Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 44

Ռախաբ կը պահէ լրտեսները

Ռախաբ կը պահէ լրտեսները

ԱՅՍ մարդիկը դժուարութեան մատնուած են։ Անոնք պէտք է փախչին, ապա թէ ոչ պիտի սպաննուին։ Անոնք Իսրայելացի լրտեսներ են, իսկ անոնց օգնող կինը՝ Ռախաբն է։ Ռախաբ Երիքով քաղաքի պարիսպին վրայ գտնուող տան մը մէջ կը բնակի։ Տեսնենք թէ այս մարդիկը ինչո՛ւ դժուարութեան կը մատնուին։

Իսրայելացիները պատրաստ են Յորդանան Գետը ճեղքելով Քանանու երկիրը մտնելու։ Բայց մտնելէ առաջ, Յեսու երկու լրտեսներ կը ղրկէ ու անոնց կ’ըսէ. ‘Գացէք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք’։

Երբ լրտեսները Երիքով կը հասնին, անոնք Ռախաբի տունը կ’երթան։ Բայց մէկը Երիքովի թագաւորին կ’ըսէ. ‘Այս գիշեր երկու Իսրայելացիներ եկան երկիրը լրտեսելու’։ Ասոր վրայ, թագաւորը մարդ կը ղրկէ Ռախաբի, որոնք կը հրամայեն անոր. ‘Տունդ եկող մարդիկը դո՛ւրս հանէ’։ Սակայն Ռախաբ լրտեսները պահած է իր տանիքը։ Ուստի ան կ’ըսէ. ‘Տունս մարդիկ եկան, բայց ես չեմ գիտեր ուրկէ էին անոնք։ Մթննալու վրայ էր երբ անոնք մեկնեցան, քաղաքին դուռը գոցուելէ առաջ։ Եթէ աճապարէք, կրնաք բռնել զանոնք’։ Ուստի մարդիկը զանոնք հալածելու կ’երթան։

Անոնց մեկնելէն ետք, Ռախաբ շուտով տանիք կ’ելլէ։ ‘Գիտեմ որ Եհովա ձեզի պիտի տայ այս երկիրը։ Մենք լսեցինք թէ ան ի՛նչպէս Կարմիր Ծովը չորցուց, երբ Եգիպտոսէ դուրս կ’ելլէիք եւ թէ ի՛նչպէս սպաննեցիք Սեհոն եւ Ովգ Թագաւորները։ Ես ձեզի հանդէպ ազնիւ գտնուեցայ, ուստի, հաճիք, ինծի խոստացէք որ դուք ալ ինծի հանդէպ ազնիւ պիտի գտնուիք։ Ողջ պահեցէք հայրս, մայրս, եղբայրներս եւ քոյրերս’, կ’ըսէ ան լրտեսներուն։

Լրտեսները կը խոստանան, բայց Ռախաբ բան մը պէտք է ընէ։ ‘Ա՛ռ այս կարմիր պարանը եւ քու պատուհանիդ կապէ եւ բոլոր ազգականներդ տունդ հաւաքէ։ Երբ վերադառնանք Երիքովը գրաւելու, այս պարանը պատուհանիդ վրայ պիտի տեսնենք եւ քու տունէդ ո՛չ մէկը պիտի սպաննենք’, կ’ըսեն լրտեսները։ Երբ լրտեսները Յեսուի կը վերադառնան, անոնք բոլոր պատահածը կը պատմեն անոր։