Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 16

Իսահակ լաւ կին մը կը գտնէ

Իսահակ լաւ կին մը կը գտնէ

ԱՅՍ պատկերին մէջի կինը գիտէ՞ք ով է։ Ան Ռեբեկան է, իսկ զինք դիմաւորելու եկող մարդը՝ Իսահակն է։ Ռեբեկան իր կինը պիտի ըլլայ։ Ինչպէ՞ս եղաւ ասիկա։

Աբրահամ՝ Իսահակի հայրը, կ’ուզէր իր որդւոյն համար լաւ կին մը գտնել։ Ան չէր ուզեր որ Իսահակ ամուսնանար Քանանացի կնոջ մը հետ, քանի որ անոնք կեղծ աստուածներ պաշտող ժողովուրդ մըն էին։ Ուստի Աբրահամ իր ծառան կանչեց եւ ըսաւ. ‘Կ’ուզեմ որ Խառան բնակող իմ ազգականներուս երթաս եւ իմ որդւոյս՝ Իսահակի համար կին մը գտնես’։

Աբրահամի ծառան անմիջապէս տասը ուղտ առաւ եւ այս երկար ճամբորդութեան ձեռնարկեց։ Երբ ան Աբրահամի ազգականներուն բնակած վայրին մօտեցաւ, ջրհորի մը քով հանգչեցաւ։ Իրիկուան դէմ, քաղաքի կիներուն այս ջրհորէն ջուր քաշելու ժամանակն էր։ Ուստի Աբրահամի ծառան Եհովայի աղօթեց. ‘Այն կինը որ ինծի եւ ուղտերուս ջուր տայ, անիկա թող ըլլայ ան՝ որ դուն կ’ընտրես Իսահակի կին ըլլալու’։

Յանկարծ Ռեբեկա ջուր քաշելու եկաւ։ Երբ ծառան իրմէ խմելու ջուր խնդրեց, Ռեբեկա անոր ջուր տուաւ։ Ապա գնաց եւ բոլոր ծարաւ ուղտերուն համար ալ բաւարար ջուր քաշեց։ Ասիկա ծանր գործ մըն էր, քանի որ ուղտերը շատ ջուր կը խմեն։

Երբ Ռեբեկա ջուր քաշելը վերջացուց, Աբրահամի ծառան աղջկան հարցուց անոր հօրը անունը։ Ան նաեւ հարցուց որ կրնա՞ր այդ գիշեր իրենց տունը մնալ։ Աղջիկը պատասխանեց. ‘Իմ հօրս անունը Բաթուէլ է եւ տեղ ունինք քեզի համար’։ Աբրահամի ծառան գիտէր որ Բաթուէլը Աբրահամի եղբօր՝ Նաքովրի որդին էր։ Ուստի ան երկրպագութիւն ըրաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եհովայի որ իրեն Աբրահամի ազգականներուն քով առաջնորդած էր։

Այդ գիշեր Աբրահամի ծառան Բաթուէլի եւ Ռեբեկայի եղբօր՝ Լաբանի, պատմեց իր այցելութեան նպատակը։ Երկուքն ալ համաձայնեցան որ Ռեբեկա իրեն հետ երթար եւ ամուսնանար Իսահակի հետ։ Երբ Ռեբեկայի հարցուցին այս մասին, ի՞նչ ըսաւ ան։ ‘Այո’, ըսաւ ան։ Ան կ’ուզէր երթալ։ Ուստի յաջորդ օրն իսկ, անոնք ուղտերով ճամբայ կ’ելլէին Քանանու երկիրը վերադառնալու։

Իրիկուն էր երբ անոնք հասան իրենց տեղը։ Ռեբեկա մարդ մը նշմարեց որ դաշտին մէջ կը քալէր։ Ան Իսահակն էր։ Ան ուրախացաւ երբ տեսաւ Ռեբեկան։ Իր մայրը՝ Սառա, երեք տարի առաջ մեռած էր եւ Իսահակ տակաւին տխուր էր ասոր համար։ Արդ Իսահակ շատ սիրեց Ռեբեկան եւ իր ուրախութիւնը վերագտաւ։