Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 1

Աստուած կը սկսի ստեղծել

Աստուած կը սկսի ստեղծել

ՄԵՐ ունեցած բոլոր լաւ բաները Աստուծմէ կու գան։ Ան շինեց արեւը որպէսզի ցորեկը մեզի լոյս տայ, իսկ լուսինը եւ աստղերը որպէսզի գիշերը քիչ մը լոյս ունենանք։ Իսկ Աստուած երկիրը շինեց որպէսզի մենք անոր վրայ բնակինք։

Բայց արեւը, լուսինը, աստղերը եւ երկիրը Աստուծոյ ըրած առաջին գործերը չէին։ Գիտէ՞ք առաջին բանը ի՛նչ էր։ Աստուած նախ իրեն նման անձեր ստեղծեց։ Մենք չենք կրնար տեսնել զանոնք, ինչպէս որ չենք կրնար տեսնել Աստուած։ Աստուածաշունչը զանոնք կը կոչէ հրեշտակներ։ Աստուած հրեշտակները ըրաւ որպէսզի երկինքի մէջ իրեն հետ բնակին։

Աստուծոյ ստեղծած առաջին հրեշտակը մասնայատուկ էր։ Ան Աստուծոյ առաջին Որդին էր, որ իր Հօրը հետ աշխատեցաւ։ Ան Աստուծոյ օգնեց որ մնացեալ բոլոր բաները՝ արեւը, լուսինը, աստղերը եւ մեր երկիրը ստեղծէ։

Այն ատեն երկիրը ի՞նչ երեւոյթ ունէր։ Սկիզբը ոչ մէկը կրնար երկրի վրայ բնակիլ։ Բան մը չկար։ Բոլոր երկիրը հսկայ ովկիանոս մըն էր։ Բայց Աստուած կ’ուզէր որ մարդիկ երկրի վրայ բնակին։ Ուստի ան սկսաւ պատրաստութիւններ տեսնել մեզի համար։ Ի՞նչ ըրաւ։

Նախ, երկիրը լոյսի պէտք ունէր։ Ուստի Աստուած այնպէս մը ըրաւ որ արեւուն լոյսը շողայ երկրին վրայ։ Ան այնպէս մը ըրաւ որ թէ՛ ցորեկ եւ թէ գիշեր ըլլայ։ Անկէ ետք Աստուած ովկիանոսին յատակի ցամաքը դուրս հանեց։

Սկիզբը ցամաքին վրայ բան մը չկար։ Անիկա ճիշդ ձեր տեսած պատկերին կը նմանէր. ոչ ծաղիկ, ոչ ծառ եւ ոչ ալ անասուն կար։ Ովկիանոսներուն մէջ նոյնիսկ ձուկեր չկային։ Երկիրը անասուններուն եւ մարդոց գեղեցիկ բնակարան մը ընելու համար, Աստուած ընելիք շատ գործ ունէր։