Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 7

Յարութիւն պիտի ըլլայ

Յարութիւն պիտի ըլլայ

1-3. Ի՞նչն է մարդուն թշնամին, եւ Եհովա Աստուած ինչպէ՞ս մեզ պիտի ազատէ անկէ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ բանտ նետուած ես եւ մինչեւ կեանքիդ վերջը հոն պիտի մնաս ոճիրի մը համար, որ դուն չես գործած։ Բանտէն դուրս գալու միջոց մը չունիս։ Ապագադ մութ է եւ ձեռքէդ բան մը չի գար։ Բայց ճիշդ այն ատեն որ բանտէն դուրս գալու յոյսդ կը կտրես, կը գիտնաս որ մէկը կայ որ կրնա՛յ քեզ դուրս հանել եւ խոստացած է քեզի օգնել։ Ի՞նչ կը զգաս։

2 Մահը կը նմանի բանտի։ Ի՛նչ որ ալ ընենք, անկէ չենք կրնար ազատիլ։ Բայց Եհովա Աստուած կրնա՛յ մեզ մահէն ազատել։ Եւ ան խոստացած է, որ «վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ [կամ բնաջնջուի] մահն է» (Ա. Կորնթացիս 15։26

3 Երեւակայէ որքա՜ն պիտի հանգստանաս, երբ այլեւս պէտք չունենաս մահէն վախնալու։ Բայց Եհովա Աստուած ո՛չ միայն մահը պիտի վերցնէ, հապա մեռելները ետ կեանքի պիտի բերէ։ Կրնա՞ս երեւակայել որ ասիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել քեզի համար։ Եհովան կը խոստանայ. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան» (Եսայի 26։19)։ Սուրբ Գիրքը մեռած անհատի մը ետ կեանք տալը կը կոչէ՝ յարութիւն։

ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԵՌՆԻ

4. ա) Երբ ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը մեռնի, ի՞նչ բան կրնայ մեզ մխիթարել։ բ) Որո՞նք Յիսուսին մօտիկ բարեկամներն էին։

4 Երբ ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը մեռնի, շատ ցաւ կը զգանք։ Բան մը չենք կրնար ընել որ մեռելը ետ կեանքի բերենք։ Բայց Աստուածաշունչը մեզ կը մխիթարէ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Տեսնենք օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուզե՛ն մեր սիրելիները ետ կեանքի բերել։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան շատ անգամ կ’այցելէր Ղազարոսին եւ անոր քոյրերուն՝ Մարթային ու Մարիամին, որոնք իր մօտիկ բարեկամներն էին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը» (Յովհաննէս 11։3-5

5, 6. ա) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, երբ տեսաւ որ Ղազարոսին ընտանիքը եւ բարեկամները կու լային։ բ) Ինչո՞ւ կը մխիթարուինք, երբ գիտնանք որ Յիսուս մեզի պէս կը զգայ երբ մէկը մեռնի։

5 Օր մը Ղազարոս մեռաւ։ Յիսուս գնաց որ Մարթան ու Մարիամը մխիթարէ։ Երբ Մարթան լսեց որ Յիսուսը կու գայ, գնաց զինք դիմաւորելու։ Ան ուրախացաւ երբ Յիսուսը տեսաւ, բայց անոր ըսաւ. «Եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Մարթան կարծեց որ Յիսուս շատ ուշացած էր։ Յետոյ Յիսուս տեսաւ Մարիամը, որ կու լար։ Երբ տեսաւ որ ամէն մարդ տխուր էր, Յիսուս ազդուեցաւ եւ լացաւ (Յովհաննէս 11։21, 33, 35)։ Ան զգաց այն նոյն ցաւը որ մենք կը զգանք, երբ մեր սիրելիներէն մէկը մեռնի։

6 Ասիկա գիտնալը մեզ շատ կը մխիթարէ։ Եւ քանի որ Յիսուս ճիշդ իր Հօր նման է, կրնանք վստահ ըլլալ որ իր Հայրն ալ մեր ցաւը կը զգայ (Յովհաննէս 14։9)։ Եհովան զօրութիւն ունի մահը յաւիտեան վերցնելու, եւ մօտ ատենէն պիտի վերցնէ։

«ՂԱ՛ԶԱՐՈՍ, ԴՈՒՐՍ ԵԿՈՒՐ»

7, 8. Մարթան ինչո՞ւ չուզեց որ քարը Ղազարոսին գերեզմանին առջեւէն վերցուի, բայց Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

7 Երբ Յիսուս Ղազարոսին գերեզմանը հասաւ, անոր մուտքը մեծ քարով մը գոցուած էր։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Բայց Մարթան չուզեց, քանի որ Ղազարոսին մարմինը արդէն չորս օրէ ի վեր գերեզմանն էր (Յովհաննէս 11։39)։ Ան չէր գիտեր որ Յիսուս ի՛նչ ընելու վրայ էր։

Երեւակայէ Ղազարոսին ընտանիքին եւ բարեկամներուն ուրախութիւնը, երբ ան յարութիւն առաւ (Յովհաննէս 11։38-44)

8 Քարը մէկ կողմ տարուելէ ետք, Յիսուս Ղազարոսին ըսաւ. «Դուրս եկուր»։ Այն ատեն, մեռելը «ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով [կամ ճերմակ սաւանով] կապուած» (Յովհաննէս 11։43, 44)։ Մարթան ու Մարիամը իրենց աչքերուն չհաւատացին. Ղազարոս ետ կեանքի եկած էր։ Ան ետ իր ընտանիքին ու բարեկամներուն միացաւ։ Անոնք կրնային իրեն դպնալ, փաթթուիլ եւ իրեն հետ խօսիլ։ Ի՜նչ մեծ հրաշք։ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուած էր։

«ԱՂՋԻ՛Կ, ՔԵԶԻ Կ’ԸՍԵՄ, ԵԼԻՐ»

9, 10. ա) Ո՞վ Յիսուսին կարողութիւն տուաւ որ մարդոց յարութիւն տայ։ բ) Յարութեան դէպքերը ինչո՞ւ մեզի համար արժէքաւոր են։

9 Յիսուս ինքն իր ուժո՞վ մարդոց յարութիւն տուաւ։ Ո՛չ։ Ղազարոսին յարութիւն տալէ առաջ, Յիսուս Եհովային աղօթեց եւ Եհովան իրեն զօրութիւն տուաւ Ղազարոսին յարութիւն տալու (կարդա՛ Յովհաննէս 11։41, 42)։ Բայց Ղազարոս միակ անձը չէր որ յարութիւն առաւ։ Աստուածաշունչը կը պատմէ 12 տարեկան աղջիկի մը մասին, որ շատ հիւանդ էր։ Անոր հայրը՝ Յայրոս, անյոյս էր եւ Յիսուսին աղաչեց որ բժշկէ իր աղջիկը, որ իր մէկ հատիկ զաւակն էր։ Երբ Յայրոս Յիսուսին հետ կը խօսէր, մարդիկ եկան ու իրեն ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։ Բայց Յիսուս Յայրոսին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։ Յետոյ ան Յայրոսին հետ անոր տունը գնաց։ Երբ անոնք տունին մօտեցան, Յիսուս տեսաւ եւ լսեց որ մարդիկ կու լային։ Ան անոնց ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Աղջկան հայրն ու մայրը չհասկցան որ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր։ Յիսուս բոլորէն խնդրեց որ տունէն դուրս ելլեն եւ Պետրոսը, Յովհաննէսը, Յակոբոսը եւ աղջկան ծնողքը մտցուց այն սենեակը, ուր աղջիկը պառկած էր։ Ան կամացուկ մը աղջկան ձեռքը բռնեց եւ ըսաւ. «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։ Երեւակայէ աղջկան ծնողքը որքա՜ն ուրախացաւ, երբ ան շուտով ոտքի ելաւ եւ սկսաւ քալել։ Յիսուս անոնց աղջկան յարութիւն տուած էր (Մարկոս 5։22-24, 35-42)։ Անկէ ետք, երբ անոնք իրենց աղջիկը տեսնէին, կը յիշէին ինչ որ Եհովան իրենց համար ըրած էր Յիսուսին միջոցաւ *։

10 Անոնք՝ որոնց Յիսուս յարութիւն տուաւ, ետքը նորէն մեռան։ Բայց արդեօք անոնց յարութիւն տալը անիմա՞ստ էր։ Ո՛չ։ Յարութեան մասին այս դէպքերը կարեւոր ճշմարտութիւններ կը յայտնեն եւ մեզի յոյս կու տան։ Եհովան կ’ուզէ՛ մարդոց յարութիւն տալ եւ պիտի տա՛յ։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ

Պետրոս առաքեալ Այծեմնիկին յարութիւն տուաւ (Գործք 9։36-42)

Եղիսէն այրի կնոջ մը տղուն յարութիւն տուաւ (Դ. Թագաւորաց 4։32-37)

11. Ժողովող 9։5–ը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Ղազարոսին մասին։

11 Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ Ղազարոսին պարագան ալ այդպէս էր (Ժողովող 9։5)։ Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ, կարծես Ղազարոս կը քնանար (Յովհաննէս 11։11)։ Երբ ան գերեզմանին մէջն էր, ‘բան մը չէր գիտեր’։

12. Ուրկէ՞ գիտենք որ Ղազարոս յարութիւն առաւ։

12 Երբ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, շատեր այդ դէպքը անձամբ տեսան։ Նոյնիսկ Յիսուսին թշնամիները գիտէին որ ան այդ հրաշքը ըրաւ։ Ղազարոս ողջ էր եւ ասիկա փաստ մըն էր որ յարութիւն եղա՛ւ (Յովհաննէս 11։47)։ Ասկէ զատ, շատեր գացին Ղազարոսին այցելելու եւ անկէ ետք սկսան հաւատալ որ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է։ Ասիկա Յիսուսին թշնամիներուն հաշիւին չեկաւ, անոր համար որոշեցին թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը մեռցնել (Յովհաննէս 11։53. 12։9-11

13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ։

13 Յիսուս ըսաւ, որ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները» յարութիւն պիտի առնեն (Յովհաննէս 5։28)։ Բայց եթէ Եհովան մեռած անձի մը յարութիւն պիտի տայ, պէտք է անոր մասին ամէն բան յիշէ։ Ան ասիկա կրնա՞յ ընել։ Մէյ մը մտածենք. տիեզերքին մէջ միլիառաւոր աստղեր կան եւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան ամէն մէկ աստղին անունը գիտէ (կարդա՛ Սաղմոս 147։4, 5)։ Եթէ ան կրնայ ամէն մէկ աստղի անունը յիշել, ուրեմն անշուշտ որ կրնայ մեռելներուն մասին ամէն բան դիւրութեամբ յիշել եւ անոնց ետ կեանքի բերել։ Ասկէ զատ, Եհովան ամէն բան ստեղծեց. ուրեմն ան զօրութիւնը ունի մարդիկը ետ կեանքի բերելու։

14, 15. Յարութեան մասին ի՞նչ կը սորվինք Յոբին խօսքերէն։

14 Յոբ, որ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ էր, յարութեան կը հաւատար։ Ան հարցուց. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։ Յետոյ ան Եհովային ըսաւ. «Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ»։ Այո՛, Յոբ գիտէր որ Եհովան անհամբեր կը սպասէ այն ժամանակին, երբ մեռելներուն յարութիւն պիտի տայ (Յոբ 14։13-15

15 Հիմա որ գիտցար թէ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, ի՞նչ կը զգաս։ Թերեւս հարց տաս. ‘Արդեօք ընտանիքիս մեռած անդամները եւ բարեկամնե՞րս ալ յարութիւն պիտի առնեն’։ Որքա՜ն կը մխիթարուինք, երբ կը գիտնանք որ Եհովան կ’ուզէ՛ մեռելներուն յարութիւն տալ։ Տեսնենք որ ըստ Աստուածաշունչին անոնք ո՛ւր պիտի ապրին եւ որո՛նք յարութիւն պիտի առնեն։

ԱՆՈՆՔ «ԱՆՈՐ ՁԱՅՆԸ ՊԻՏԻ ԼՍԵՆ, ՈՒ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԳԱՆ»

16. Երկրի վրայ յարութիւն առնողները ի՞նչ տեսակ կեանք պիտի վայելեն։

16 Անցեալին, անոնք որոնք յարութիւն առին, իրենց ընտանիքին ու բարեկամներուն միացան հոս՝ երկրի վրայ։ Ապագային ալ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ Բայց այդ ժամանակ, անոնք առիթը պիտի ունենան յաւիտեա՛ն ապրելու Դրախտին մէջ երկրի վրայ եւ բնա՛ւ նորէն չմեռնելու։ Այն ատեն, երկրին վիճակները այսօրուան վիճակներէն շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլան. այլեւս պատերազմ, ոճիր եւ հիւանդութիւն պիտի չըլլայ։

17. Որո՞նք յարութիւն պիտի առնեն։

17 Որո՞նք յարութիւն պիտի առնեն։ Յիսուս ըսաւ, որ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Եւ Յայտնութիւն 20։13–ը կ’ըսէ. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը [կամ գերեզմանը] * իրենց մէջի մեռելները տուին»։ Այո, միլիառաւոր մարդիկ նորէն պիտի ապրին։ Պօղոս առաքեալն ալ ըսաւ, որ ‘թէ՛ արդարները եւ թէ՛ մեղաւորները’ յարութիւն պիտի առնեն (կարդա՛ Գործք 24։15)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

Դրախտին մէջ, մեռելները յարութիւն պիտի առնեն եւ իրենց սիրելիներուն պիտի միանան

18. Որո՞նք են «արդարներ»ը, որոնք յարութիւն պիտի առնեն։

18 «Արդարներ»ուն մէջ կան Եհովային այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք Յիսուսի երկիր գալէն առաջ ապրեցան։ Օրինակ Նոյ, Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Հռութ եւ Եսթեր յարութիւն պիտի առնեն հոս՝ երկրի վրայ։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք այդ կարգ մը հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներուն մասին։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի այն հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք մեր օրերուն կը մեռնին։ Անոնք ալ «արդարներ» են, ուրեմն անոնք ալ յարութիւն պիտի առնեն։

19. Որո՞նք են «մեղաւորներ»ը։ Եհովան անոնց ինչի՞ առիթ պիտի տայ։

19 «Մեղաւորներ»ուն մէջ կան միլիառաւոր մարդիկ, որոնք առիթը չունեցան Եհովան ճանչնալու։ Ճիշդ է որ անոնք մեռան, բայց Եհովան այս մարդիկը չէ մոռցած։ Ան անոնց յարութիւն պիտի տայ եւ անոնք առիթը պիտի ունենան իրեն մասին սորվելու եւ իրեն ծառայելու։

20. Որո՞նք յարութիւն պիտի չառնեն։

20 Ասիկա ըսել է որ բոլո՞ր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ Ո՛չ։ Յիսուս ըսաւ որ կարգ մը մարդիկ յարութիւն պիտի չառնեն (Ղուկաս 12։5)։ Ո՞վ պիտի որոշէ, թէ որոնք յարութիւն պիտի առնեն եւ որոնք պիտի չառնեն։ Եհովան ինքն է վերջնական Դատաւորը, բայց ան Յիսուսին ալ իշխանութիւն տուած է, որ «կենդանիներուն [կամ ողջերուն] ու մեռելներուն Դատաւորը» ըլլայ (Գործք 10։42)։ Ան որ կը դատուի որպէս չար եւ չ’ուզեր փոխուիլ, յարութիւն պիտի չառնէ (տե՛ս Բացատրութիւն 19

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

21, 22. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ յարութիւն առնել՝ երկինքի մէջ ապրելու համար։ բ) Ո՞վ էր առաջին անձը որ այս տեսակ յարութիւն առաւ։

21 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ կարգ մը մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն երկինքի մէջ ապրելու համար։ Այս պարագային, անոնք մարդկային մարմինով յարութիւն պիտի չառնեն, հապա յարութիւն պիտի առնեն հոգեղէն մարմինով։

22 Յիսուս առաջին անձն էր որ այս տեսակ յարութիւն առաւ (Յովհաննէս 3։13)։ Իր մահէն երեք օր ետք, Եհովան իրեն յարութիւն տուաւ (Սաղմոս 16։10. Գործք 13։34, 35)։ Ան մարդկային մարմինով յարութիւն չառաւ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ որ «մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել» (Ա. Կորնթացիս 15։50)։ Ուրեմն Յիսուս ետ կեանքի եկաւ որպէս հոգեղէն արարած (Ա. Կորնթացիս 15։3-6)։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուս միակ անձը պիտի չըլլար որ այս տեսակ յարութիւն պիտի առնէր։

23, 24. Ո՞վ է «պզտիկ հօտ»ը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ եւ քանի՞ հոգի անոր մաս կը կազմէ։

23 Յիսուս առաջ որ մեռնի իր հաւատարիմ աշակերտներուն ըսաւ. «Կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ» (Յովհաննէս 14։2)։ Ասիկա կը նշանակէ որ կարգ մը մարդիկ, որոնք իրեն պիտի հետեւէին, յարութիւն պիտի առնէին իրեն հետ երկինքին մէջ ապրելու համար։ Քանի՞ հոգի այս տեսակ յարութիւն պիտի առնէր։ Յիսուս ըսաւ պզտիկ խումբ մը՝ «պզտիկ հօտ» մը (Ղուկաս 12։32)։ Յովհաննէս առաքեալ անոնց ճիշդ թիւը տուաւ, երբ ըսաւ որ Յիսուսը տեսաւ երկնային «Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը» (Յայտնութիւն 14։1

24 144,000–ը ե՞րբ յարութիւն պիտի առնէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ անոնք յարութիւն պիտի առնէին, երբ Քրիստոս սկսէր երկինքին մէջ իշխել (Ա. Կորնթացիս 15։23)։ Մենք հիմա այդ ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ 144,000–ին մեծ մասը արդէն յարութիւն առած է եւ երկինքն է։ Իսկ անոնք՝ որոնք դեռ երկրի վրայ են, երբ մեռնին՝ վայրկեանական յարութիւն պիտի առնեն երկինքի մէջ ապրելու համար։ Բայց մարդոց մեծ մասը ապագային յարութիւն պիտի առնէ որ ապրի Դրախտին մէջ՝ հոս երկրի վրայ։

25. Յաջորդ դասին մէջ ինչի՞ մասին պիտի սորվինք։

25 Շատ մօտ ատենէն Եհովան մահուան վերջ պիտի դնէ եւ մարդիկ այլեւս պիտի չմեռնին (կարդա՛ Եսայի 25։8)։ Բայց երկինք գացողները հոն ի՞նչ պիտի ընեն։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, որ անոնք երկնային Թագաւորութեան մաս պիտի կազմեն եւ Յիսուսին հետ իշխեն։ Այդ թագաւորութեան մասին պիտի սորվինք յաջորդ դասին մէջ։

^ պարբ. 9 Սուրբ Գիրքը կը պատմէ ուրիշ մարդոց յարութիւններուն մասին. ըլլան անոնք երիտասարդ կամ տարեց, իսրայէլացի կամ օտար։ Անոնց մասին կը կարդանք այս համարներուն մէջ՝ Դ. Թագաւորաց 4։32-37. 13։20, 21. Ղուկաս 7։11-17. Գործք 9։36-42։