Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 53

Յեփթայէի խոստումը

Յեփթայէի խոստումը

ԲՆԱՒ խոստում մը ըրա՞ծ էք, վերջը զանիկա կատարելը դժուար գտնելով։ Այս պատկերին մէջի մարդը այդպէս ըրաւ եւ անոր համար է որ այսքան տխուր է։ Այս մարդը Յեփթայէ անունով Իսրայէլի քաջարի դատաւորներէն մէկն է։

Յեփթայէ կ’ապրի այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Իսրայելացիները այլեւս Եհովան չեն պաշտեր։ Անոնք դարձեալ չար բաներ կ’ընեն։ Ուստի Եհովա թոյլ կու տայ որ Ամմոնացիները նեղեն զիրենք։ Այս պատճառով, Իսրայելացիները Եհովայի կ’աղաղակեն ու կ’ըսեն. ‘Մենք մեղք գործած ենք, հաճիս, փրկէ մեզ’։

Ժողովուրդը կը զղջան իրենց ըրած չար բաներուն համար։ Անոնք ասիկա ցոյց կու տան դարձեալ Եհովան պաշտելով։ Ուստի Եհովա դարձեալ կ’օգնէ անոնց։

Ժողովուրդը Յեփթայէն կ’ընտրեն չար Ամմոնացիներուն դէմ պատերազմելու համար։ Յեփթայէ շատ կը փափաքի որ Եհովա իրեն օգնէ կռուին մէջ։ Ուստի ան Եհովայի կը խոստանայ. ‘Եթէ ինծի յաղթանակ տաս Ամմոնացիներուն վրայ, երբ յաղթանակէն վերադառնամ, զիս դիմաւորելու համար իմ տունէս դուրս եկող առաջին անհատը քեզի պիտի տամ’։

Եհովա կը լսէ Յեփթայէի խոստումը եւ կ’օգնէ իրեն որ յաղթէ։ Երբ Յեփթայէ տուն կը վերադառնայ, գիտէ՞ք զինք դիմաւորելու համար դուրս եկող առաջին անհատը ո՛վ է։ Իր աղջիկն է՝ իր մէկ հատիկ զաւակը։ ‘Ո՜հ, աղջիկս’, կը բացագանչէ Յեփթայէ, ‘ի՜նչ դժբախտ դարձուցիր զիս։ Ես Եհովայի խոստում մը ըրած եմ եւ չեմ կրնար զանիկա ետ առնել’։

Երբ Յեփթայէի աղջիկը կը գիտնայ իր հօր ըրած խոստումը, նախ ինքն ալ կը տխրի։ Քանի որ անիկա կը նշանակէ որ ինք պէտք է ձգէ իր հայրը եւ իր բարեկամները եւ Սելով երթայ ու հոն իր կեանքին մնացեալ տարիները տաղաւարին մէջ Եհովայի ծառայելով անցնէ։ Ուստի ան կ’ըսէ իր հօրը. ‘Եթէ Եհովայի խոստում մը ըրած ես, պէ՛տք է պահես քու խոստումդ’։

Ուստի Յեփթայէի աղջիկը Սելով կ’երթայ եւ իր կեանքին մնացեալ տարիները հոն կ’ան­ցնէ, տաղաւարին մէջ Եհովայի ծառայելով։ Ամէն տարի 4 օր Իսրայէլի բոլոր կիները զինք կ’այցելեն եւ միասնաբար ուրախ ժամանակ մը կ’անցնեն։ Ժողովուրդը կը սիրէ Յեփթայէի աղջիկը քանի որ ան Եհովայի շատ լաւ ծառայ մըն է։