. Նուիրումէդ ետք յաջորդ քայլը ի՞նչ է։

20 Կը կարծե՞ս որ Եհովային նուիրուելու պատրաստ ես։ Նուիրուելէ ետք պատրաստ կ’ըլլաս յաջորդ քայլին՝ մկրտութեան։

21, 22. Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ մարդոց առջեւ յայտնել։

21 Եթէ Եհովային նուիրուեցար, երէցներու մարմինի համակարգողին լուր տուր եւ ըսէ որ կ’ուզես մկրտուիլ։ Ան կարգ մը երէցներու պիտի ըսէ որ քեզի հետ նկատի առնեն Աստուածաշունչին գլխաւոր ուսուցումները։ Եթէ անոնք տեսնեն որ մկրտուելու պատրաստ ես, քեզի պիտի ըսեն որ յաջորդ համաժողովին կրնաս մկրտուիլ։ Համաժողովին ընթացքին դասախօսութիւն մը պիտի տրուի, որ մկրտութեան իմաստը կը բացատրէ։ Յետոյ դասախօսը երկու հարցում պիտի հարցնէ անոնց՝ որոնք պիտի մկրտուին։ Այդ հարցումներուն պատասխանելով՝ հաւատքդ ‘մարդոց առջեւ պիտի դաւանիս [կամ յայտնես]’ (Մատթէոս 10։32

22 Անկէ ետք կրնաս մկրտուիլ։ Մկրտութեան ատեն ամբողջ մարմինդ ջուրին մէջ պիտի մխրճուի։ Մկրտուելով, բոլորին ցոյց կու տաս որ Եհովային նուիրուած ես եւ հիմա Եհովայի վկայ մըն ես։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԿՐՏՈՒԻԼ

23. Ի՞նչ ըսել է մկրտուիլ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

23 Յիսուս ըսաւ որ իր աշակերտները պիտի մկրտուէին «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (կարդա՛ Մատթէոս 28։19)։ Ասիկա կը նշանակէ որ դուն կ’ընդունիս Եհովային իշխանութիւնը, կը հասկնաս թէ Յիսուս ինչ դեր ունի Եհովային նպատակին մէջ եւ թէ Աստուած ինչպէս իր սուրբ հոգին կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար (Սաղմոս 83։18. Մատթէոս 28։18. Գաղատացիս 5։22, 23. Բ. Պետրոս 1։21

Երբ մկրտուիս, ցոյց կու տաս որ կ’ուզես Աստուծոյ կամքը ընել

24, 25. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ։ բ) Վերջին դասին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

24 Մկրտութիւնը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Երբ ջուրին մէջ մխրճուիս, ասիկա կը նշանակէ որ անցեալի ապրելակերպդ ձգած ես։ Երբ ջուրէն դուրս ելլես, պիտի սկսիս նոր կեանք մը, որուն ընթացքին Աստուծոյ կամքը պիտի կատարես։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ անկէ ետք Եհովային պիտի ծառայես։ Յիշէ, որ դուն չես նուիրուած մարդու, կազմակերպութեան կամ գործի մը, հապա՝ կեանքդ Եհովային նուիրած ես։

25 Նուիրումդ եւ մկրտութիւնդ քեզի պիտի օգնեն, որ Աստուծոյ հետ աւելի մտերմանաս (Սաղմոս 25։14)։ Ասիկա ըսել չէ որ անհատ մը պիտի փրկուի միայն՝ քանի որ մկրտուեցաւ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք» (Փիլիպպեցիս 2։12)։ Մկրտութիւնը առաջին քայլն է որ փրկութեան կը տանի։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային մօտիկ մնալ։ Այս գիրքին վերջին դասը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։