Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 5

Դժուար կեանք մը

Դժուար կեանք մը

ԵԴԵՄԻ պարտէզէն դուրս, Ադամ եւ Եւա շատ մը դժուարութիւններ ունէին։ Անոնք Ուտելիք ճարելու համար ծանր պէտք էր աշխատէին։ Փոխանակ գեղեցիկ պտղատու ծառերու, իրենց շուրջ տեսան աճող տատասկներ ու փուշեր։ Ասիկա է որ պատահեցաւ երբ Ադամ եւ Եւա անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ եւ Իր բարեկամները ըլլալէ դադրեցան։

Ասկէ աւելի գէշ, Ադամ եւ Եւա սկսան մեռնիլ։ Յիշեցէք որ Աստուած անոնց ըսաւ որ եթէ որոշ ծառէ մը պտուղ ուտէին, պիտի մեռնէին։ Այդ օրն իսկ որ անկէ կերան, անոնք սկսան մեռնիլ։ Ի՜նչ յիմարութիւն ըրին Աստուծոյ մտիկ չնելով։

Ադամի եւ Եւայի բոլոր զաւակները ծնան իրենց ծնողքին Եդեմի պարտէզէն վռնտուելէն ետք։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոնք ալ պիտի ծերանային ու մեռնէին։

Եթէ Ադամ եւ Եւա Եհովայի հնազանդ մնային, կեանքը որքա՜ն երջանիկ պիտի ըլլար իրենց եւ իրենց զաւակներուն համար։ Բոլորն ալ պիտի կարենային յաւիտեան ուրախ ապրիլ երկրի վրայ։ Ոչ մէկը պիտի ծերանար, հիւանդանար եւ մեռնէր։

Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ յաւիտեան ուրախ ապրին։ Ան կը խոստանայ որ օր մը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ոչ միայն ամբողջ երկիրը գեղեցիկ, այլ նաեւ՝ բոլոր մարդիկը առողջ պիտի ըլլան։ Երկրի վրայ բոլոր ապրողները իրարու եւ Աստուծոյ հետ լաւ բարեկամներ պիտի ըլլան։

Բայց Եւա այլեւս Աստուծոյ բարեկամը չէր։ Ուստի երբ իր զաւակներուն ծնունդ տուաւ, ան շատ ցաւ ունեցաւ։ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուիլը վստահաբար շատ վիշտ պատճառեց իրեն, չէ՞ք խորհիր։

Ադամ եւ Եւա շատ մը որդիներ եւ աղջիկներ ունէին։ Երբ իրենց անդրանիկ որդին ծնաւ, անունը Կայէն դրին, իսկ իրենց երկրորդ որդւոյն անունը՝ Աբէլ։ Գիտէ՞ք ինչ պատահեցաւ անոնց։