Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Զ

Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ իր մահը

Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ իր մահը

Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամ անունով գեղեցիկ երիտասարդուհիի մը ղրկուեցաւ։ Ան անոր ըսաւ թէ զաւակ մը պիտի ունենար, որ յաւիտեան պիտի թագաւորէր։ Մանուկը՝ Յիսուս՝ ախոռի մը մէջ ծնաւ, ուր հովիւներ իրեն այցելեցին։ Հետագային, Արեւելքէն աստղ մը կարգ մը մարդիկ առաջնորդեց դէպի երախան։ Կը սորվինք թէ ո՛վ պատճառ եղաւ որ անոնք այդ աստղը տեսնեն եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս փրկուեցաւ զինք սպաննելու ջանքերէն։

Ապա, Յիսուսը կը գտնենք, երբ 12 տարեկան էր, որ տաճարին մէջ ուսուցիչներուն հետ կը խօսէր։ Տասնըութը տարի ետք, Յիսուս մկրտուեցաւ, ապա Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ ուսուցանելու գործին սկսաւ, որու համար Աստուած զինք երկիր ղրկած էր։ Այս գործին մէջ իրեն օգնելու համար, Յիսուս 12 մարդիկ ընտրեց եւ զանոնք իր առաքեալները ըրաւ։

Յիսուս նաեւ շատ մը հրաշքներ ըրաւ։ Ան հազարաւոր մարդիկ կերակրեց միայն քանի մը պզտիկ ձուկերով եւ քանի մը նկանակներով։ Ան հիւանդներ բժշկեց եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուց։ Վերջապէս, կը սորվինք իր կեանքին վերջին օրը Յիսուսի պատահած շատ մը դէպքերուն եւ սպանութեան մասին։ Յիսուս քարոզեց երեքուկէս տարի. ուստի ՄԱՍ Զ.–ը աւելի քան 34 տարիներու շրջան մը կը ծածկէ։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 84

Հրեշտակ մը Մարիամի կ’այցելէ

Ան Աստուծմէ պատգամ մը կը բերէ։ Մարիամ պիտի ծնանի մանուկ մը, որ յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 85

Յիսուս ախոռի մը մէջ կը ծնի

Ապագայ թագաւոր մը ինչո՞ւ պիտի ծնէր տեղ մը, ուր անասունները կը կերակրուին

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 86

Աստղ մը մարդիկը կ’առաջնորդէ

Ո՞վ մոգերը դէպի Յիսուսը առաջնորդեց։ Պատասխանը կրնայ քեզ զարմացնել։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 87

Պատանի Յիսուս տաճարին մէջ

Ուսուցիչները, որոնք տաճարին մէջ կը սորվեցնէն կը զարմանան պատանի Յիսուսը լսելով։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 88

Յովհաննէս Յիսուսը կը մկրտէ

Յովհաննէս մեղաւորները կը մկրտէ, բայց Յիսուս բնաւ մեղք չէ գործած։ Յովհաննէս ինչո՞ւ մկրտեց զինք։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 89

Յիսուս տաճարը կը մաքրէ

Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը թոյլ կու տայ որ ան բարկանայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 90

Հորին մօտ կնոջ մը հետ

Յիսուսի առաջարկած չուրը ինչպէ՞ս թոյլ պիտի չտայ որ կինը անգամ մը եւս ծարաւի։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 91

Յիսուս լերան մը վրայ կը սորվեցնէ

Իմաստութիւն ձեռք ձգէ իր Լերան քարոզէն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 92

Յիսուս մեռելներ կը յարուցանէ

Աստուծոյ ուժին օգնութեամբ, Յիսուս երկու պարզ խօսքեր ըսաւ եւ Յայրոսին աղջիկը յարուցանեց։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 93

Յիսուս մեծ բազմութիւն մը կը կերակրէ

Հրաշքով հազարաւորներ կերակրելով Յիսուս ի՞նչ կարեւոր բան ցոյց տուաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 94

Յիսուս երախաները կը սիրէ

Յիսուս առաքեալներուն կը սորվեցնէ թէ սորվելիք շատ բան ունին երախաներէն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 95

Յիսուսի սորվեցուցած կերպը

Բարի սամարացիին մասին առակը Յիսուսի յաճախ գործածած ուսուցման կերպին մէկ օրինակն է։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 96

Յիսուս հիւանդներ կը բուժէ

Յիսուս իր կատարած բոլոր հրաշքներով ի՞նչ բան կ’իրագործէ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 97

Յիսուս որպէս Թագաւոր կու գայ

Մեծ բազմութիւն մը Յիսուսը կը դիմաւորեն, բայց ո՛չ բոլորը անոր համար ուրախ են։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 98

Ձիթենեաց լերան վրայ

Յիսուս իր առաքեալներէն չորսին կ’ըսէ թէ մեր օրերուն ի՛նչ բաներ պիտի պատահին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 99

Վերնայարկ սենեակի մը մէջ

Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն կ’ըսէ թէ այս յատուկ ընթրիքը ամէն տարի ընեն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 100

Յիսուս պարտէզին մէջ

Յուդա ինչո՞ւ Յիսուսը համբոյրով մը մատնեց։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 101

Յիսուս կը սպաննուի

Մինչ ցիցին վրայ մահապատիժի կ’ենթարկուէր, ան դրախտին մասին խոստում մը ըրաւ։W