Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 49

Արեւը անշարժ կը կենայ

Արեւը անշարժ կը կենայ

ՆԱՅԵՑԷՔ Յեսուին։ Ան կ’ըսէ. ‘Արե՛ւ, անշարժ կեցի՛ր’։ Եւ արեւը անշարժ կը կենայ։ Ան ամբողջ օր մը անշարժ կը մնայ երկինքին մէջ։ Եհովան է այս հրաշքը ընողը։ Բայց տեսնենք թէ Յեսու ինչո՛ւ կ’ուզէ որ արեւը շարունակէ փայլիլ։

Երբ Քանանու երկրին հինգ չար թագաւորները Գաբաւոնացիներուն վրայ կը յարձակին, Գաբաւոնացիները պատգամաբեր մը կը ղրկեն Յեսուի, անկէ օգնութիւն հայցելով. ‘Մեզի շուտով օգնութեան հասիր։ Մեզ փրկէ։ Լեռնային շրջանի բոլոր թագաւորները եկած են քու ծառաներուդ դէմ կռուելու համար’։

Յեսու եւ իր բոլոր ռազմիկները անմիջապէս ճամբայ կ’ելլեն։ Անոնք ամբողջ գիշերը կը քալեն։ Երբ անոնք Գաբաւոն կը հասնին, հինգ թագաւորներուն զինուորները կը վախնան եւ կը սկսին փախչիլ։ Այն ատեն Եհովա երկինքէն մեծ կարկուտներ կը տեղացնէ, այնպէս որ կարկուտներու հարուածներէն շատ աւելի զինուորներ կը մեռնին քան Յեսուի ռազմիկներուն ձեռքէն։

Յեսու կը տեսնէ որ արեւը մար մտնելու վրայ է։ Մութը պիտի կոխէ եւ հինգ թագաւորներուն շատ մը զինուորներուն փախուստին պիտի նպաստէ։ Ուստի անոր համար Յեսու Եհովայի կ’աղօթէ ու անկէ ետք կ’ըսէ. ‘Արե՛ւ, անշարժ կեցի՛ր’։ Արեւը կը շարունակէ փայլիլ եւ Իսրայելացիները կ’ամբողջացնեն իրենց յաղթանակը։

Տակաւին Քանանու երկրին մէջ կան շատ մը ուրիշ չար թագաւորներ որոնք կ’ատեն Աստուծոյ ժողովուրդը։ Յեսու եւ իր բանակը վեց տարի կը դնեն պարտութեան մատնելու համար այդ երկրին 31 թագաւորները։ Որմէ ետք, Յեսու հոգ կը տանի որ Քանանու երկիրը բաժնուի տակաւին հողամասի կարիք ունեցող ցեղերուն։

Տարիներ կ’անցնին, ապա Յեսու կը մեռնի 110 տարեկանին։ Այնքան ատեն որ Յեսու եւ իր բարեկամները ողջ են, ժողովուրդը կը հնազանդի Եհովայի։ Բայց երբ այս բարի մարդիկը կը մեռնին, ժողովուրդը կը չարանայ եւ դժուարութիւններու կը հանդիպի։ Այն ատեն, անոնք իրապէս կը զգան Աստուծոյ օգնութեան կարիքը։