Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 27

Չար թագաւոր մը կ’իշխէ Եգիպտոսի վրայ

Չար թագաւոր մը կ’իշխէ Եգիպտոսի վրայ

ԱՅՍ մարդիկը կը ստիպեն որ ուրիշներ աշխատին։ Նայեցէք, այդ մարդոցմէ մէկը խարազանով աշխատաւորներէն մէկուն կը ծեծէ։ Այս աշխատաւորները Յակոբի ընտանիքին կը պատկանին եւ կը կոչուին Իսրայելացիներ։ Իսկ անոնց աշխատելու ստիպող մարդիկը՝ Եգիպտացիներ են։ Իսրայելացիները Եգիպտացիներուն գերիները դարձած են։ Ասիկա ինչպէ՞ս եղաւ։

Երկար տարիներ Յակոբի մեծ ընտանիքը խաղաղութեամբ բնակեցաւ Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփ որ Փարաւոնէն ետք Եգիպտոսի ամենէն կարեւոր անձնաւորութիւնն էր՝ անոնց հոգ կը տանէր։ Բայց Յովսէփ մեռաւ եւ նոր Փարաւոն մը Եգիպտոսի վրայ թագաւոր եղաւ, որ չէր սիրեր Իսրայելացիները։

Ուստի այս չար Փարաւոնը Իսրայելացիները գերի դարձուց եւ չար ու անգութ մարդիկ անոնց վրայ պատասխանատու դրաւ։ Անոնք ստիպեցին որ Իսրայելացիները շատ ծանր աշխատին Փարաւոնին քաղաքներ շինելու համար։ Հակառակ ասոր, Իսրայելացիները կը շարունակէին թիւով աճիլ։ Ժամանակ մը վերջ, Եգիպտացիները վախցան որ Իսրայելացիները բազմաթիւ եւ շատ զօրաւոր պիտի ըլլային։

Գիտէ՞ք Փարաւոն ի՛նչ ըրաւ։ Ան ծնունդ տուող Իսրայելացի կիներուն օգնող մանկաբարձներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Սպաննեցէ՛ք բոլոր մանչ զաւակները’։ Բայց անոնք բարի կիներ էին ու չէին մեռցներ մանուկները։

Ուստի Փարաւոն իր ամբողջ ժողովուրդին այս պատուէրը տուաւ. ‘Իսրայելացի մանչ երախաները առէք ու սպաննեցէք զանոնք։ Միայն աղջիկ երախաները ողջ թողուցէք’։ Ասիկա ահռելի պատուէր մը չէ՞ր։ Տեսնենք թէ մանչ երախաներէն մէկը ի՛նչպէս ազատուեցաւ։