Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 63

Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը

Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը

ՍՈՂՈՄՈՆ պատանի մըն է երբ թագաւոր կ’ըլլայ։ Ան կը սիրէ Եհովան եւ իր հօր՝ Դաւիթի իրեն տուած իմաստուն խրատին կը հետեւի։ Եհովա կը հաճի Սողոմոնի եւ գիշեր մը երազի մը մէջ անոր կ’ըսէ. ‘Սողոմոն, ի՞նչ կ’ուզես որ տամ քեզի’։

Ասոր վրայ Սողոմոն կը պատասխանէ. ‘Ո՛վ Եհովա, իմ Աստուածս, ես շատ երիտասարդ եմ եւ չեմ գիտեր ի՛նչպէս կառավարել։ Ուստի ինծի իմաստութիւն տուր որպէսզի քու ժողովուրդդ շիտակ կերպով կառավարեմ’։

Եհովա կը հաւնի Սողոմոնի խնդրանքը։ Ուստի ան կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուն իմաստութիւն խնդրեցիր եւ ոչ թէ երկար կեանք կամ հարստութիւն, ես ոեւէ մէկէն աւելի իմաստութիւն պիտի տամ քեզի։ Բայց պիտի տամ քեզի նաեւ ինչ որ չխնդրեցիր ինծմէ, թէ՛ հարստութիւն եւ թէ փառք’։

Կարճ ժամանակ ետք, երկու կիներ կու գան Սողոմոնի քով դժուար հարցով մը։ ‘Այս կինը եւ ես նոյն տան մէջ կ’ապրինք’, կը բացատրէ անոնցմէ մէկը։ ‘Ես մանչ զաւակ մը ունեցայ եւ երկու օր վերջ ինքն ալ մանչի մը ծնունդ տուաւ։ Ապա օր մը իր զաւակը մեռաւ։ Բայց երբ ես քուն մտայ, ան իր մեռած զաւակը քովս դրաւ եւ իմ մանուկս առաւ։ Երբ ես արթնցայ եւ մեռած մանուկին նայեցայ, տեսայ թէ ան իմ զաւակս չէր’։

Ասոր վրայ, միւս կինը կ’ըսէ. ‘Ո՛չ, ողջ մանուկը իմս է, իսկ մեռածը՝ իրը’։ Առաջին կինը կ’ըսէ. ‘Ո՛չ, մեռածը քուկդ է, իսկ ողջը՝ իմս’։ Այս կերպով անոնք կը վիճաբանին։ Սողոմոն ի՞նչ պիտի ընէ։

Ան սուր մը բերել կու տայ եւ կ’ըսէ. ‘Ողջ մանուկը երկուքի կիսեցէք եւ իւրաքանչիւր կէսը մէկուն տուէք’։

‘Ո՜չ’, կը գոչէ իրական մայրը։ ‘Հաճի՛ք, մի՛ սպաննէք մանուկը։ Իրե՛ն տուէք’։ Բայց միւս կինը կ’ըսէ. ‘Մեզմէ ո՛չ մէկուն տուէք զայն, երկուքի կիսեցէք’։

Վերջապէս Սողոմոն կը խօսի. ‘Մանուկը մի՛ սպաննէք։ Զայն առաջին կնկան տուէք։ Ան է իրական մայրը’։ Սողոմոն ասիկա կը գիտնայ քանի որ իրական մայրը այնքան կը սիրէ իր զաւակը, որ կը յօժարի զայն միւս կնոջ տալ, քան թէ թոյլ տալ որ սպաննուի։ Երբ ժողովուրդը կը լսեն թէ Սողոմոն խնդիրը ի՛նչպէս լուծեց, կ’ուրախանան որ այսպիսի իմաստուն թագաւոր մը ունին։

Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, Աստուած կ’օրհնէ ժողովուրդը, պատճառ ըլլալով որ երկիրը առատ ցորեն, գարի, խաղող, թուզ եւ ուրիշ ուտելիք տայ։ Ժողովուրդը լաւ հագուստներ կը հագնին եւ լաւ տուներու մէջ կը բնակին։ Ամենուն համար պէտք եղածէն աւելի ճոխութիւն կայ։