Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 13

Աբրահամ՝ Աստուծոյ բարեկամը

Աբրահամ՝ Աստուծոյ բարեկամը

ՋՐՀԵՂԵՂԷՆ ետք, բնակելու համար մարդոց գացած տեղերէն մէկը կը կոչուէր Ուր։ Ան գեղեցիկ տուներով կարեւոր քաղաք մը եղաւ։ Բայց հոն մարդիկ կեղծ աստուածներ կը պաշտէին։ Անոնք Բաբելոնի մէջ ալ զանոնք կը պաշտէին։ Ուրի եւ Բաբելոնի ժողովուրդը չէին նմաներ Նոյի եւ իր որդւոյն՝ Սէմին որոնք կը շարունակէին Եհովայի ծառայել։

Վերջապէս, ջրհեղեղէն 350 տարի ետք, հաւատարիմ Նոյ մեռաւ։ Անկէ միայն երկու տարի վերջն էր որ այս պատկերին մէջ ձեր տեսած մարդը ծնաւ։ Այս անձը շատ հաճելի էր Աստուծոյ։ Անոր անունն էր՝ Աբրահամ։ Ան իր ընտանիքին հետ կ’ապրէր Ուր քաղաքին մէջ։

Օր մը Եհովա ըսաւ Աբրահամի. ‘Ձգէ Ուրը եւ քու ազգականներդ եւ գնա՛ այն երկիրը որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։ Արդեօք Աբրահամ Աստուծոյ հնազանդելով, ձգե՞ց Ուր քաղաքին մէջ իր ունեցած հանգիստ կեանքը։ Այո, ան ձգեց եւ քանի որ Աբրահամ միշտ Աստուծոյ կը հնազանդէր, ան Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ։

Երբ Աբրահամ Ուր քաղաքէն ելաւ, իր ընտանիքէն ոմանք իրեն հետ գացին, ինչպէս իր հայրը՝ Թարան եւ իր զարմիկը՝ Ղովտը։ Անշուշտ, նաեւ Աբրահամի կինը՝ Սարան։ Ատեն մը ետք, անոնք հասան Խառան կոչուած տեղը, ուր Թարա մեռաւ։ Անոնք Ուր քաղաքէն շատ հեռացած էին։

Բաւական ժամանակ ետք, Աբրահամ եւ իր ընտանիքը ձգեցին Խառանը եւ եկան Քանան կոչուած երկիրը։ Հոն Եհովա ըսաւ. ‘Այս երկիրն է որ քու որդիներուդ պիտի տամ’։ Աբրահամ Քանանու երկրին մէջ մնաց եւ վրաններու տակ ապրեցաւ։

Աստուած օրհնեց Աբրահամը, այնպէս որ ան շատ ոչխարներու ու ուրիշ անասուններու հօտեր եւ հարիւրաւոր ծառաներ ունեցաւ։ Բայց ինք եւ Սարան զաւակ չունէին։

Երբ Աբրահամ 99 տարեկան էր, Եհովա ըսաւ. ‘Քեզի կը խոստանամ որ դուն շատ ազգերու հայր պիտի ըլլաս’։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, քանի որ Աբրահամ եւ Սառա այլեւս շատ ծեր էին զաւակ ունենալու համար։