Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 77

Անոնք երկրպագութիւն չըրին

Անոնք երկրպագութիւն չըրին

ԿԸ ՅԻՇԷ՞Ք որ խօսեցանք այս երեք երիտասարդներուն մասին։ Այո, անոնք Դանիէլի ընկերներն են, որոնք մերժեցին ուտել իրենց համար լաւ չեղած բաները։ Բաբելոնացիները զիրենք կոչեցին Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով։ Հիմա նայեցէք անոնց։ Արդեօք ինչո՞ւ միւսներուն նման երկրպագութիւն չեն ըներ այս հսկայ արձանին։ Տեսնենք։

Կը յիշէ՞ք այն օրէնքները զորս Եհովա անձամբ գրեց եւ որոնք կոչուեցան Տասը Պատուիրաններ։ Անոնցմէ առաջինն է. ‘Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ պէտք չէ պաշտես’։ Հոս գտնուող երիտասարդները այս օրէնքին կը հնազանդին, հակառակ անոր որ դժուար կացութեան մը մէջ են։

Նաբուգոդոնոսոր, Բաբելոնի թագաւորը, շատ մը կարեւոր անձնաւորութիւններ կանչած է որպէսզի իր կանգնեցուցած այս արձանը պատուեն։ Ան տակաւին նոր յայտարարած է, ամբողջ ժողովուրդին ըսելով. ‘Երբ լսէք փողերուն, քնարներուն եւ միւս նուագարաններուն ձայները, պիտի խոնարհիք եւ այս ոսկիէ արձանը պաշտէք։ Ո՛վ որ չխոնարհի եւ չպաշտէ այս արձանը, անմիջապէս պիտի նետուի վառող տաք հնոցին մէջ’։

Երբ Նաբուգոդոնոսոր կը գիտնայ թէ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով չեն խոնարհած, շատ կը զայրանայ։ Զանոնք իր առջեւ բերել կու տայ։ Անոնց խոնարհելու երկրորդ առիթ մըն ալ կու տայ։ Բայց երիտասարդները Եհովայի կը վստահին. ‘Մեր Աստուածը որու կը ծառայենք, կարող է մեզ ազատել’, կ’ըսեն անոնք Նաբուգոդոնոսորին։ ‘Բայց եթէ նոյնիսկ մեզ չազատէ, մենք քու ոսկիէ արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք’։

Ասիկա լսելով, Նաբուգոդոնոսոր աւելի կը զայրանայ։ Իր մօտ հնոց մը կայ, ուստի ան կը հրամայէ. ‘Հնոցը եօթը անգամ աւելի տաքցուցէք’։ Յետոյ իր բանակին ամենէն զօրաւոր մարդոց կ’ըսէ որ կապեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը ու հնոցին մէջ նետեն։ Հնոցը այնքան տաք է որ կտրիճ մարդիկը բոցերէն կը սպաննուին։ Բայց ի՞նչ կը պատահի հնոցին մէջ նետուած երեք երիտասարդներուն։

Թագաւորը հնոցին մէջ կը նայի եւ շատ կը զարհուրի։ ‘Մենք երեք մարդ չկապեցինք եւ զանոնք չնետեցի՞նք վառող տաք հնոցին մէջ’, կը հարցնէ ան։

‘Այո’, կը պատասխանեն իր ծառաները։

‘Բայց ես չորս մարդ կը տեսնեմ, որոնք կրակին մէջ կը պտըտին։ Անոնք կապուած չեն եւ բոցերը չեն վնասեր իրենց։ Իսկ չորրորդը աստուծոյ մը կը նմանի’, կ’ըսէ ան։ Թագաւորը հնոցին դրան աւելի կը մօտենայ եւ կը կանչէ. ‘Ո՛վ Բարձրեալ Աստուծոյ ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս եկէք’։

Երբ անոնք դուրս կու գան, ամէն մարդ կը տեսնէ որ անոնք չեն վնասուած։ Ապա թագաւորը կ’ըսէ. ‘Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի Աստուածը օրհնեալ ըլլայ։ Ան իր հրեշտակը ղրկած է եւ զիրենք ազատած է, քանի որ անոնք իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ աստուծոյ մը երկրպագութիւն չըրին եւ պաշտամունք չտուին’։

Ասիկա Եհովայի հանդէպ հաւատարմութեան գեղեցիկ օրինակ մը չէ՞ մեզի համար։