Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 51

Հռութ եւ Նոեմի

Հռութ եւ Նոեմի

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ Հռութայ անունով գիրք մը կայ։ Անիկա ընտանիքի մը պատմութիւնն է, որ դատաւորներու շրջանին կ’ապրէր։ Հռութը Մովաբացի երիտասարդ կին մըն է. ան Աստուծոյ Իսրայէլ ազգին չի պատկանիր։ Բայց երբ Հռութ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի մասին կը սորվի, ան շատ կը սիրէ զինք։ Իսկ Նոեմին տարեց կին մըն է, որ Հռութի օգնեց Եհովայի մասին գիտութիւն ստանալու։

Նոեմի Իսրայելացի մըն է։ Երբ Իսրայէլի մէջ ուտելիքի պակաս կար, ինք եւ իր ամուսինը ու իրենց երկու որդիները Մովաբ փոխա­դրուեցան։ Յետոյ օր մը Նոեմիի ամուսինը մեռաւ։ Անկէ ետք, Նոեմիի որդիները Մովաբացի աղջիկներու հետ ամուսնացան, որոնց անուններն էին՝ Հռութ եւ Որփա։ Բայց մօտ 10 տարի ետք, Նոեմիի երկու որդիներն ալ մեռան։ Որքա՜ն տխրեցան Նոեմի եւ երկու կիները։ Հիմա Նոեմին ի՞նչ պիտի ընէր։

Օր մը Նոեմի կ’որոշէ երկար ճամբորդութիւն ընել եւ ետ իր ժողովուրդին դառնալ։ Հռութ եւ Որփա կ’ուզեն իրեն հետ մնալ, ուստի անոնք ալ իրեն հետ ճամբայ կ’ելլեն։ Բայց քիչ մը ճամբայ երթալէ ետք, Նոեմի կը դառնայ ու աղջիկներուն կ’ըսէ. ‘Վերադարձէ՛ք եւ ձեր մօրը քով մնացէք’։

Նոեմի ողջերթի համբոյր մը կու տայ աղջիկներուն։ Բայց անոնք կը սկսին լալ, քանի որ շատ կը սիրեն Նոեմիին։ ‘Ո՛չ, մենք քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի երթանք’, կ’ըսեն անոնք։ Իսկ Նոեմի կ’ըսէ. ‘Պէ՛տք է դառնաք, աղջիկներս։ Ձեզի համար աւելի լաւ է’։ Ուստի Որփա կը վերադառնայ, իսկ Հռութ կը մնայ։

Նոեմի կը դառնայ Հռութին ու կ’ըսէ. ‘Որփան գնաց։ Դուն ալ հետը գնայ’։ Բայց Հռութ կը պատասխանէ. ‘Մի՛ համոզեր զիս որ քեզ ձգեմ։ Թոյլ տուր որ հետդ երթամ։ Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ ապրիս՝ հոն պիտի ապրիմ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ եւ քու Աստուածդ՝ իմ Աստուածս։ Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ եւ հո՛ն պիտի թաղուիմ’։ Երբ Հռութ այսպէս կը պատասխանէ, այլեւս Նոեմի չի ջանար զինք տուն ղրկել։

Վերջապէս երկու կիները Իսրայէլ կը հասնին։ Անոնք հոն կը հաստատուին։ Հռութ անմիջապէս կը սկսի դաշտերուն մէջ աշխատիլ, քանի որ գարի ժողվելու եղանակն է։ Բոոս անունով մարդ մը թոյլ կու տայ որ ան իր դաշտէն գարի հաւաքէ։ Գիտէ՞ք Բոոսի մայրը ո՛վ էր։ Ան Երիքով քաղաքին Ռախաբն էր։

Օր մը Բոոս կ’ըսէ Հռութի. ‘Ես քու մասիդ շատ բան լսած եմ, թէ դուն որքան ազնիւ վարուած ես Նոեմիին հետ։ Գիտեմ որ դուն քու հայրդ, մայրդ եւ երկիրդ ձգեցիր եւ եկար բնակելու այն ժողովուրդին մէջ, որ նախապէս չէիր ճանչնար։ Եհովա օրհնէ քեզ’։

Հռութ կը պատասխանէ. ‘Ո՛վ տէր, դուք շատ ազնիւ էք։ Ձեր ազնիւ խօսակցութեամբ զիս մխիթարեցիք’։ Բոոս շատ կը սիրէ Հռութին եւ շատ չանցած կ’ամուսնանան։ Ի՜նչ կ’ուրախանայ Նոեմին։ Բայց անոր ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ Հռութ եւ Բոոս իրենց առաջին զաւակը՝ Ովբէդը կ’ունենան։ Հետագային Ովբէդ Դաւիթի մեծ հայրը կ’ըլլայ, որու մասին շատ բան պիտի սորվինք։

Սուրբ Գրոց Հռութայ գիրք