ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 76
Երուսաղէմը կը կործանի
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ Թագաւոր բոլոր լաւագոյն ուսում ունեցող Իսրայելացիները Բաբելոն տանելէն 10 տարի կ’անցնի։ Հիմա նայեցէք թէ ի՛նչ կը պատահի։ Երուսաղէմը կ’այրի եւ տակաւին ողջ մնացած Իսրայելացիները որպէս բանտարկեալներ Բաբելոն կ’աքսորուին։
Յիշեցէք որ Եհովայի մարգարէները ասոր մասին ազդարարեցին ժողովուրդը, ըսելով թէ քաղաքը պիտի կործանէր, եթէ անոնք իրենց գէշ ճամբաները չփոխէին։ Բայց Իսրայելացիները մտիկ չըրին մարգարէներուն։ Անոնք շարունակեցին կեղծ աստուածներ պաշտել՝ փոխանակ Եհովան։ Ուստի ժողովուրդը այս պատիժին արժանի են։ Ասիկա գիտենք քանի որ Աստուծոյ Եզեկիէլ մարգարէն մեզի կը պատմէ թէ Իսրայելացիները ինչ չարութիւններ կ’ընէին։
Գիտէ՞ք ով է Եզեկիէլ։ Ան Երուսաղէմի այս մեծ կործանումը տեղի ունենալէն 10 տարի առաջ, Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին Բաբելոն տարած երիտասարդներէն մէկն է։ Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով ալ նոյն ատեն Բաբելոն տարուած էին։
Երբ Եզեկիէլ տակաւին Բաբելոնի մէջ է, Եհովա իրեն ցոյց կու տայ Երուսաղէմի տաճարին մէջ տեղի ունեցող չար բաները։ Եհովա ասիկա հրաշքով մը կ’ընէ։ Եզեկիէլ իրապէս տակաւին Բաբելոնի մէջ կը գտնուի, բայց Եհովա թոյլ կու տայ որ ան տեսնէ տաճարին մէջ տեղի ունեցող ամէն բան։ Իսկ Եզեկիէլի տեսածը ցնցի՛չ է։
‘Նայէ այդ զզուելի բաներուն զորս ժողովուրդը հոս տաճարին մէջ կ’ընեն’, կ’ըսէ Եհովա Եզեկիէլին։ ‘Նայէ օձերու եւ ուրիշ անասուններու պատկերներով ծածկուած պատերուն։ Եւ նայէ զանոնք պաշտող Իսրայելացիներուն’։ Եզեկիէլ այս բաները կը տեսնէ եւ պատահածը գրի կ’առնէ։
‘Կը տեսնե՞ս Իսրայէլի առաջնորդները գաղտաբար ինչ կ’ընեն’, կը հարցնէ Եհովա Եզեկիէլին։ Այո, ան ասիկա ալ կը տեսնէ։ 70 մարդ որոնք կեղծ աստուածներ կը պաշտեն։ Անոնք կ’ըսեն. ‘Եհովան մեզ չի տեսներ։ Ան երկիրը լքած է’։
Յետոյ Եհովա Եզեկիէլի ցոյց կու տայ տաճարին հիւսիսային դրան կողմը գտնուող կարգ մը կիներ։ Անոնք հոն նստած, Թամուզ չաստուածը կը պաշտեն։ Եզեկիէլ կը տեսնէ նաեւ Եհովայի տաճարին մուտքին գտնուող մարդիկ։ Անոնք 25 հոգի են, որոնք արեւելք դարձած, արեւուն երկրպագութիւն կ’ընեն։
‘Այս մարդիկը յարգանք չունին ինծի հանդէպ’, կ’ըսէ Եհովա։ ‘Անոնք չարութիւն կ’ընեն, անիկա ալ իմ տաճարիս մէջ’։ Ուստի Եհովա կը խոստանայ. ‘Անոնք իմ բարկութեանս զօրութիւնը պիտի զգան եւ անոնց պիտի չմեղքնամ երբ կործանին’։
Եհովա այս բաները Եզեկիէլի ցոյց տալէ երեք տարի ետք, Իսրայելացիները կ’ըմբոստանան Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին դէմ։ Ուստի ան անոնց դէմ պատերազմելու կու գայ։ Մէկուկէս տարի ետք, Բաբելոնացիները Երուսաղէմի պարիսպները կը ծակեն եւ քաղաքը լման կ’այրեն։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը սպաննուի կամ որպէս բանտարկեալներ Բաբելոն կ’աքսորուին։
Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ այս սարսափելի կործանումը գայ Իսրայելացիներուն վրայ։ Քանի որ անոնք Եհովայի մտիկ ըրած եւ իր օրէնքներուն հնազանդած չեն։ Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ որքան կարեւոր է միշտ կատարել Աստուծոյ ըսածը։
Նախ, թոյլ կը տրուի որ շատ քիչ անհատներ մնան Իսրայէլ երկրին մէջ։ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր Գոդողիա անուն Հրեայ մը այս ժողովուրդին վրայ կուսակալ կը դնէ։ Բայց կարգ մը Իսրայելացիներ կը սպաննեն Գոդողիան։ Արդ ժողովուրդը կը վախնան որ Բաբելոնացիները գան եւ զիրենք կործանեն այս չար արարքին համար։ Ուստի անոնք կը ստիպեն որ Երեմիան իրենց հետ երթայ եւ Եգիպտոս կը փախչին։
Այս կերպով ամբողջ Իսրայէլ երկիրը ամայի կը մնայ։ 70 տարի ոչ ոք կ’ապրի երկրին մէջ։ Անիկա ամբողջովին ամայի է։ Բայց Եհովա կը խոստանայ որ 70 տարի ետք իր ժողովուրդը պիտի վերադարձնէ իրենց երկիրը։ Մինչ այդ, ի՞նչ կը պատահի Աստուծոյ ժողովուրդին Բաբելոնի գերութեան ընթացքին։ Տեսնենք։