Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 14

Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը

Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը

ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք Աբրահամ ինչ կ’ընէ հոս։ Ան իր ձեռքը դանակ մը ունի եւ կարծես թէ իր որդին պիտի մորթէ։ Ինչո՞ւ այդպիսի բան մը պիտի ընէր ան։ Նախ տեսնենք թէ Աբրահամ եւ Սառա ինչպէ՞ս ունեցան իրենց որդին։

Կը յիշենք որ Աստուած անոնց խոստացած էր որ որդի մը պիտի ունենային։ Բայց անիկա անկարելի կը թուէր, քանի որ Աբրահամ եւ Սառա շատ ծեր էին։ Սակայն, Աբրահամ հաւատաց որ Աստուած կրնար ընել նոյնիսկ անկարելի թուող բաներ։ Ուստի, ի՞նչ պատահեցաւ։

Աստուծոյ խոստումէն ամբողջ տարի մը անցաւ։ Յետոյ, երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր, իսկ Սառա՝ 90 տարեկան, անոնք մանչ զաւակ մը ունեցան, որու անունը Իսահակ դրին։ Աստուած իր խոստումը պահած էր։

Բայց երբ Իսահակ մեծցաւ, Եհովա փորձեց Աբրահամի հաւատքը։ Ան կանչեց. ‘Աբրահա՛մ’։ Աբրահամ պատասխանեց. ‘Ահա հոս եմ’։ Յետոյ Աստուած ըսաւ. ‘Քու որդիդ, քու մէկ հատիկ որդիդ՝ Իսահակը առ եւ գնա լեռ մը, զոր ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Հոն մորթէ քու որդիդ եւ զոհ մատուցանէ’։

Այս խօսքերը որքա՜ն տխրեցուցին Աբրահամը, քանի որ ան շա՜տ կը սիրէր իր որդին։ Յիշենք որ Աստուած խոստացած էր որ Աբրահամի որդիները Քանանու երկրին մէջ պիտի ապրէին։ Բայց եթէ Իսահակ մեռնէր, ատիկա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար։ Աբրահամ չհասկցաւ, այսուհանդերձ ան հնազանդեցաւ Աստուծոյ։

Երբ լեռ բարձրացան, Աբրահամ կապեց Իսահակը եւ իր շինած սեղանին վրայ դրաւ։ Յետոյ, դանակը հանեց որպէսզի սպաննէ իր որդին։ Բայց ճիշդ այդ պահուն, Եհովայի հրեշտակը կանչեց. ‘Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ’։ Իսկ ան ըսաւ. ‘Ահա հո՛ս եմ’։

‘Տղուն վնաս մի՛ հասցներ կամ անոր բան մը մի՛ ըներ’, ըսաւ Աստուած. ‘Հիմա գիտցայ որ ինծի կը հաւատաս, քանի որ ինծի համար քու որդիդ, քու մէկ հատիկդ ինծմէ չխնայեցիր’։

Ի՜նչ մեծ հաւատք ունէր Աբրահամ Աստուծոյ վրայ։ Ան կը հաւատար որ Եհովայի համար անկարելի բան չկար եւ թէ ան նոյնիսկ կրնար Իսահակը մեռելներէն յարուցանել։ Բայց իրականութեան մէջ, Աստուծոյ կամքը չէր որ Աբրահամ սպաննէր Իսահակը։ Ուստի Աստուած պատճառ եղաւ որ մօտակայ մացառներուն մէջ ոչխար մը եղջիւրներէն բռնուի եւ Աբրահամի ըսաւ որ անիկա զոհէ իր որդւոյն տեղ։