Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 41

Պղնձէ օձը

Պղնձէ օձը

ՁՈՂԻՆ վրայ փաթթուած օձը իրակա՞ն օձ է արդեօք։ Ոչ, ան իրական չէ. անիկա պղինձէ շինուած օձ մըն է։ Եհովա ըսաւ Մովսէսի որ զանիկա ձողի մը վրայ դնէ, որպէսզի անոր նայողները ապրին։ Բայց գետինը եղող միւս օձերը իրական օձեր են։ Անոնք մարդոց խայթած են, որոնք կը հիւանդանան։ Գիտէ՞ք պատճառը։

Քանի որ Իսրայելացիները Աստուծոյ եւ Մովսէսին դէմ խօսած են։ Անոնք կը գանգատին. ‘Ինչո՞ւ մեզի Եգիպտոսէն դուրս բերիք որպէսզի այս անապատին մէջ մեռնինք։ Հոս ոչ ուտելիք կայ եւ ոչ ջուր։ Իսկ մենք կը զզուինք մանանայ ուտելէն’։

Բայց մանանան լաւ ուտելիք մըն է։ Եհովա հրաշքով անոնց տուած է զանիկա։ Նաեւ հրաշքով ջուր ալ տուած է անոնց։ Բայց ժողովուրդը երախտապարտ չեն Աստուծոյ հոգածութեան հանդէպ։ Ուստի Եհովա այս թունաւոր օձերը կը ղրկէ որպէսզի պատժէ Իսրայելացիները։ Օձերը կը խայթեն անոնց եւ շատերը անկէ կը մեռնին։

Վերջապէս ժողովուրդը Մովսէսի կու գան ու կ’ըսեն. ‘Մենք մեղք գործած ենք, քանի որ Եհովայի եւ քեզի դէմ խօսած ենք։ Հիմա աղօթէ Եհովայի որ այս օձերը վերցնէ’։

Ուստի Մովսէս ժողովուրդին համար կ’աղօթէ։ Իսկ Եհովա Մովսէսի կ’ըսէ որ այս պղնձէ օձը շինէ։ Ան կ’ըսէ որ ձողի մը վրայ դնէ զանիկա եւ խայթուած անհատը անոր նայի։ Մովսէս Աստուծոյ ըսածը կ’ընէ։ Իսկ խայթուած մարդիկը պղնձէ օձին կը նային եւ կ’առողջանան։

Ասկէ դաս մը կը սորվինք։ Բոլորս ալ, կերպով մը, կը նմանինք օձերէն խայթուած այս Իսրայելացիներուն։ Բոլորս ալ մահկանացու ենք։ Ձեր շուրջը նայեցէք եւ պիտի տեսնէք որ մարդիկ կը ծերանան, կը հիւանդանան եւ կը մեռնին։ Պատճառը այն է որ առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու եւան՝ Եհովայէ հեռացան, իսկ մենք իրենց զաւակներն ենք։ Բայց Եհովա կերպ մը գտած է որպէսզի մենք կարենանք յաւիտեան ապրիլ։

Եհովա իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը երկիր ղրկեց։ Յիսուս ցիցի մը վրայ կախուեցաւ, քանի որ շատեր կը խորհէին որ ան գէշ մէկն էր։ Բայց Եհովա Յիսուսը տուաւ մեզ ազատելու համար։ Եթէ անոր նայինք, եթէ անոր հետեւինք, այն ատեն կրնանք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Հետագային այս մասին շատ բան պիտի սորվինք։