Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 69

Աղջնակի մը համարձակութիւնը

Աղջնակի մը համարձակութիւնը

ԳԻՏԷ՞Ք այս պզտիկ աղջիկը ինչ կ’ըսէ։ Ան իր տիկնոջ կը պատմէ Եհովայի մարգարէին՝ Եղիսէի եւ Եհովայի օգնութեամբ անոր կատարած հոյակապ գործերուն մասին։ Տիկինը Եհովայի մասին գաղափար չունի, քանի որ ան Իսրայելացի մը չէ։ Տեսնենք ուրեմն, որ այս աղջնակը ինչո՛ւ այս տիկնոջ տան մէջ կը գտնուի։

Այս տիկինը Սուրիացի է։ Իր ամուսինը՝ Նէեմանը, Սուրիական բանակին հրամանատարն է։ Սուրիացիները այս աղջնակը գերի բռնած էին եւ ան Նէեմանի կնոջ բերուեցաւ անոր ծառան ըլլալու համար։

Նէեման շատ գէշ հիւանդութիւն մը ունի, որ կը կոչուի բորոտութիւն։ Այս հիւանդութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատի մը մարմնին միսերը թափին։ Ուստի այս աղջնակը հետեւեալը կ’ըսէ Նէեմանի կնոջ. ‘Երանի թէ իմ տէրս Իսրայէլի մէջ Եհովայի մարգարէին քով երթար, ան պիտի բուժէր զինք իր բորոտութենէն’։ Հետագային ամուսինը կը տեղեկանայ աղջնակին ըսածներուն։

Նէեման շատ կ’ուզէ բժշկուիլ։ Ուստի կ’որոշէ Իսրայէլ երթալ։ Երբ հոն կը հասնի, ան կ’ուղղուի դէպի Եղիսէի տունը։ Եղիսէ իր ծառան կը ղրկէ որպէսզի Նէեմանի ըսէ որ երթայ Յորդանան Գետին մէջ եօթը անգամ լուացուի։ Նէեման շատ բարկանալով, կ’ըսէ. ‘Իմ երկրիս գետերը Իսրայէլի գետերէն շատ աւելի լաւ են’։ Ասիկա ըսելով Նէեման կը վերադառնայ։

Սակայն իր ծառաներէն մէկը կ’ըսէ իրեն. ‘Տէ՛ր, եթէ Եղիսէ քեզմէ աւելի դժուար բան մը խնդրած ըլլար, պիտի ընէ՛իր անիկա։ Հիմա ինչո՞ւ իր ըսածին պէս չես լուացուիր’։ Նէեման մտիկ կ’ընէ իր ծառային եւ կ’երթայ ու Յորդանան Գետ կը մտնէ եօթը անգամ։ Եօթը անգամ լուացուելէ ետք անոր մարմինը կ’առողջանայ։

Նէեման շատ կ’ուրախանայ։ Ան կը վերադառնայ Եղիսէի ու կ’ըսէ անոր. ‘Հի՛մա վստահ եմ որ Իսրայէլի Աստուածը ամբողջ երկրին մէջ գտնուող միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ Ուստի, հաճիս, այս նուէրը ընդունէ ինծմէ’։ Բայց Եղիսէ կը պատասխանէ. ‘Ո՛չ, չեմ ընդունիր զանիկա’։ Եղիսէ գիտէ թէ սխալ պիտի ըլլար այդ նուէրը ընդունիլ, քանի որ Եհովա՛ բուժած էր Նէեմանը։ Բայց Եղիսէի ծառան՝ Գէեզին կ’ուզէ ստանալ նուէրը։

Նայեցէք թէ Գէեզին ի՛նչ կ’ընէ։ Նէեմանի մեկնելէն ետք, Գէեզին անոր ետեւէն կը վազէ։ ‘Եղիսէն ինծի կը ղրկէ որպէսզի քեզի ըսեմ որ այդ նուէրէն մաս մը տաս իր բարեկամներուն համար, որոնք այցելութեան եկան’, կ’ըսէ ան։ Ասիկա, անշուշտ, սուտ մըն է։ Բայց Նէեման չի գիտեր որ ասիկա սուտ մըն է. ուստի ան Գէեզիին կու տայ նուէրներէն մաս մը։

Երբ Գէեզի տուն կը վերադառնայ, Եղիսէ արդէն տեղեակ է անոր ըրածէն։ Եհովան իրեն ըսած է։ Ուստի ան կ’ըսէ. ‘Քանի որ այս գէշ բանը ըրիր, Նէեմանի բորոտութիւնը քու վրադ պիտի գայ’։ Անմիջապէս ըսածը կը կատարուի։

Այս բոլորէն ի՞նչ կը սորվինք։ Նախ, կը սորվինք որ մենք այս աղջնակին պէս պէտք է ըլլանք եւ Եհովայի մասին խօսինք։ Ասիկա շատ մը օգուտներ կը բերէ։ Երկրորդ, հպարտ պէտք չէ ըլլանք, ինչպէս որ սկիզբը Նէեման էր, այլ՝ պէտք է հնազանդինք Աստուծոյ ծառաներուն։ Իսկ երրորդ, պէտք չէ ստենք Գէեզիին նման։ Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք, շատ մը բաներ կը սորվինք, այդպէս չէ՞։