Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 7

Քաջ մարդ մը

Քաջ մարդ մը

ՄԻՆՉ երկրի վրայ մարդիկ սկսան շատնալ, անոնցմէ շատեր Կայէնի նման չարութիւն ըրին։ Բայց մարդ մը կար, որ տարբեր էր։ Անոր անունն էր Ենովք։ Ենովք քաջ մարդ մըն էր։ Իր շուրջը եղող մարդիկը շատ գէշ բաներ կ’ընէին, բայց Ենովք տակաւին կը շարունակէր Աստուծոյ ծառայել։

Գիտէ՞ք թէ այն ատեն մարդիկ ինչու այդքան չարութիւն կ’ընէին։ Լաւ, խորհեցէք, ո՞վ պատճառ եղաւ որ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուին եւ ուտեն Աստուծոյ արգիլած պտուղը։ Այո, անիկա չար հրեշտակ մըն էր։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ Սատանայ։ Ինքն է որ կը ջանայ բոլոր մարդիկը չարացնել։

Օր մը Եհովա Աստուած Ենովքի ըսաւ որ մարդոց լսելու անհաճելի եղող բան մը ըսէր։ Ան պիտի ըսէր. ‘Օր մը Աստուած բոլոր չարերը պիտի բնաջնջէ’։ Մարդիկ հաւանաբար շատ բարկացան երբ ասիկա լսեցին։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ փորձեցին սպաննել Ենովքը։ Ուստի Ենովք շատ քաջ պէտք էր ըլլար որպէսզի մարդոց ըսէր ինչ որ Աստուած պիտի ընէր։

Աստուած թոյլ չտուաւ որ Ենովք երկար ժամանակ ապրի այդ չար մարդոց մէջ։ Ենովք միայն 365 տարի ապրեցաւ։ Ինչո՞ւ կ’ըսենք «միայն 365 տարի»։ Քանի որ այն ատեն մարդիկ շատ աւելի զօրաւոր էին եւ շատ աւելի երկար կ’ապրէին քան հիմա։ Այո, Ենովքի որդին՝ Մաթուսաղան, 969 տարի ապրեցաւ։

Ենովքի մեռնելէն ետք, մարդիկ ա՛լ աւելի չարացան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ‘անոնց բոլոր խորհուրդները ամէն օր չար էին’ եւ թէ ‘երկիրը անիրաւութեամբ լեցուեցաւ’։

Այդ օրերուն երկրի վրայ եղող այդքան չարութեան պատճառներէն մէկը գիտէ՞ք ինչ էր։ Սատանան մարդիկը չարութեան մղելու նոր կերպ մը կը գործածէր։ Յաջորդիւ այս մասին պիտի սորվինք։