Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 37

Պաշտամունքի համար վրան մը

Պաշտամունքի համար վրան մը

ԳԻՏԷ՞Ք ինչ է այս կառոյցը։ Անիկա Եհովան պաշտելու համար մասնաւոր վրան մըն է։ Անիկա նաեւ կը կոչուի տաղաւար։ Եգիպտոսէ դուրս ելլելէ տարի մը վերջ, ժողովուրդը վերջացուցին անոր շինութիւնը։ Գիտէ՞ք որու գաղափարն էր զանիկա շինել։

Եհովայի գաղափարն էր։ Մինչ Մովսէս Սինա Լեռ կը գտնուէր, Եհովա իրեն բացատրութիւն տուաւ անոր շինութեան մասին։ Եհովա ըսաւ որ այնպէս մը շինեն որ քակելու եւ փոխադրելու համար դիւրին ըլլար, որպէսզի երբ ուրիշ տեղ երթային, դարձեալ կանգնէին զանիկա։ Ուստի, երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ կը թափառէին, անոնք վրանը իրենց հետ կը տանէին։

Երբ վրանին ետեւի սենեակին մէջ նայիք, հոն արկղ մը կամ տուփ մը կրնաք տեսնել։ Ասիկա ուխտի տապանակն է։ Անոր երկու կողմերուն ոսկիէ շինուած հրեշտակներ կամ քերովբէներ կային։ Քանի որ Մովսէս կոտրած էր Աստուծոյ տուած երկու տափակ քարերը, Աստուած դարձեալ գրեց Տասը Պատուիրանները ուրիշ երկու քարերու վրայ։ Անոնք ուխտի տապանակին մէջ պահուեցան։ Մանանայով լեցուն սափոր մըն ալ պահուեցաւ անոր մէջ։ Կը յիշէ՞ք մանանան ի՛նչ է։

Աստուած Մովսէսի եղբայրը՝ Ահարոնը կ’ընտրէ քահանայապետ ըլլալու։ Ան ժողովուրդը կ’առաջնորդէ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։ Իր որդիներն ալ քահանաներ են։

Հիմա նայեցէք վրանին մեծ սենեակին։ Անիկա պզտիկ սենեակին երկու անգամն է։ Կը տեսնէ՞ք տուփը կամ փոքր արկղը որու վրայէն մուխ կը բարձրանայ։ Անիկա խորանը կամ սեղանն է, որու վրայ քահանաները խունկ կոչուող անուշահոտ նիւթ մը կը վառեն։ Յետոյ կայ աշտանակը որ ունի եօթը ճրագներ։ Իսկ սենեակին մէջ գտնուող երրորդ բանը սեղանն է, որու վրայ միշտ 12 հացի նկանակներ կը պահուին։

Տաղաւարին գաւիթին մէջ մեծ տաշտ մը, կամ աւազան մը, կայ ջուրով լեցուն։ Քահանաները կը գործածեն զանիկա լուացուելու համար։ Կայ նաեւ մեծ խորանը։ Հոն՝ սպաննուած անասունները կ’այրեն որպէս զոհ Եհովայի։ Վրանը բանակավայրին ճիշդ մէջտեղը կը գտնուի եւ անոր շուրջ կը բնակին Իսրայելացիները իրենց վրաններուն մէջ։