Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 68

Երկու տղեկ դարձեալ կ’ապրին

Երկու տղեկ դարձեալ կ’ապրին

ԵԹԷ մեռնէիք եւ դարձեալ կեանքի գայիք, ձեր մայրը ինչպէ՞ս պիտի զգար։ Ան շա՜տ ուրախ պիտի ըլլար։ Բայց անհատ մը մեռնելէն ետք դարձեալ կրնա՞յ ապրիլ։ Նախապէս այսպիսի բան մը պատահա՞ծ է։

Նայեցէք հոս գտնուող մարդուն, կնկան եւ պզտիկ տղուն։ Այս մարդը Եղիան է, իսկ Կինը՝ Սարեփթա քաղաքէն այրի կին մըն է եւ տղան իր որդին է։ Օր մը տղան կը հիւանդանայ։ Ան երթալով կը վատթարանայ եւ վերջապէս կը մեռնի։ Այն ատեն Եղիա կ’ըսէ կնկան. ‘Տղադ ինծի տուր’։

Եղիան մեռած տղան վերի սենեակը կը հանէ եւ անկողինին վրայ կը դնէ։ Յետոյ ան կ’աղօթէ. ‘Ո՛վ Եհովա, տղան դարձեալ թող ապրի’։ Տղան կը սկսի շնչել։ Անկէ ետք Եղիա զինք դարձեալ վար կ’իջեցնէ եւ կ’ըսէ կնկան. ‘Ահաւասիկ, տղադ ողջ է’։ Ասոր համար է որ մայրը շատ ուրախ է։

Եհովայի ուրիշ մէկ կարեւոր մարգարէներէն մէկն է Եղիսէ։ Ան Եղիայի օգնականն է։ Բայց ժամանակի ընթացքին Եհովա Եղիսէն ալ կը գործածէ որ հրաշքներ ընէ։ Օր մը Եղիսէ կ’երթայ Սիւնամա քաղաքը ուր կին մը շատ ազնուութիւն ցոյց կու տայ իրեն հանդէպ։ Յետոյ այս կինը մանչ զաւակ մը կ’ունենայ։

Զաւկին մեծնալէն ետք, առաւօտ մը ան դաշտին մէջ աշխատող իր հօրը քով կ’երթայ։ Յանկարծ տղան կը պոռայ. ‘Գլո՛ւխս կը ցաւի’։ Տուն բերելէն ետք, տղան կը մեռնի։ Մայրը շա՜տ կը տխրի։ Ան շուտով կ’երթայ եւ Եղիսէն կը բերէ։

Եղիսէ երբ կու գայ, մեռած տղուն սենեակը կ’երթայ։ Ան Եհովայի կ’աղօթէ եւ տղուն մարմնին վրայ կը պառկի։ Շուտով տղուն մարմինը կը տաքնայ եւ ան եօթը անգամ կը փռնգտայ։ Մայրը որքա՜ն կ’ուրախանայ երբ ներս կը մտնէ եւ տղան ողջ կը գտնէ։

Շա՜տ, շատ մը անհատներ մեռած են։ Այս պատճառով անոնց ընտանիքը եւ բարեկամները տխրած են։ Մենք զօրութիւն չունինք մեռելները յարուցանելու, բայց Եհովան ունի։ Հետագային պիտի սորվինք թէ Աստուած ի՛նչպէս միլիառաւոր մարդիկը ետ կեանքի պիտի բերէ։