Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 4

Ինչո՛ւ կորսնցուցին իրենց բնակարանը

Ինչո՛ւ կորսնցուցին իրենց բնակարանը

ՆԱՅԵՑԷՔ ինչ կը պատահի։ Ադամ եւ Եւա Եդեմի գեղեցիկ պարտէզէն կը վռնտուին։ Գիտէ՞ք ինչու։

Քանի որ անոնք շատ չար արարք մը ըրին։ Ուստի Եհովա կը պատժէ զիրենք։ Գիտէ՞ք ինչ էր Ադամի եւ Եւայի ըրած չար արարքը։

Անոնք բան մը ըրին զոր Աստուած ըսաւ որ չընեն։ Աստուած անոնց ըսաւ որ պարտէզին ծառերէն կրնային ուտել, բացի միայն մէկ ծառէն։ Աստուած ըսաւ որ եթէ այդ ծառէն ուտէին, պիտի մեռնէին։ Աստուած այդ ծառը իրեն պահեց։ Մենք գիտենք որ ուրիշին պատկանած մէկ բանը առնելը սխալ է, այդպէս չէ՞։ Լաւ, ի՞նչ պատահեցաւ։

Օր մը, երբ Եւա առանձին էր պարտէզին մէջ, օձ մը իրեն հետ խօսեցաւ։ Ի՜նչ զարմանալի բան մը։ Ան Եւայի ըսաւ որ Աստուծոյ արգիլած ծառէն պտուղ ուտէ։ Աստուած երբ օձերը ստեղծեց, ան զանոնք չստեղծեց խօսելու կարողութեամբ։ Ուստի ասիկա կը նշանակէ թէ ուրիշ մէկը օձը կը խօսեցնէր։ Ո՞վ էր ան։

Ան Ադամը չէր։ Ուրեմն, պէտք էր ըլլար այն արարածներէն մէկը, զորս Եհովա ստեղծած էր երկիրը կազմելէն առաջ։ Այս արարածները հրեշտակներ են, զորոնք չենք կրնար տեսնել։ Այդ հրեշտակներէն մէկը շատ հպարտացած էր։ Ան սկսաւ մտածել որ ինքն ալ Աստուծոյ նման իշխան մը պէտք է ըլլայ եւ ուզեց որ մարդիկ իրեն հնազանդին, փոխանակ Եհովայի։ Այդ նոյն հրեշտակն էր որ օձին խօսիլ տուաւ։

Այս հրեշտակը կարող էր Եւայի խաբել։ Երբ ան Եւայի ըսաւ որ եթէ պտուղը ուտէ Աստուծոյ պէս պիտի ըլլայ, Եւա հաւատաց։ Ուստի ինք կերաւ եւ Ադամ ալ կերաւ անկէ։ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ անոր համար է որ անոնք իրենց գեղեցիկ պարտէզ բնակարանը կորսնցուցին։

Բայց Աստուած, օր մը ամբողջ երկիրը Եդեմի պարտէզին նման գեղեցիկ պիտի դարձնէ։ Աւելի վերջը պիտի սորվինք թէ դուք ալ ի՛նչպէս կրնաք բաժին բերել ասոր մէջ։ Բայց հիմա, տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ադամի եւ Եւայի։