ՄԱՍ 20
Յիսուս Քրիստոս կը սպաննուի
Յիսուս նոր տօնակատարութիւն մը կը հաստատէ։ Ան կը դաւաճանուի եւ կը ցցահարուի։
ԵՐԵՔՈՒԿԷՍ տարի քարոզելէ եւ սորվեցնելէ ետք, Յիսուս գիտցաւ որ իր երկրային կեանքի աւարտին կը մօտենար։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը ծրագրէին զինք սպաննել, բայց կը վախնային որ ժողովուրդին մէջ իրարանցում ըլլար, որովհետեւ Յիսուսը կը դիտուէր որպէս մարգարէ։ Մինչ այդ, Սատանան Յիսուսի 12 առաքեալներէն մին՝ Իսկարիովտացի Յուդան դրդեց, որ Յիսուսը դաւաճանէ։ Կրօնական առաջնորդները Յուդային 30 կտոր արծաթ առաջարկեցին, որպէսզի Յիսուսը մատնէր։
Յիսուս իր վերջին գիշերը, առաքեալները մէկտեղ հաւաքեց, որպէսզի միասնաբար Պասեքը տօնակատարեն։ Յուդան արձակելէ ետք, ան նոր տօնակատարութիւն մը հաստատեց. Տէրոջ ընթրիքը։ Ան հաց առաւ, աղօթեց, ապա զայն 11 առաքեալներէն անցուց եւ ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Գաւաթ մը գինի առնելով, նոյն բանը ըրաւ եւ ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս» (Ղուկաս 22։19, 20)։
Այդ գիշեր, Յիսուս շատ բան ունէր ըսելիք իր առաքեալներուն։ Ան անոնց նոր պատուիրան մը տուաւ, որ իրարու հանդէպ անձնուրաց սէր ցուցաբերէին, ըսելով. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ան զիրենք յորդորեց որ իրենց սիրտը չխռովէր մօտալուտ, ողբալի դէպքերուն պատճառով։ Յիսուս իրենց համար ջերմեռանդօրէն աղօթեց։ Անոնք միասնաբար գովերգեցին եւ գիշեր ատեն Գեթսեմանիի պարտէզը գացին։
Հո՛ն, Յիսուս ծունկի եկաւ եւ ամբողջ սրտով աղօթեց։ Շատ չանցած, զինեալ ամբոխ մը, որ բաղկացած էր զինուորներէ, քահանաներէ եւ ա՛յլ մարդոցմէ, եկաւ զինք ձերբակալելու։ Յուդան Յիսուսի մօտեցաւ եւ համբոյրով մը զինք մատնանշեց։ Մինչ զինուորները Յիսուսի ձեռքերը կը կապէին, աշակերտները փախան։
Յիսուս հրէական բարձրագոյն ատեանին առջեւ կենալով ըսաւ, թէ ինք Աստուծոյ Որդին է։ Ատեանը զինք հայհոյութեան յանցանքով մեղաւոր նկատեց եւ մեռնելու արժանի սեպեց։ Ապա, Յիսուս հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին քով տարուեցաւ։ Զինք ամբողջովին անմեղ գտնելով հանդերձ, Պիղատոս Յիսուսը յանձնեց ամբոխին ձեռքը, որոնք անոր սպաննուիլը կ’ուզէին։
Յիսուս Գողգոթա տարուեցաւ, ուր հռոմայեցի զինուորները զինք փայտի մը վրայ գամեցին։ Ցերեկուան լոյսը հրաշքով մը խաւարեցաւ։ Ապա, յետմիջօրէին, Յիսուս մահացաւ եւ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ։ Անոր մարմինը քարի մէջ փորուած դամբարանի մը մէջ դրուեցաւ։ Յաջորդ օրը, քահանաները դամբարանը գոցեցին եւ անոր մուտքին պահակ մը դրին։ Արդեօք Յիսուս այդ դամբարանին մէջ պիտի մնա՞ր։ Ո՛չ։ Շուտով, մեծագոյն հրաշքը պիտի կատարուէր։
Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 26 եւ 27. Մարկոս, գլուխ 14 եւ 15. Ղուկաս, գլուխ 22 եւ 23. Յովհաննէս, գլուխ 12–էն 19։
^ պարբ. 15 Քննարկելու համար թէ ի՛նչ արժէք ունի Յիսուսի զոհաբերական մահը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը։