Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 80

Աստուծոյ ժողովուրդը Բաբելոնէն դուրս կ’ելլեն

Աստուծոյ ժողովուրդը Բաբելոնէն դուրս կ’ելլեն

ԲԱԲԵԼՈՆԸ Մարերուն եւ Պարսիկներուն կողմէ գրաւուելէն մօտաւորապէս երկու տարի անցած է։ Նայեցէք հիմա ի՛նչ կը պատահի։ Այո, Իսրայելացիները Բաբելոնէն դուրս կ’ելլեն։ Անոնք ինչպէ՞ս ազատագրուեցան եւ ո՞վ իրենց արտօնեց որ երթան։

Կիւրոս, Պարսկաստանի թագաւորը արտօնեց։ Կիւրոս աշխարհ գալէ շատ առաջ, Աստուած իր Եսայի մարգարէին ըսաւ որ գրէ անոր մասին. ‘Դուն իմ կամքս պիտի ընես։ Քաղաքը գրաւելու համար քու առջեւդ դռները բաց պիտի ձգուին’։ Բաբելոնը գրաւելու մէջ իրապէս Կիւրոս առաջնորդութիւնը առաւ։ Մարերը եւ Պարսիկները գիշերով քաղաքը մտան բաց ձգուած դռներէն։

Սակայն Եհովայի մարգարէն՝ Եսայի՝ նաեւ ըսաւ որ Կիւրոս Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը վերաշինելու հրաման պիտի տար։ Արդեօք Կիւրոս այսպիսի հրաման մը տուա՞ւ։ Այո. լսեցէք որ Կիւրոս ի՛նչ կ’ըսէ Իսրայելացիներուն. ‘Հիմա Երուսաղէմ գացէք եւ Եհովա ձեր Աստուծոյն տաճարը շինեցէք’։ Ասիկա ընելու համար է որ այս Իսրայելացիները ճամբայ կ’ելլեն։

Բայց Բաբելոնի մէջ գտնուող բոլոր Իսրայելացիներն ալ կարողութիւն չունին Երուսաղէմ դառնալու համար այս երկար ճամբորդութիւնը ընելու։ Ան երկար, շա՜տ երկար ճամբորդութիւն մըն է, մօտաւորապէս 800 քիլոմեթր եւ շատեր շատ տարեց կամ շատ հիւանդ են այս ճամբորդութեան ձեռնարկելու։ Իսկ ուրիշ պատճառներով ալ կարգ մը անհատներ չեն վերադառնար։ Բայց չվերադարձողներուն Կիւրոս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը վերաշինելու համար գացող ժողովուրդին արծաթ, ոսկի եւ այլ ընծաներ տուէք’։

Ուստի, Երուսաղէմ վերադարձող Իսրայելացիներուն շատ մը ընծաներ կը տրուին։ Նաեւ, Կիւրոս անոնց կու տայ Երուսաղէմի կործանումին Եհովայի տաճարէն Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին բերած անօթները եւ գաւաթները։ Ժողովուրդը իրենց հետ տանելիք բաւական բեռ կ’ունենան։

Մօտ չորս ամիս ճամբորդելէ ետք, Իսրայելացիները ճիշդ ժամանակին Երուսաղէմ կը հասնին։ Քաղաքին կործանումէն եւ երկիրը ամբողջովին ամայի մնալէն ճիշդ 70 տարի անցած է։ Հիմա Իսրայելացիներ թէեւ իրենց երկիրը կը վերադառնան, սակայն անոնք դժուար ժամանակներ պիտի ունենան, ինչպէս պիտի տեսնենք։