Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 9

Նոյ տապան մը կը շինէ

Նոյ տապան մը կը շինէ

ՆՈՅ ունէր կին մը եւ երեք որդիներ։ Իր որդիներուն անուններն էին՝ Սէմ, Քամ եւ Յաբեթ։ Անոնք ամուսնացած էին։ Հետեւաբար Նոյի ընտանիքը կը բաղկանար ութը անհատներէ։

Օր մը Աստուած Նոյէն տարօրինակ բան մը պահանջեց։ Ան Նոյի ըսաւ որ հսկայ տապան մը շինէ։ Այս տապանը նաւու մը պէս մեծ էր, բայց անիկա աւելի կը նմանէր մեծ, երկար սնտուկի մը։ ‘Երեք հարկ շինէ եւ անոր մէջ սենեակներ ըրէ’, ըսաւ Աստուած։ Սենեակները Նոյի եւ իր ընտանիքին, անասուններուն եւ բոլորին անհրաժեշտ եղող ուտելիքին համար էին։

Աստուած նաեւ Նոյի ըսաւ որ տապանը լաւ մը ծեփէ որպէսզի ներսը ջուր չմտնէ։ Աստուած ըսաւ. ‘Մեծ ջրհեղեղ պիտի բերեմ ու ամբողջ աշխարհը պիտի կործանեմ։ Ով որ տապանին մէջ չըլլայ, պիտի մեռնի’։

Նոյ եւ իր որդիները հնազանդեցան Եհովայի եւ գործի լծուեցան։ Սակայն մնացեալ մարդիկը սկսան ծաղրել զիրենք։ Անոնք կը շարունակէին իրենց չարութիւնները։ Ոչ մէկը կը հաւատար Նոյի երբ ան անոնց կը խօսէր ինչ որ Աստուած պիտի ընէր։

Տապանը շինելը շատ ժամանակ առաւ, քանի որ անիկա բաւական հսկայ էր։ Վերջապէս, շատ տարիներ ետք, անիկա ամբողջացաւ։ Արդ Աստուած Նոյին ըսաւ որ անասունները տապան մտցնէ։ Աստուած ըսաւ որ կարգ մը տեսակներէն մէկ զոյգ առնէ՝ արու եւ էգ, իսկ ուրիշ տեսակներէն՝ եօթը հատ։ Աստուած Նոյի նաեւ ըսաւ որ բոլոր տեսակի թռչուններէն ալ տապան մտցնէ։ Նոյ ճիշդ Աստուծոյ ըսածին պէս ըրաւ։

Անկէ ետք, Նոյ եւ իր ընտանիքն ալ տապան մտան։ Ապա Աստուած անոնց ետեւէն գոցեց դուռը։ Նոյ եւ իր ընտանիքը, տապանին մէջ, սպասեցին։ Երեւակայեցէք որ իրենց հետ տապանին մէջ կը գտնուիք եւ կը սպասէք։ Արդեօք Աստուծոյ ըսածին պէս ջրհեղեղ մը իրապէս պիտի ըլլա՞ր։