Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 30

Այրող մորենին

Այրող մորենին

ՄՈՎՍԷՍ Քորեբ լեռը եկած էր որպէսզի իր ոչխարներուն համար խոտ գտնէր։ Հոն, ան տեսաւ մորենի մը, որ կը վառէր, բայց չէր սպառեր։

Մովսէս խորհեցաւ. ‘Ասիկա տարօրինակ է, աւելի մօտ երթամ եւ լաւ տեսնեմ’։ Երբ ան մօտեցաւ, մորենիէն ձայն մը եկաւ, որ ըսաւ. ‘Աւելի մի՛ մօտենար։ Կօշիկներդ հանէ, քանի որ քու կեցած տեղդ սուրբ տեղ է’։ Աստուա՛ծ կը խօսէր հրեշտակի մը միջոցաւ, ուստի Մովսէս իր երեսը ծածկեց։

Յետոյ Աստուած ըսաւ. ‘Ես Եգիպտոսի մէջ իմ ժողովուրդիս տառապանքը տեսայ։ Ուստի ես պիտի ազատեմ զանոնք եւ քեզ կը ղրկեմ որ իմ ժողովուրդս Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդես’։ Եհովա իր ժողովուրդը Քանանու գեղեցիկ երկիրը բերելու կը պատրաստուէր։

Բայց Մովսէս ըսաւ. ‘Ես աննշան մէկն եմ։ Ես ինչպէ՞ս կրնամ ասիկա ընել։ Լաւ, ենթադրենք որ գացի. Իսրայելացիները ինծի պիտի ըսեն. «Ո՞վ քեզ ղրկեց», այն ատեն ի՞նչ ըսեմ անոնց’։

‘Այսպէս պիտի ըսես. «Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը՝ ԵՀՈՎԱ՛Ն, զիս ձեզի ղրկեց»’, պատասխանեց Աստուած։ Նաեւ Եհովա աւելցուց. ‘Իմ անունս յաւիտեան ասիկա է’։

‘Բայց ենթադրենք որ իրենց ըսեմ թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր եւ տակաւին ինծի չհաւատան’, ըսաւ Մովսէս։

‘Ձեռքինդ ի՞նչ է’, հարցուց Աստուած։

‘Գաւազան մը’, պատասխանեց Մովսէս։

‘Զանիկա գետին նետէ’, ըսաւ Աստուած։ Երբ Մովսէս գաւազանը գետին նետեց, անիկա օձ եղաւ։ Յետոյ Եհովա ուրիշ հրաշք մը ցոյց տուաւ Մովսէսի։ Ան ըսաւ. ‘Ձեռքդ ծոցդ դիր’։ Մովսէս դրաւ եւ երբ ­զայն դուրս հանեց, անիկա ձիւնի պէս ճերմա՜կ էր. կարծես թէ գէշ հիւանդութեամբ՝ բորոտութեամբ զարնուած էր։ Ասկէ ետք, Եհովա երրորդ հրաշք մը ընելու զօրութիւն տուաւ Մովսէսի։ Վերջապէս ան ըսաւ. ‘Երբ այս հրաշքները ընես, Իսրայելացիները պիտի հաւատան որ ես քե՛զ ղրկեցի’։

Ապա Մովսէս տուն դարձաւ եւ ըսաւ Յոթորի. ‘Հաճիս թոյլ տուր որ ես Եգիպտոս ազգականներուս քով վերադառնամ եւ տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս են’։ Ուստի Յոթոր ճամբեց Մովսէսը եւ ան դէպի Եգիպտոս իր ճամբորդութիւնը սկսաւ։