ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 24
Յովսէփ կը փորձէ իր եղբայրները
ՅՈՎՍԷՓ կ’ուզէ գիտնալ թէ արդեօք իր 10 աւելի մեծ եղբայրները տակաւին չար եւ անսի՞րտ են։ Ուստի ան կ’ըսէ. ‘Դուք լրտեսներ էք։ Դուք եկած էք տեսնելու մեր երկրին տկար կողմը’։
‘Ո՛չ, մենք լրտեսներ չենք, մենք պարկեշտ մարդիկ ենք։ Մենք բոլորս եղբայրներ ենք։ Մենք 12 հոգի էինք։ Բայց մէկը չկայ, իսկ կրտսերը տունն է, մեր հօրը քով’, կ’ըսեն անոնք։
Յովսէփ այնպէս մը կը ձեւացնէ թէ անոնց չհաւատար։ Ան Շմաւոնը իր քով պատանդ կը պահէ եւ թոյլ կու տայ որ մնացեալները ուտելիք առնեն եւ տուն դառնան։ Բայց անոնց կ’ըսէ. ‘Երբ վերադառնաք, ձեր կրտսեր եղբայրը ձեզի հետ պէտք է բերէք’։
Երբ տուն կը վերադառնան, անոնք իրենց հօրը՝ Յակոբի կը պատմեն ամբողջ եղածը։ Յակոբ շատ կը տխրի։ ‘Յովսէփ ա՛լ չկայ եւ հիմա Շմաւոնն ալ չկայ։ Պիտի չձգեմ որ իմ կրտսեր որդիս՝ Բենիամինը, տանիք’, լալով կ’ըսէ ան։ Բայց երբ անոնց ուտելիքը կը սկսի պակսիլ, Յակոբ թոյլ կու տայ որ անոնք Բենիամինը իրենց հետ Եգիպտոս տանին որպէսզի դարձեալ ուտելիք բերեն։
Արդ, Յովսէփ կը տեսնէ որ իր եղբայրները կու գան։ Ան շատ կ’ուրախանայ տեսնելով իր կրտսեր եղբայրը՝ Բենիամինը։ Անշուշտ, անոնցմէ ոչ մէկը գիտէ թէ այս կարեւոր անձնաւորութիւնը Յովսէփն է։ Արդ Յովսէփ բան մը կ’ընէ փորձելու համար իր 10 կէս եղբայրները։
Ան իր ծառաներուն կ’ըսէ որ անոնց բոլոր պարկերը ուտելիքով լեցնեն։ Բայց ան գաղտնաբար իր մասնայատուկ արծաթէ գաւաթը Բենիամինին պարկին մէջ դնել կու տայ։ Երբ անոնք կը մեկնին եւ քիչ մը ճամբայ կ’երթան, Յովսէփ իր ծառաները կը ղրկէ անոնց ետեւէն։ Երբ անոնք կը բռնեն զիրենք, ծառաները կ’ըսեն. ‘Ինչո՞ւ մեր տիրոջ արծաթէ գաւաթը գողցաք’։
‘Մենք իր գաւաթը չենք գողցած’, կ’ըսեն բոլոր եղբայրները միասնաբար. ‘Եթէ մեզմէ ոեւէ մէկուն քով գտնէք գաւաթը, թող այդ անձը մեռցուի’։
Ուստի ծառաները ամենուն պարկերը կը քննեն եւ Բենիամինին պարկին մէջ կը գտնեն գաւաթը, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Ծառաները կ’ըսեն. ‘Բոլորդ կրնաք երթալ, բայց Բենիամինը մեզի հետ պէտք է գայ’։ Արդ ի՞նչ պիտի ընեն 10 կէս եղբայրները։
Անոնք բոլորն ալ Բենիամինին հետ կը վերադառնան Յովսէփի տունը։ Յովսէփ կ’ըսէ իր եղբայրներուն. ‘Բոլորդ կրնաք տուն դառնալ, բայց Բենիամինը հոս պէտք է մնայ որպէս իմ գերիս’։
Յուդա անմիջապէս կը միջամտէ ու կ’ըսէ. ‘Եթէ առանց այս տղուն տուն վերադառնամ, հայրս պիտի մեռնի քանի որ զինք շատ կը սիրէ։ Ուստի, հաճիս, զի՛ս պահէ որպէս քու գերիդ եւ թոյլ տուր որ տղան տուն դառնայ’։
Յովսէփ կը տեսնէ թէ իր եղբայրները փոխուած են։ Այլեւս անոնք չար եւ անսիրտ չեն։ Տեսնենք թէ Յովսէփ ի՛նչ կ’ընէ ասոր վրայ։