Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 101

Յիսուս կը սպաննուի

Յիսուս կը սպաննուի

ՆԱՅԵՑԷՔ ի՜նչ սարսափելի բան կը պատահի։ Յիսուս կը սպաննուի։ Զինք ցիցի մը վրայ դրած են, իր ձեռքերը եւ ոտքերը գամելով։ Ինչո՞ւ այս չարութիւնը ըրին Յիսուսի։

Քանի որ կարգ մը անհատներ կ’ատեն Յիսուսը։ Գիտէ՞ք անոնք որոնք են։ Անոնցմէ մէկը Բանսարկու Սատանան՝ ամբարիշտ հրեշտակն է։ Ան պատճառ եղաւ որ Ադամ ու Եւա Եհովայի անհնազանդ գտնուին։ Դարձեալ Սատանան պատճառ կ’ըլլայ որ Յիսուսի թշնամիները այս սարսափելի ոճիրը գործեն։

Ցիցին վրայ գամելէ առաջ, Յիսուսի թշնամիները կը չարչարեն զինք։ Կը յիշէ՞ք անոնք ինչպէ՛ս եկան Գեթսեմանի պարտէզը եւ զինք ձերբակալեցին։ Որո՞նք էին այդ թշնամիները։ Անոնք կրօնական առաջնորդներն էին։ Լաւ, տեսնենք թէ յետոյ ի՛նչ կը պատահի։

Երբ կրօնական առաջնորդները Յիսուսը կը ձերբակալեն, իր առաքեալները կը փախչին։ Անոնք Յիսուսը առանձին կը ձգեն իր թշնամիներուն հետ, քանի որ շատ կը վախնան։ Բայց Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները շատ հեռու չեն երթար։ Անոնք կը հետեւին անոնց, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կը պատահի Յիսուսի։

Քահանաները Յիսուսը կը տանին տարեց Աննային որ նախկին քահանայապետն էր։ Ամբոխը երկար չի կենար հոն։ Ապա անոնք Յիսուսը կը տանին Կայիափայի տունը, որ այն ատենուայ քահանայապետն է։ Շատ մը կրօնական առաջնորդներ կը հաւաքուին անոր տան մէջ։

Կայիափայի տան մէջ անոնք Յիսուսը դատի կը քաշեն։ Մարդիկ կը բերուին որպէսզի սուտեր խօսին Յիսուսի մասին։ Բոլոր կրօնական առաջնորդներն ալ կ’ըսեն. ‘Յիսուս մահուան պէտք է դատապարտուի’։ Ապա անոնք իր երեսը կը թքեն եւ բռունցքներով կը զարնեն։

Մինչ այս բոլոր բաները կը կատարուին, Պետրոս դուրսը՝ բակն է։ Ցուրտ գիշեր մըն է, ուստի ժողովուրդը կրակ կը վառեն։ Մինչ անոնք կրակին շուրջ կը տաքնան, աղախին մը կը նայի Պետրոսի եւ կ’ըսէ. ‘Այս մարդն ալ Յիսուսին հետ էր’։

‘Ո՛չ, ես իրեն հետ չէի’, կը պատասխանէ Պետրոս։

Երեք անգամ, մարդիկ Պետրոսի կ’ըսեն թէ ինք Յիսուսին հետ էր։ Բայց իւրաքանչիւր անգամ Պետրոս կը ժխտէ։ Երրորդ անգամ երբ Պետրոս կը ժխտէ, Յիսուս կը դառնայ ու իրեն կը նայի։ Պետրոս խորապէս ցաւ կը զգայ այս սուտերը ըսելուն համար եւ կը հեռանայ ու կու լայ։

Երբ Ուրբաթ առաւօտուն արեւը կը սկսի ծագիլ, քահանաները Յիսուսը կը տանին իրենց հանդիպման մեծ վայրը՝ Սենետրիոնի սրահը։ Հոն անոնք կը խորհրդակցին թէ ի՛նչ ընեն Յիսուսի։ Զինք կը տանին Յուդայի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին։

‘Ասիկա չար մարդ մըն է’, կ’ըսեն քահանաները Պիղատոսի։ ‘Ան պէտք է սպաննուի’։ Յիսուսի հարցումներ ուղղելէ ետք, Պիղատոս կ’ըսէ. ‘Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ’։ Ապա Պիղատոս Յիսուսը կը ղրկէ Հերովդէս Անթիպասի։ Հերովդէս Գալիլիոյ կառավարիչն է, բայց ան Երուսաղէմ կը մնայ։ Հերովդէս ալ Յիսուսի վրայ յանցանք մը չի գտներ, ուստի ան ետ կը ղրկէ Պիղատոսի։

Պիղատոս կ’ուզէ Յիսուսը արձակել։ Բայց Յիսուսի թշնամիները կ’ուզեն որ ուրիշ բանտարկեալ մը անոր տեղ արձակուի։ Այդ բանտարկեալը Բարաբբայ աւազակն է։ Արդ, կէսօրուայ մօտ է երբ Պիղատոս Յիսուսը դուրս կը բերէ։ Ան Ժողովուրդին կ’ըսէ. ‘Ահա՛, ձեր թագաւորը’։ Բայց քահանայապետները կ’աղաղակեն. ‘Հեռացո՛ւր զինք։ Սպաննէ՛ զինք։ Սպաննէ՛ զինք’։ Ուստի Պիղատոս Բարաբբան կ’արձակէ եւ անոնք Յիսուսը կը տանին որպէսզի սպաննեն։

Ուրբաթ կէսօրէ ետք, անոնք Յիսուսը ցիցի մը վրայ կը գամեն։ Հոս պատկերին մէջ չէք տեսներ, բայց Յիսուսի երկու կողմերը ոճրագործներ ցիցերու վրայ մահուան կը դատապարտուին։ Յիսուսի մեռնելէն քիչ առաջ, ոճրագործներէն մէկը կ’ըսէ իրեն. ‘Զիս յիշէ երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս’։ Իսկ Յիսուս կը պատասխանէ. ‘Քեզի կը խոստանամ որ ինծի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’։

Ի՜նչ սքանչելի խոստում մը, այդպէս չէ՞։ Գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչպիսի դրախտի մը մասին կը խօսի։ Աստուած սկիզբը դրախտը ո՞ւր շինեց։ Այո, երկրի վրայ եւ երբ Յիսուս երկինքի մէջ որպէս թագաւոր իշխէ, այս մարդը ետ կեանքի պիտի բերէ որպէսզի երկրի վրայ նոր Դրախտը վայելէ։ Ասոր համար չե՞նք ուրախանար։