Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 91

Յիսուս լերան մը վրայ կը սորվեցնէ

Յիսուս լերան մը վրայ կը սորվեցնէ

ՅԻՍՈՒՍԻ նայեցէք, որ նստած է հոս։ Ան այս բոլոր մարդոց կը սորվեցնէ Գալիլիոյ մէջ լերան մը վրայ։ Իր շուրջ աւելի մօտը նստողները իր աշակերտներն են։ Յիսուս անոնցմէ 12 հոգի ընտրած է առաքեալներ ըլլալու համար։ Առաքեալները Յիսուսի մասնաւոր աշակերտներն են։ Գիտէ՞ք անոնց անունները։

Կայ Սիմոն Պետրոսը եւ իր եղբայրը՝ Անդրէասը։ Յետոյ կան Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը որոնք եղբայրներ են։ Ուրիշ առաքեալի մը անունն ալ Յակոբոս է եւ ուրիշ մը դարձեալ կը կոչուի Սիմոն։ Երկու առաքեալներ Յուդա կը կոչուին, մէկը՝ Իսկարիովտացի Յուդան է, իսկ միւսը կը կոչուի նաեւ՝ Թադէոս։ Ապա կան Փիլիպպոսը եւ Նաթանայէլը (որ նաեւ կը կոչուի Բարթողիմէոս) եւ Մատթէոսը ու Թովմասը։

Սամարիայէն վերադառնալէ ետք, Յիսուս առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ քարոզել. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’։ Գիտէ՞ք ինչ է այդ թագաւորութիւնը։ Անիկա Աստուծոյ իրական կառավարութիւնն է, որու թագաւորն է՝ Յիսուս։ Ան երկնքէն պիտի իշխէ եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ ամբողջ երկիրը գեղեցիկ դրախտի մը պիտի վերածուի։

Հոս Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ թագաւորութեան մասին։ ‘Այսպէս պէտք է աղօթէք’, կը բացատրէ ան։ ‘Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ։ Քու թագաւորութիւնդ գայ։ Քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’։ Շատեր ասիկա կը կոչեն ‘Տէրունական Աղօթք’։ Իսկ ուրիշներ զայն կը կոչեն ‘Հայր Մեր’։ Կրնա՞ք դուք այս բոլոր աղօթքը արտասանել։

Յիսուս նաեւ մարդոց կը սորվեցնէ թէ իրարու հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուին։ ‘Ուրիշներուն ըրէք ինչ որ կ’ուզէք որ ձեզի ընեն’, կ’ըսէ ան։ Չէ՞ք ախորժիր երբ ուրիշներ ձեզի հետ ազնուութեամբ կը վարուին։ Ուստի, Յիսուս կ’ըսէ որ մենք ալ ուրիշներու հետ ազնուութեամբ պէտք է վարուինք։ Սքանչելի պիտի չըլլա՞յ երբ երկրային դրախտին մէջ ամէն մարդ իրարու հետ ազնիւ ըլլայ։

Մատթէոս 5–7 գլուխներ. 10։1–4