Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 62

Խնդիրներ կը ծագին Դաւիթի տան մէջ

Խնդիրներ կը ծագին Դաւիթի տան մէջ

ԴԱՒԻԹ Երուսաղէմի մէջ իշխելու սկսելէ ետք, Եհովա շատ մը յաղթանակներ կու տայ անոր բանակին։ Եհովա խոստացած էր Քանանու երկիրը տալ Իսրայելացիներուն։ Արդ, Եհովայի օգնութեամբ, Իսրայէլի խոստացուած ամբողջ երկիրը վերջապէս իրենց կը պատկանի։

Դաւիթ բարի իշխան մըն է։ Ան կը սիրէ Եհովան։ Ուստի Երուսաղէմը գրաւելէ ետք իր ըրած առաջին բաներէն մէկը կ’ըլլայ ուխտի տապանակը հոն փոխադրել։ Ան կը փափաքի տաճար մը շինել որպէսզի ուխտի տապանակը անոր մէջ դնէ։

Երբ Դաւիթ աւելի կը մեծնայ, գէշ սխալ մը կը գործէ։ Դաւիթ գիտէ թէ սխալ է ուրիշին պատկանած մէկ բանը առնել։ Բայց իրիկուն մը, երբ ան իր պալատին տանիքը կը ճեմէ, շատ գեղեցիկ կին մը կը տեսնէ։ Կնկան անունը Բերսաբէ է եւ անոր ամուսինը՝ Ուրիա, իր զինուորներէն մէկն է։

Դաւիթ այնքան կը փափաքի Բերսաբէն ունենալ որ զինք իր պալատը բերել կու տայ։ Կնկան ամուսինը պատերազմի մէջ ըլլալով, հեռու է։ Ուստի, Դաւիթ կնկան հետ կը սիրաբանի եւ յետոյ կը գիտնայ որ ան երախայ մը պիտի ունենայ։ Դաւիթ շատ կը մտահոգուի եւ իր բանակի սպարապետին՝ Յովաբին լուր կը ղրկէ որ Ուրիան պատերազմին ճակատը դնէ որպէսզի սպաննուի։ Ուրիան մեռնելէ ետք, Դաւիթ Բերսաբէի հետ կ’ամուսնանայ։

Եհովա շատ կը բարկանայ Դաւիթի դէմ։ Ուստի իր ծառան՝ Նաթանը կը ղրկէ իրեն որպէսզի իր մեղքը յայտնէ։ Հոս կը տեսնէք Նաթան որ Դաւիթին հետ կը խօսի։ Դաւիթ շատ կը զղջայ իր ըրածին, անոր համար Եհովա չի մեռցներ Դաւիթը, բայց կ’ըսէ. ‘Քանի որ այս գէշ բաները ըրած ես, քու տանդ մէջ շատ խնդիրներ պիտի ունենաս’։ Իրապէս ալ Դաւիթ շա՜տ խնդիրներ կ’ունենայ։

Նախ, Բերսաբէի զաւակը կը մեռնի։ Ապա Դաւիթի անդրանիկ որդին՝ Ամնոնը, իր քոյրը՝ Թամարը իր քով բերել կու տայ եւ առանձին ըլլալով անոր հետ կը սիրաբանի։ Ասոր վրայ Դաւիթի որդին՝ Աբիսողոմ այնքան կը զայրանայ որ ան կը սպաննէ Ամնոնը։ Հետագային, Աբիսողոմ ժողովուրդէն շատերուն սիրտը կը շահի եւ ինքզինք թագաւոր կը հռչակէ։ Վերջապէս, Դաւիթ Աբիսողոմի դէմ կը շահի պատերազմը եւ Աբիսողոմ կը սպաննուի։ Այո, Դաւիթ շատ մը դժուարութիւններ կ’ունենայ։

Այս միջոցին, Բերսաբէ որդի մը կ’ունենայ Սողոմոն անունով։ Երբ Դաւիթ կը ծերանայ եւ կը հիւանդանայ, իր որդին՝ Ադոնիա կը ջանայ ինքզինք թագաւոր հռչակել։ Ասոր վրայ, Դաւիթ Սադովկ քահանային կ’ըսէ որ Սողոմոնի գլխուն վրայ իւղ թափէ, ցոյց տալու համար թէ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ։ Անկէ քիչ ետք Դաւիթ կը մեռնի 70 տարեկանին։ Ան 40 տարի իշխեց, բայց հիմա Իսրայէլի թագաւորն է՝ Սողոմոն։