Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Դ

Իսրայէլի առաջին թագաւորէն մինչեւ Բաբելոնի գերութիւնը

Իսրայէլի առաջին թագաւորէն մինչեւ Բաբելոնի գերութիւնը

Սաւուղ Իսրայէլի առաջին թագաւորը եղաւ։ Բայց Եհովա մերժեց զինք եւ անոր տեղ Դաւիթը ընտրեց որպէս թագաւոր։ Դաւիթի մասին շատ մը բաներ կը սորվինք. Թէեւ պատանի, ան Գողիաթի հետ կռուեցաւ։ Հետագային, ան նախանձոտ Սաւուղ Թագաւորէն փախաւ։ Յետոյ գեղանի Աբիգիա զինք ետ կեցուց յիմարական արարք մը ընելէ։

Ասկէ ետք, շատ մը բաներ կը սորվինք Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի մասին, որ Դաւիթի յաջորդեց որպէս Իսրայէլի թագաւոր։ Իսրայէլի առաջին երեք թագաւորներուն իւրաքանչիւրը 40 տարի իշխեց։ Սողոմոնի մահէն ետք, Իսրայէլ երկու թագաւորութիւններու՝ հիւսիսային թագաւորութեան եւ հարաւային թագաւորութեան, բաժնուեցաւ։

Հիւսիսային 10 ցեղեան թագաւորութիւնը 257 տարի գոյատեւեց, Ասորեստանցիներուն կողմէ բնաջնջուելէ առաջ։ Ապա, 133 տարի ետք, Հարաւային երկու ցեղեան թագաւորութիւնն ալ կործանեցաւ։ Այն ժամանակ Իսրայելացիները Բաբելոն գերութեան տարուեցան։ Ուստի ՉՈՐՐՈՐԴ Մասը 510 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ, որու ընթացքին շատ մը յուզիչ դէպքեր տեղի ունեցան։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 56

Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ

Արժէքաւոր դաս կը սորվինք Սաւուղի օրինակէն, որ սկիզբը Եհովային կողմէ ընտրուեցաւ բայց ետքը անոր կողմէ մերժուեցաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 57

Աստուած կ’ընտրէ Դաւիթը

Աստուած Դաւիթին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ որ Սամուէլ մարգարէն չի կրնար տեսնել։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 58

Դաւիթ եւ Գողիաթ

Դաւիթ Գողիաթին դէմ կռուեցաւ շա՛տ աւելի զօրաւոր զէնքով մը։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 59

Դաւիթ ինչո՛ւ պէտք է փախչի

Սաւուղ սկիզբը Դաւիթին կը հաճէր, բայց ետքը անոր հանդէպ զարգացուց այնպիսի նախանձ որ նոյնիսկ ուզեց զինք սպաննել։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 60

Աբիգիա եւ Դաւիթ

Աբիգիա իր ամուսինը յիմար կը կոչէ, բայց այս մէկը ժամանակաւորապէս իր ամուսինին կեանքը կ’ազատէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 61

Դաւիթ թագաւոր կը հռչակուի

Դաւիթ ցոյց կու տայ որակեալ է Իսրայէլի թագաւորը ըլլալու։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 62

Խնդիրներ կը ծագին Դաւիթի տան մէջ

Մէկ սխալ արարքով Դաւիթ աղէտ կը բերէ թէ՛ իր եւ թէ իր ընտանիքին վրայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 63

Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը

Ան իրապէս մանուկը կէսի պիտի բաժնէ՞ր։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 64

Սողոմոն կը շինէ տաճարը

Շատ իմաստուն ըլլալով հանդերձ, Սողոմոն մղուեցաւ յիմար ու սխալ բան մը ընելու։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 65

Թագաւորութիւնը կը բաժնուի

Հազիւ Յերոբովամ սկսաւ իշխել, ան իր ժողովուրդը մղեց Աստուծոյ օրէնքը բեկանելու։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 66

Յեզաբէլ՝ չար թագուհին

Ան ամէն բան կ’ընէ որ իր ուզածին տիրանայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 67

Յովսափատ Եհովայի կը վստահի

Բանակ մը ինչո՞ւ պատերազմի պիտի ուղղուէր անզէն երգողներու առաջնորդութեամբ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 68

Երկու տղեկ դարձեալ կ’ապրին

Արդեօք կարելի՞ է որ մեռած անհատ մը դարձեալ ապրի։ Ասիկա ասկէ առաջ պատահած է։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 69

Աղջնակի մը համարձակութիւնը

Ան քաջութիւնը ունեցաւ խօսելու եւ առ ի արդիւնք հրաշք մը պատահեցաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 70

Յովնանը եւ մեծ ձուկը

Յովնան սորվեցաւ թէ Եհովային ըսածը պէտք է ընէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 71

Աստուած դրախտ մը կը խոստանայ

Առաջին դրախտը պզտիկ էր. իսկ այս Դրախտը ամբողջ երկրին մէջ պիտի ըլլայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 72

Աստուած Եզեկիա թագաւորին կ’օգնէ

Մէկ գիշերուան մէջ հրեշտակ մը 185000 Ասորի զինուորներ կը սպաննէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 73

Իսրայէլի վերջին բարի թագաւորը

Երբ Յովսիան դեռ պատանի էր, ան շատ քաջ բան մը ըրաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 74

Մարդ մը որ չի վախնար

Երեմիան կը խորհէր որ մարգարէ մը ըլլալու համար շա՛տ պզտիկ էր, բայց Աստուած գիտէր թէ ան կրնար մարգարէ ըլլալ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 75

Չորս երիտասարդներ Բաբելոնի մէջ

Անոնք Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին հակառակ որ իրենց ընտանիքներէն բաժնուած էին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 76

Երուսաղէմը կը կործանի

Աստուած ինչ՞ւ թոյլ կու տայ որ Իսրայէլի թշնամիները՝ Բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանեն։