Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 90

Հորին մօտ կնոջ մը հետ

Հորին մօտ կնոջ մը հետ

ՅԻՍՈՒՍ Սամարիոյ մէջ հորի մը քով կեցած է հանգստանալու համար։ Իր աշակերտները քաղաք գացած են ուտելիք գնելու։ Այն կինը որու հետ Յիսուս կը խօսի եկած է ջուր քաշելու։ Յիսուս կ’ըսէ անոր. ‘Ինծի խմելու ջուր տուր’։

Ասիկա մեծապէս կը զարմացնէ կինը։ Գիտէ՞ք ինչու։ Քանի որ Յիսուս Հրեայ մըն է, իսկ կինը՝ Սամարացի մը եւ շատ մը Հրեաներ չեն սիրեր Սամարացիները։ Անոնք նոյնիսկ չեն ուզեր խօսի՛լ անոնց հետ։ Բայց Յիսուս կը սիրէ ամէն տեսակ մարդ։ Ուստի ան կ’ըսէ. ‘Եթէ գիտնայիր թէ ո՛վ էր քեզմէ ջուր խնդրողը, իրմէ պիտի խնդրէիր եւ ան քեզի պիտի տար կենաց ջուրը’։

‘Տէր’, կ’ըսէ կինը, ‘հորը խորունկ է եւ դուն դոյլ իսկ չունիս։ Ուրկէ՞ պիտի բերէիր այս կենաց ջուրը’։

‘Եթէ դուն այս հորին ջուրէն խմես դարձեալ պիտի ծառաւիս’, կը բացատրէ Յիսուս։ ‘Բայց այն ջուրը որ ես պիտի տամ, յաւիտեան կ’ապրեցնէ անհատը’։

‘Տէր’, կ’ըսէ կինը, ‘տուր ինծի այս ջուրը։ Անկէ ետք ալ բնաւ պիտի չծառաւիմ եւ կարիքը պիտի չունենամ ջուր քաշելու համար հոս գալ’։

Կինը կը խորհի թէ Յիսուս իրական ջուրի մասին կը խօսի։ Բայց ան կը խօսի Աստուծոյ եւ իր թագաւորութեան նկատմամբ ճշմարտութեան մասին։ Այս ճշմարտութիւնը կենաց ջուրի նման է։ Անիկա կրնայ յաւիտենական կեանք տալ անձի մը։

Արդ Յիսուս կ’ըսէ կնոջ. ‘Գնա՛ եւ քու ամուսինդ կանչէ եւ ե՛տ եկուր’։

‘Ես ամուսին չունիմ’, կը պատասխանէ ան։

‘Շիտակ ըսիր’, կ’ըսէ Յիսուս։ ‘Բայց դուն հինգ ամուսիններ ունեցած ես եւ այն մարդը որու հետ հիմա կ’ապրիս, քու ամուսինդ չէ’։

Կինը կ’ապշի, քանի որ այս բոլորը ճիշդ են։ Յիսուս ինչպէ՞ս գիտէ այս բաները։ Այո, քանի որ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած Խոստացեալն է եւ Աստուա՛ծ իրեն կու տայ այս տեղեկութիւնները։ Այս պահուն Յիսուսի աշակերտները կը վերադառնան եւ անոնք կը զարմանան որ ան Սամարացի կնոջ մը հետ կը խօսի։

Այս բոլորէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս ազնիւ է ամէն ցեղի պատկանող մարդոց հետ։ Մենք ալ այդպէս պէտք է ըլլանք։ Պէտք չէ՛ խորհինք որ կարգ մը անհատներ գէշ են, քանի որ անոնք ուրիշ ցեղի մը կը պատկանին։ Յիսուս կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ գիտնան յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութիւնը։ Մենք ալ պէտք է ուզենք մարդոց օգնել որ ճշմարտութիւնը սորվին։