ՄԱՍ 9
Իսրայէլացիները թագաւոր մը կ’ուզեն
Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ, անհնազանդ կը գտնուի։ Անոր կը յաջորդէ Դաւիթ, որուն Աստուած յաւիտենական թագաւորութիւն մը կ’ուխտէ։
ՍԱՄՓՍՈՆԻ մահէն ետք, Իսրայէլի մէջ Սամուէլ անունով մարդ մը որպէս մարգարէ եւ դատաւոր ծառայեց։ Իսրայէլացիները շարունակ Սամուէլի ըսին, թէ կ’ուզէին ուրիշ ազգերու պէս մարդկային թագաւոր մը ունենալ իրենց վրայ։ Թէեւ այս խնդրանքը Եհովայի համար անարգական էր, բայց ան Սամուէլին ըսաւ որ ընդառաջէր։ Աստուած Սաւուղ անունով խոնարհ մարդ մը ընտրեց անոնց վրայ թագաւոր ըլլալու։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Սաւուղ թագաւորը հպարտացաւ եւ անհնազանդ գտնուեցաւ։ Եհովան այլեւս չուզեց որ ան թագաւորէ, եւ Սամուէլին ըսաւ որ ուրիշ մէկը նշանակէր,– տղեկ մը, որուն անունը Դաւիթ էր։ Սակայն տարինե՜ր պիտի անցնէին մինչեւ որ Դաւիթ թագաւոր ըլլար։
Հաւանաբար, երբ Դաւիթ տակաւին պատանի էր, ան իր եղբայրներուն այցելեց, որոնք Սաւուղի բանակին մէջ կը ծառայէին։ Ամբողջ բանակը սարսափած էր Գողիաթ անունով հսկայ, թշնամի ռազմիկէ մը, որ շարունակ կը նախատէր զիրենք եւ իրենց Աստուածը։ Դաւիթ հսկային խօսքերէն զայրացած, ընդունեց անոր հետ մենամարտիլ։ Ան քանի մը քար եւ պարսատիկ մը առնելով, գնաց իր հակառակորդին դէմ ելլելու, որուն հասակը շուրջ 3 մեթր էր։ Երբ Գողիաթ Դաւիթը ծաղրելու սկսաւ, Դաւիթ պատասխանեց թէ ինք հսկայէն աւելի լաւ սպառազինուած էր, քանի որ Եհովա Աստուծոյ անունով էր որ կը մենամարտէր։ Դաւիթ մէկ քարով տապալեց հսկայ Գողիաթը, եւ գլխատեց զայն անոր սրովը։ Փղշտացիներուն բանակը այս բանը տեսնելով սարսափեցաւ ե՛ւ փախուստ տուաւ։
Սկիզբը, Սաւուղ տպաւորուած էր Դաւիթի խիզախութեամբ, անոր համար ան այդ երիտասարդը իր զօրքին վրայ դրաւ։ Բայց Դաւիթի յաջողութիւնները դառն նախանձ մը յառաջացուցին Սաւուղի մէջ։ Այս պատճառով, Դաւիթ ստիպուեցաւ իր կեանքը ազատելու համար փախչիլ եւ երկար տարիներ որպէս փախստական ապրիլ։ Սակայն, Դաւիթ հաւատարիմ մնաց Սաւուղին, որ կը փորձէր զինք սպաննել, նկատի ունենալով որ այս թագաւորը Եհովա Աստուծոյ կողմէ՛ նշանակուած էր։ Ի վերջոյ, Սաւուղ պատերազմի մը ընթացքին սպաննուեցաւ։ Շատ չանցած, Դաւիթ թագաւոր եղաւ, ինչպէս որ Եհովան խոստացեր էր։
«Անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ» (Բ. Թագաւորաց 7։13)։
Թագաւոր ըլլալէ ետք, Դաւիթ անձկութեամբ փափաքեցաւ Եհովային տաճար մը կառուցանել։ Սակայն Եհովան իրեն ըսաւ, որ իր որդիներէն մէկը այդ գործը պիտի կատարէր։ Անիկա Սողոմոնը եղաւ։ Սակայն Աստուած վարձատրեց Դաւիթը, անոր հետ զգայացունց ուխտ մը ընելով. անոր շառաւիղէն թագաւորական սերունդ մը պիտի ելլէր, որուն նմանը պիտի չըլլար։ Ի վերջոյ, անիկա յառաջ պիտի բերէր այն Ազատարարը կամ Սերունդը, որուն մասին խոստացուած էր Եդեմի մէջ։ Անիկա պիտի ըլլար Մեսիան, որ կը նշանակէ «Օծեալ», այսինքն՝ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած։ Եհովան խոստացաւ, որ Մեսիան պիտի ըլլար այն կառավարութեան կամ Թագաւորութեան Կառավարիչը, որ յաւիտեան պիտի գոյատեւէր։
Դաւիթ տաճարին կառուցման համար իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով, մեծ քանակութեամբ շինարարական նիւթեր եւ թանկարժէք մետաղներ բերաւ։ Ան նաեւ բազմաթիւ ներշնչեալ սաղմոսներ յօրինեց։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, Դաւիթ ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ինձմով խօսեցաւ ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր» (Բ. Թագաւորաց 23։2)։
Աղբիւրը՝ Ա. Թագաւորաց. Բ. Թագաւորաց. Ա. Մնացորդաց. Եսայի 9։7. Մատթէոս 21։9. Ղուկաս 1։32. Յովհաննէս 7։42։