Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 99

Վերնայարկ սենեակի մը մէջ

Վերնայարկ սենեակի մը մէջ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ իրիկուն է հիմա, երկու օր ետք։ Յիսուս եւ իր 12 առաքեալները այս վերնայարկ մեծ սենեակին մէջ հաւաքուած են որպէսզի ուտեն Պասէքի ընթրիքը։ Դուրս ելլող անհատը որ կը տեսնէք՝ Իսկարիովտացի Յուդան է։ Ան կ’երթայ քահանաներուն ըսելու թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան Յիսուսը ձերբակալել։

Ճիշդ օր մը առաջ, Յուդա գնաց եւ անոնց հարցուց. ‘Ինծի ի՞նչ պիտի տաք եթէ ձեզի օգնեմ Յիսուսը բռնելու’։ Անոնք ըսին. ‘Երեսուն կտոր արծաթ’։ Ուստի հիմա Յուդա կ’երթայ այդ մարդիկը տեսնելու որպէսզի զանոնք առաջնորդէ Յիսուսին։ Ի՜նչ սարսափելի բան է, այդպէս չէ՞։

Պասէքի ընթրիքը կը վերջացնեն։ Բայց հիմա Յիսուս ուրիշ մասնաւոր ընթրիք մը կը սկսի։ Ան իր առաքեալներուն կու տայ հացի նկանակ մը եւ կ’ըսէ. ‘Ասիկա կերէք, քանի որ ասիկա կը նշանակէ իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի տրուի’։ Ապա ան անոնց կու տայ գաւաթ մը գինի եւ կ’ըսէ. ‘Ասիկա խմեցէք, քանի որ ասիկա կը նշանակէ իմ արիւնս որ ձեզի համար պիտի թափուի’։ Աստուածաշունչը ասիկա կը կոչէ ‘Տիրոջ ընթրիքը’։

Իսրայելացիները Պասէքը կերան, որ կը յիշեցնէր թէ Աստուծոյ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ իրենց տուներուն ‘վրայէն անցաւ’, բայց սպաննեց Եգիպտացիներու տուներուն մէջ գտնուող անդրանիկները։ Բայց հիմա Յիսուս կ’ուզէ որ իր հետեւորդները յիշեն թէ ինք ինչպէ՛ս իրենց համար իր կեանքը տուաւ։ Անոր համար անոնց կը պատուիրէ այս մասնաւոր ընթրիքը տօնել ամէն տարի։

Տիրոջ Ընթրիքը ուտելէն ետք, Յիսուս իր առաքեալներուն կ’ըսէ որ հաւատքի մէջ քաջ եւ զօրաւոր ըլլան։ Ապա անոնք Աստուծոյ փառաբանութեան երգեր երգելէ ետք կը մեկնին։ Ժամանակը շատ ուշ է, հաւանաբար կէս գիշերը անցած է։ Տեսնենք թէ անոնք ո՛ւր կ’երթան։