Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 36

Ոսկիէ հորթը

Ոսկիէ հորթը

Ի՞ՆՉ տեղի կ’ունենայ հոս։ Ժողովուրդը հորթի՛ մը կ’աղօթեն։ Անոնք ինչո՞ւ կ’ընեն ասիկա։

Երբ Մովսէս երկար ատեն լեռ կը մնայ, ժողովուրդը կ’ըսեն. ‘Չենք գիտեր թէ Մովսէսի ի՛նչ պատահեցաւ։ Ուստի աստուած մը շինենք որ մեզի այս երկրէն դուրս հանէ’։

‘Շատ լաւ’, կ’ըսէ Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոն։ ‘Ձեր ոսկիէ օղերը հանեցէք եւ ինծի բերէք’։ Երբ ժողովուրդը կը բերեն, Ահարոն կը հալեցնէ զանոնք եւ անոնցմով ոսկիէ հորթ մը կը շինէ։ Իսկ ժողովուրդը կ’ըսեն. ‘Ահաւասիկ մեր Աստուածը որ մեզի Եգիպտոսէն դուրս հանեց’։ Ապա Իսրայելացիները մեծ խնճոյք մը կը սարքեն եւ կը պաշտեն ոսկիէ հորթը։

Երբ Եհովա կը տեսնէ ասիկա, շատ կը բարկանայ։ Ուստի կ’ըսէ Մովսէսի. ‘Շուտով վար իջիր։ Ժողովուրդը գէշ կերպով կը վարուին։ Անոնք իմ օրէնքներս մոռցան եւ ոսկիէ հորթ մը կը պաշտեն’։

Մովսէս արտորնոք լեռնէն կ’իջնէ։ Երբ կը մօտենայ, ի՜նչ տեսնէ։ Ժողովուրդը կ’երգեն եւ կը պարեն ոսկիէ հորթին շուրջ։ Մովսէս այնքան կը զայրանայ որ իր ձեռքի տափակ քարերը՝ որոնց վրայ օրէնքները գրուած են՝ կը նետէ եւ անոնք կը փշրուին։ Ապա ան կ’առնէ ոսկիէ հորթը եւ կը հալեցնէ, ու յետոյ փոշիի կը վերածէ զայն։

Ժողովուրդին յանցանքը շա՜տ մեծ էր։ Ուստի Մովսէս կարգ մը մարդոց կը պատուիրէ որ իրենց սուրերը առնեն եւ կ’ըսէ. ‘Ոսկիէ հորթ պաշտող չար անհատները պէ՛տք է մեռցուին’։ Այնպէս որ անոնք 3,000 հոգի կը սպաննեն։ Ասիկա ցոյց չտա՞ր որ մենք միայն Եհովան պէտք է պաշտենք եւ ոչ թէ կեղծ աստուածներ։