Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 85

Յիսուս ախոռի մը մէջ կը ծնի

Յիսուս ախոռի մը մէջ կը ծնի

ԳԻՏԷ՞Ք ով է այս մանուկը։ Այո, ան Յիսուսն է։ Ան տակաւին նոր ծնած է ախոռի մը մէջ։ Ախոռը տեղ մըն է, ուր անասուններ կը պահեն։ Մարիամ Յիսուսը կը դնէ մսուրին մէջ, որ էշերուն եւ ուրիշ անասուններուն համար ուտելիք դնելու տեղն է։ Բայց ինչո՞ւ Մարիամ եւ Յովսէփ հոս են, անասուններուն հետ։ Հոս երախայ մը ծնանելու տեղ չէ, այդպէս չէ՞։

Ոչ, հոս ծնանելու տեղ չէ։ Բայց ահաւասիկ թէ անոնք ի՛նչու հոս կը գտնուին. Հռովմի կառավարիչը՝ Օգոստոս Կայսրը օրէնք մը հանեց թէ ամէն մէկը իր ծնած քաղաքը պէտք է վերադառնայ եւ իր անունը արձանագրել տայ գրքի մը մէջ։ Արդ Յովսէփ ծնած էր Բեթլէհէմի մէջ։ Բայց երբ ինք եւ Մարիամ Բեթլէհէմ հասան, այլեւս իրենց համար սենեակ չէր մնացած։ Ուստի անոնք ստիպուած էին հոս գալ, անասուններուն քով։ Նոյն օրը Յիսո՛ւս ծնաւ։ Բայց, ինչպէս կը տեսնէք, ան առողջ է։

Կը տեսնէ՞ք Յիսուսը տեսնելու եկող հովիւները։ Անոնք գիշերը դաշտին մէջն էին եւ իրենց ոչխարներուն հոգ կը տանէին, յանկարծ փայլուն լոյս մը շողաց անոնց շուրջը։ Անիկա հրեշտակ մըն էր։ Հովիւները շատ վախցան։ Բայց հրեշտակը ըսաւ. ‘Մի՛ վախնաք։ Ես ձեզի աւետիս մը կու տամ։ Այսօր, Բեթլէհէմի մէջ, Քրիստոս Տէրը ծնաւ։ Ան մարդիկը պիտի փրկէ՛։ Դուք զինք պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մը մէջ դրուած’։ Յանկարծ շատ մը հրեշտակներ եկան եւ սկսան Աստուած փառաբանել։ Ուստի այս հովիւները հապճեպով եկան Յիսուսը տեսնելու, ու հոս գտած են զինք։

Գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչու այսքան մասնայատուկ մէկն է։ Գիտէ՞ք իրապէս ո՛վ է ան։ Այս գրքին առաջին պատմութեան մէջ խօսեցանք Աստուծոյ առաջին Որդւոյն մասին։ Այս Որդին Եհովայի հետ աշխատեցաւ երկինքը, երկիրը եւ մնացեալ բոլոր բաները շինելով։ Ահաւասիկ ո՛վ է Յիսուս։

Այո, Եհովա իր Որդւոյն կեանքը երկինքէն առաւ եւ զանիկա դրաւ Մարիամի արգանդին մէջ։ Անկէ անմիջապէս ետք, երախայ մը սկսաւ աճիլ Մարիամի արգանդին մէջ, ինչպէս ուրիշ երախաներ կ’աճին իրենց մօր արգանդին մէջ։ Բայց այս երախան Աստուծոյ Որդին էր։ Վերջապէս Յիսուս ծնաւ հոս, Բեթլէհէմի ախոռի մը մէջ։ Հիմա կը հասկնա՞ք թէ հրեշտակները ինչո՛ւ այսքան ուրախ էին մարդոց պատմելով թէ Յիսուս ծնած էր։